Հայաստան- Թուրքիա կառավարութիւններու աջակցութեամբ, 2 Յունիսին Հայաստանի գործարար համայնքի ներկայացուցիչները հատեցին Հայաստան–Թուրքիա ցամաքային սահմանը եւ մեկնեցան Կարս`մասնակցելու Թուրքիոյ գործարար համայնքի ներկայացուցիչներու հետ հանդիպման։
Երկու երկրներու գործարար համայնքները ողջունած են Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ երկկողմ առեւտուրի մեկնարկի համար ձեւաւորուած բարենպաստ միջավայրը: Հանդիպման ընթացքին երկու երկրներու գործարար համայնքները, որոնք կը ներկայացնեն սննդամթերքի, խմիչքներու, շշալցուած ջուրերու, հիւթերու, մրգերու, ծխախոտի, շինարարութեան, զբօսաշրջութեան, ծաղկի արտադրութեան եւ այլ ոլորտները, ընդգծած են Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ առեւտուրի ոլորտին համագործակցութեան զգալի ներուժը եւ մտքեր փոխանակած ապագայ համագործակցութեան հեռանկարներու վերաբերեալ։



