Ճարտարապետութիւնը քարով արտայայտուած մտածողութիւն է, իսկ ճարտարապետը՝ իր ժամանակի, մշակոյթի եւ մարդկային փորձառութեան մեկնաբանը։ Անոր ստեղծած կառոյցներու նիւթական ձեւ կը ստանան ոչ միայն մասնագիտական գաղափարները, այլեւ այն արժէքները, որոնք ձեւաւորած են անոր ինքնութիւնը։ Արամ Ալաճաճեանի ստեղծագործական ուղին այս մտքի իւրօրինակ արտայայտութիւնն է։ Անոր ստեղծագործական ուղին այս մտքի իւրօրինակ արտայայտութիւնն է։ Զէյթունեան արմատները, հայկական ճարտարապետական կրթութիւնը ու ամերիկեան մասնագիտական միջավայրին կուտակած տասնամեակներու փորձը անոր աշխարհայեացքին մէջ միաւորուած են՝ ձեւաւորելով ինքնատիպ ճարտարապետական մտածողութիւն։ Անոր աշխատանքներուն առանձնայատուկ տեղ ունին մշակութային ինքնութեան, ժամանակակից միջավայրի եւ մարդու ու տարածութեան փոխյարաբերութեան հարցերը։ Այս մասնագիտական աշխարհայեացքի ձեւաւորման ակունքները պէտք է փնտռել անոր կենսագրութեան վաղ շրջանէն։
Ծնած է Երեւան։ 1977 թուականին աւարտած է Երեւանի փոլիտեխնիկական ինստիտուտի Ճարտարապետութեան ֆակուլտետը եւ մասնագիտական գործունէութեան սկսած «Երեւան նախագիծ» ինստիտուտի՝ անուանի ճարտարապետ Ճիմ Թորոսեանի ղեկավարութեամբ։ 1979-ին տեղափոխուած է Միացեալ Նահանգներ, որտեղ աշխատած է ճարտարապետական շարք մը հեղինակաւոր ընկերութիւններուն՝ մասնակցելով խոշոր քաղաքաշինական եւ ճարտարապետական նախագիծերու իրականացմանը։ 1985–1986 թթ. Սաքօ Մարկուսիի հետ հիմնած է «Alajajian Marcoosi Architects» ճարտարապետական ընկերութիւնը, որ յետագային իրականացուցած է բազմաթիւ նախագիծեր Գալիֆորնիա եւ այլ երկրներու մէջ։ Ալաճաճեանի մասնագիտական գործունէութիւնը կ՚ընդգրկէ եկեղեցական, մշակութային, հասարակական, հիւրանոցային եւ բնակելի կառոյցներու նախագծով։ Անոր նշանակելի աշխատանքներէն են Կլենտելի Սուրբ Գրիգոր Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանի շէնքը եւ Հայ-Ամերիկեան Թանգարանի ու Մշակութային Կեդրոնի նախագիծը։ Մասնակցած է նաեւ Գալիֆորնիոյ մի շարք խոշոր նախագիծերուն, այդ թուին՝ Լոս Անճելէսի «California Plaza»-ի եւ «Ժամանակակից Արուեստի Թանգարանի» նախագծային աշխատանքներուն։ Ճարտարապետական գործունէութեան համար արժանացած է մասնագիտական մրցանակներու եւ պատուագրերու, այդ թուին՝ 2018 թուականին՝ Երեւանի Ճարտարապետութեան եւ շինարարութեան համալսարանի Ճիմ Թորոսեանի անուան մետալի։ Բացի նախագծային աշխատանքէն՝ դասախօսութիւններով եւ մասնագիտական հանդիպումներով կը ներկայացնէ հայկական ճարտարապետական ժառանգութիւնը ու անոր ազդեցութիւնը ժամանակակից ճարտարապետութեան վրայ։
Արամ Ալաճաճեանի աշխատանքներուն ծանօթանալով ակնյայտ կը դառնայ, որ անոր համար ճարտարապետութիւնը պարզապէս մասնագիտութիւն չէ։ Իւրաքանչիւր նախագիծ իր մէջ կը կրէ տարիներու փորձը, անձնական համոզմունքները ու այն պատասխանատուութիւնը, որ ճարտարապետը ունի իր ստեղծած միջավայրի հանդէպ։ Անոր նախագծած կառոյցները այսօր դարձած են տարբեր համայնքներու կեանքի մի մասը, իսկ հայկական եկեղեցական ու մշակութային շինութիւններու ստեղծման գործին ունեցած ներդրումը առանձնայատուկ տեղ ունի անոր գործունէութեան մէջ։ Այս ամէնով Արամ Ալաճաճեանը կը շարունակէ իր աշխատանքով ներկայացնել հայկական ճարտարապետական մտածողութիւնը՝ այն դարձնելով ճանաչելի նաեւ միջազգային միջավայրին մէջ։
Հարցազրոյց Արամ
Ալաճաճեանի հետ
Դուք ձեր արմատներով զէյթունցի էք եւ առանձնայատուկ կարեւորութիւն կու տաք ձեր ծագման։ Ձեր կարծիքով՝ զէյթունցիներու պատմական բնաւորութիւնը որքանո՞վ արտայայտուած է ձեր կեանքին մէջ։
Զէյթունցի ըլլալը ինծի համար ընտանեկան յիշողութեան եւ ինքնութեանս կարեւոր մասն է։ Զէյթունցիներու պատմութեան մէջ ինծի միշտ տպաւորած են տոկունութիւնը ու արժանապատուութիւնը։ Իմ կեանքի այդ յատկանիշները արտայայտուած են յատկապէս այն ժամանակ, երբ ստիպուած եմ ըլլալ նոր միջավայրի մէջ նորէն հաստատուած որպէս մասնագէտ։ Ճարտարապետի աշխատանքին կամքի ուժը յաճախ կ՚արտայայտուի համբերութեամբ։ Նախագիծը կրնայ տարիներ տեւել, քանի մը անգամ վերանայիլ, անցնիլ բարդ համաձայնեցումներու միջով։ Այդ ընթացքին պէտք է կարողանաս լսել, վերանայիլ քու որոշումներուն եւ միաժամանակ պահպանել այն գաղափարը, որուն համար սկսած ես աշխատանքը։
Ձեր մասնագիտական ուղին շարունակուած է հայ ճարտարապետութեան նշանաւոր դէմքերէն մէկու՝ Ճիմ Թորոսեանի ղեկավարութեամբ։ Ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցած է ան ձեր ճարտարապետական մօտեցման վրայ
Ճիմ Թորոսեանի ղեկավարութեամբ աշխատիլը կարեւոր փուլ էր իմ մասնագիտական ձեւաւորման մէջ։ Անոր ճարտարապետութեան մէջ ինձ յատկապէս կը հետաքրքրէր, թէ ինչպէս կը մտածէր ան մարդու շարժման մասին։ Ինչպէ՞ս ես մօտենում շէնքին, որտեղէ՞ն կը մտնես, ի՞նչ կը բանաս քու առջեւի ճանապարհը։ Այդ հարցերը կը փոխեն նաեւ այն, թէ ինչպէս կը գծես յատակագիծը։ Անոր աշխատանքը ինծի համար կարեւոր էր նաեւ հայկական աւանդոյթի հետ վարուելու ազատութիւնը։ Քարը, լոյսը, համաչափութիւնը եւ բաց ու փակ տարածքներու հերթականութիւնը կրնան հայկական բնոյթ հաղորդել կառոյցի մը, որուն ձեւը լիովին ժամանակակից է։ Այդ միտքը յետագային շատ կիրառած եմ իմ նախագծերով։
1979 թուականին տեղափոխուած էք Միացեալ Նահանգներ, իսկ արդէն 1980 թուականին սկսած էք աշխատիլ Ralph M. Parsons Company։ Ինչպէ՞ս ընդունուեցաք ամերիկեան մասնագիտական միջավայր։
Երբ 1979 թուականին տեղափոխուեցայ Միացեալ Նահանգներ, Երեւանի մէջ արդէն մասնագիտական փորձ ունէի։ 1980-ին Ralph M. Parsons Company-ի մէջ աշխատանքի անցնելը ինձ հնարաւորութիւն տուաւ հասկնալու, թէ այդ փորձը ինչպէս կրնամ կիրառել ամերիկեան միջավայրի մէջ։ Իսկ յետագային աշխատած եմ Արատա Իսոզակի եւ Արթր Էրիկսոնի ղեկավարութեամբ։ Այստեղ ինձ համար կարեւոր դպրոց դարձաւ մեծ թիմի մէջ աշխատիլը։ Ճարտարապետական որոշումը պէտք էր այնպէս ներկայացնել, որ ինժեները հասկնար անոր նպատակը, իսկ կառուցողը կարողանար այն իրագործել։ Նոր էին նաեւ նախագծային փաստաթուղթերու պահանջները ու մասնագէտներու միջեւ պատասխանատուութեան բաժանումը։ Այդ համակարգը իւրացնելուն զուգընթաց իմ երեւանեան կրթութիւնը ու նախագծային փորձը դարձան այն հիմքը, որուն վրայ կառուցեցի իմ յետագայ աշխատանքը։
Ի՞նչ կրնայ Հայաստանը սորվիլ ամերիկեան փորձէն եւ հակառակը՝ ի՞նչ կրնայ հայկական ճարտարապետական աւանդոյթը տալ միջազգային մասնագիտական միջավայրին։
Հայաստանի մէջ յատկապէս արժէքաւոր կը համարեմ տարբեր մասնագէտներու վաղ ներգրաւումը։ Երբ ճարտարապետը, ինժեները եւ կառուցողը սկզբէն կը քննարկեն նոյն նախագիծը, աւելի հէշտ է հասկնալ, թէ որ որոշումը ինչ հետեւանք կ՚ունենայ պիւտճէի, ժամկէտի եւ շէնքի հետագայ շահագործման համար։ Հայկական ճարտարապետութենէն միջազգային միջավայրը կրնայ սորվիլ, թէ ինչպէս սահմանափակ թուով միջոցներով ստեղծել յիշուող տարածք։ Մեր եկեղեցիներուն երբեմն մէկ բացուածքէն ընկնող լոյսը բաւական է, որ փոխուի ամբողջ տարածքի ընկալումը։ Նոյնքան կարեւոր է շէնքի ու տեղանքի կապը։ Երբ կառոյցի դիրքը, քարի ընտրութիւնը եւ դէպի շէնք տանող ճանապարհը միասին կը մտածես, շէնքը շատ աւելի բնական կերպով կը դառնայ իր միջավայրի մէկ մասը։ Այս սկզբունքները կրնան աշխատիլ նաեւ այսօր՝ ցանկացած երկրի մէջ եւ տարբեր նշանակութեան շէնքերուն։
Ձեր երկարամեայ գործունէութեան ընթացքին ո՞ր նախագիծն է առաւել ամբողջականօրէն կ՚արտայայտէ ձեր ճարտարապետական մօտեցումը եւ ինչո՞ւ։
Կ՚առանձնացնէի Կլենտելի Հայ-ամերիկեան թանգարանը ու մշակութային կեդրոնը։ Այս նախագծին կը միաւորուին հարցեր, որոնց շուրջ տարիներ շարունակ աշխատած եմ։ Ինչպէ՞ս արտայայտել հայկական ինքնութիւնը ժամանակակից ճարտարապետութեամբ։ Ինչպէ՞ս ստեղծել շէնք մը, որտեղ հայ այցելուն կը ճանչնայ իր պատմութեան մի մասը, իսկ հայկական մշակոյթին առաջին անգամ ծանօթացող մարդը կը ցանկանայ աւելին իմանալ։ Այդ նպատակին կը ծառայէ նաեւ շէնքին մօտենալու փորձառութիւնը։ Հրապարակը, մուտքը եւ ներսի տարածքներու յաջորդականութիւնը պէտք է այցելուին աստիճանաբար մտցնեն թանգարանի պատմութեան մէջ։ Այս նախագիծը ինձ համար առանձնայատուկ է, որովհետեւ այդ ամբողջ ճանապարհը մտածելու հնարաւորութիւն տուած է՝ քաղաքային հրապարակէն մինչեւ ցուցասրահ։
Ճարտարապետութիւնը միաժամանակ արուեստ է, տեխնիկական գիտութիւն եւ տնտեսական գործունէութիւն։ Իսկ ինչպէ՞ս կը սահմանէք ձեր ճարտարապետական ձեռագիրը։
Նախագիծը սկսելուս առաջին հերթին կը մտածեմ, թէ ինչ պիտի զգայ մարդը շէնքին մօտենալու ատեն եւ ինչպէս պիտի օգտուի անկէ ամէն օր։ Այդ հարցերէն կը բխի իմ շատ որոշումները՝ մուտքի դիրքէն մինչեւ առաստաղի բարձրութիւնը ու բնական լոյսի ուղղութիւնը։ Իմ աշխատանքներուն կարեւոր տեղ ունի նիւթի բնոյթը։ Քարի մշակումը, շարուածքի չափը կամ ապակիի ու քարի հանդիպման հանգոյցը կրնան փոխել ամբողջ ճակատի ընկալումը։ Նոյն ուշադրութեամբ կը վերաբերիմ նաեւ պիւտճէին։ Եթէ միջոցները սահմանափակ են, նախ կը որոշեմ, թէ որ տարածքին կամ որ հանգոյցին ներդրումը առաւել մեծ ազդեցութիւն կ՚ունենայ շէնքէն օգտուող մարդու համար։
2015 թուականին ձեր ընկերութիւնը ընտրուած է Գալիֆոռնիոյ Հայ-ամերիկեան թանգարանի եւ մշակութային կեդրոնի նախագծման համար։ Ի՞նչ դեր ունեցաք այդ նախագծի մշակման եւ իրականացման գործընթացին։
Երբ 2015 թուականին մեր ընկերութիւնը ընտրուեցաւ Հայ-ամերիկեան թանգարանի եւ մշակութային կեդրոնի նախագծման համար, իմ հիմնական դերը ճարտարապետական հայեցակարգը ձեւաւորելն ու այն թիմի հետ զարգացնելն էր։ Պէտք էր հասկնալ, թէ համայնքի ակնկալիքները, թանգարանի ծրագիրը ու քաղաքի պահանջները ինչպէս կրնան տեղաւորուիլ նախագծի մը մէջ։ Գործառնական գլխաւոր խնդիրներէն մէկը տարբեր օգտագործումներու համադրումն էր։ Ցուցասրահ այցելող մարդը, կրթական ծրագրի եկած աշակերտական խումբը եւ հանրային միջոցառման մասնակիցը տարբեր կարիքներ ունին։ Միաժամանակ պէտք էր լուծել նաեւ ցուցանմուշներու տեղափոխման, պահպանութեան եւ շէնքի սպասարկման հարցերը։ Մեծ նշանակութիւն ունէր կապը քաղաքի հետ։ Թանգարանի մուտքն ու հրապարակը պէտք է մարդկանց հրաւիրէին ներս եւ շէնքը կապէին Կլենտելի հանրային կեանքին։
Ի՞նչ ծրագրեր ու նպատակներ ունի այսօր «Alajajian Marcoosi Architects»-ը։
Կը ցանկանամ, որ մեր գրասենեակը շարունակէ զարգացնել մշակութային, կրթական եւ համայնքային նախագծերու ուղղութիւնը։ Մեզ կը հետաքրքրեն նաեւ գործող համալիրներու գլխաւոր յատակագծերը։ Երբեմն համալիրի կեանքը փոխելու համար ամենակարեւոր աշխատանքը բակերը, մուտքերը ու հետիոտանային ուղիները վերաիմաստաւորելն է։ Անոնք կրնան առօրեայի մէջ մարդկանց հանդիպման վայր դառնալ։ Բնակելի նախագծերը մեզ համար կարեւոր ուղղութիւն է նաեւ հրդեհներէն ետք տուներու վերակառուցումը։ Այս աշխատանքին ընտանիքի հետ կը քննարկենք, թէ նախկին տունէն ինչն է կարեւոր վերականգնած եւ ինչ կարելի է վերանայիլ՝ հաշուի առնելով ընտանիքի այսօրուայ կարիքները։ Կ՚ուզեմ նաեւ շարունակել մասնագիտական կապը Հայաստանի հետ՝ դասաւանդման եւ փորձի փոխանակման միջոցով։
Ի՞նչ խորհուրդ կու տայիք Հայաստան ճարտարապետութիւն ուսումնասիրող երիտասարդներուն, յատկապէս անոնց, ովքեր կը մտածեն իրենց մասնագիտական ուղին շարունակել միջազգային միջավայր։
Ուսանողներուն խորհուրդ կու տայի սորվիլ շէնքը կարդալ եւ՛ գծագրով, եւ՛ տեղին։ Չափագրէք ձեզ հետաքրքրող կառոյցը, գծէք անոր կտրուածքը, դիտէք, թէ ինչպէս լոյսը կը փոխուի օրուայ ընթացքին։ Այցելէք շինհրապարակ եւ հարցուցէք վարպետին, թէ ինչպէս իրականին կը հաւաքուի ձեր գծած հանգոյցը։ Այդ փորձը շատ արագ կը փոխէ նախագծելու ձեւը։ Միջազգային միջավայրին աշխատելու համար սորվէք յստակ ներկայացնել ձեր որոշումները։ Պորտֆոլիոյ վերջնական պատկերներու կողքին ցոյց տուէք նաեւ էսքիզները, կտրուածքները եւ այն քայլերը, որոնցով հասած էք լուծման։ Իսկ Հայաստանի ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրէք տեղին։ Երբ կը տեսնես, թէ կառոյց մը ինչպէս կը նստի լանջի վրայ, ինչպէս կը բացուի անոր մուտքը կամ ինչպէս մշակուած է քարը, ձեռք կը բերես դիտելու եւ մտածելու ձեւ, որը կրնաս քեզ հետ տանիլ աշխարհի ցանկացած գրասենեակ։



