Ինչպէս ծանօթ է Հայաստանի Խորհրդարանի ընտրութիւններուն տեղւոյն վրայ հետեւելու համար այցելած էի Հայաստան։ Ընտրութեան նախորդող օրերուն իմ առաջին զրուցակիցներէն եղաւ Օրբելի կեդրոնի աւագ փորձագէտ եւ արեւելագէտ՝ Արմեն Պետրոսեանը։ Իրեն հարցուցի թէ ինչպէս կը գնահատէ հասարակութեան ընտրութիւններու մասնակցելու աճը։ Պետրոսեան այդ աճը բացատրեց մարդկանց մէջ գիտակցութեան փոփոխութիւնով«Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացին կը գիտակցի, որ իր քուէէն կախեալ է երկրի ապագան։ 90-ական տարեթիւերու վերջերուն այդ գիտակցութիւնը մարած էր համատարած ընտրակեղծիքներու պատճառաւ։ Ընդհանուր կարծիքը այն էր, որ իրենց ձայները ազդեցութիւն պիտի չունենան արդիւնքներու վրայ։ Սա Փաշինեանի իշխանութեան շրջանի երրորդ ընտրութիւնն է եւ քաղաքացին տեսաւ որ իր ձայնը նշանակութիւն ունի»։
Պետրոսեան նաեւ յիշեցուց թէ այս ընտրութիւնները լրջօրէն կը հետաքրքրէ նաեւ համաշխարհային դերակատարները։
«Ես չեմ կարծեր, որ Հայաստանի մէջ ըլլայ իշխանութիւն մը, որ հրաժարի խաղաղութեան օրակարգէն, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու հնարաւորութենէն»։
Մեզի յայտնի էր Ռուսիոյ Դաշնութեան, ԱՄն-ի եւ Եւրոմիութեան ակնկալութիւնները։ Փոխարէնը հարեւան երկիր Իրանը ոչ մէկ յայտարարութիւն ըրաւ այս գործընթացի մէջ։ Ըստ ձեզ Պարսկաստանը ի՞նչ կը մտածէ այս վերջին ընտրութիւններու մասին։
Շատ լաւ հարցում մը ուղղեցիք։ Տեսէք՝ այժմ մենք բազմաթիւ արտաքին դերակատարներու կողմէ որոշակի դիրքորոշում, անգամ աջակցութիւն արձանագրած ենք Հայաստանի ընտրութեան նկատմամբ։ Օրինակ Միացեալ Նահանգները, Եւրոպական Միութիւնը, Եւրոպայի առանձին երկիրներ, անոնց կողքին Ատրպէյճանը եւ Թուրքիան համակրանք ունին իշխող կառավարութեան հանդէպ։ Փոխարէնը Ռուսիոյ Դաշնութիւնը կ՚աջակցի, համակրանք ունի ընդդիմութեան նկատմամբ։ Իրանի պարագային հրապարակային դիրքորոշումներ չենք տեսներ։ Սա պայմանաւորուած է Իրանի գործող իշխանութիւններու հետ ունեցած համագործակցութենէն։ Թէեւ առանյին հարցերուն գործող կառավարութեան քաղաքականութիւնը այնքան ալ չի բխիր Իրանի շահերէն, յատկապէս, երբ յիշենք Արեւմուտքի համագործակցութիւնը եւ ԹՐԻՓ-ի ուղին։ Այն ու ամենայնիւ Իրանական կողմը բացայայտ կերպով չաջակցիր ընդդիմութեան հետ, շատ լաւ հասկնալով թէ այդտեղ կայ Ռուսաստանի գործօնը։ Ես կը նկատեմ նրբութիւն մը, դիտելով իրանական մամուլի մէջ յաճախակի դարձած փորձագիտական կարծիքները կամ յօդուածները, որոնք ԹՐԻՓ-ի դէմ կասկածներ կը պարունակեն։
Ընտրութիւններու ընդառաջ համատարած կարծիք կար, որ արտերկիրէն ինքնաթիռներով հայաստանի քաղաքացի ընտրողներ պիտի տեղափոխուին ընդդիմութեան ի նպաստ քուէարկելու համար։ Ի՞նչ կը պատմէք այս մասին։
Անշուշտ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներու նման հոսքեր կան։ Յատկապէս Ռուսաստանի Դաշնութենէն բացայայտուած դէպքեր, որպէսզի անոնք գան Հայաստան, մասնակցին ընտրութեան եւ իրենց ձայնը տան Ռուսաստանի համար նախընտրելի որեւէ թեկնածուի։ Ես ինքս ալ հաստատած եմ որ, որոշ կառոյցներ հաւաքագրած ավիատոմսեր ապահոված են նոյնիսկ մի քանի օրուայ հիւրանոցի գումար ապահոված են՝ որպէսզի իրենք գան այստեղ, մասնակցին ընտրութեան եւ վերադառնան։ Բայց կը կարծեմ թէ այդ մասնակցութիւնը մեծ նշանակութիւն չունեցաւ արդիւնքներու վրայ։
Անշուշտ սա սխալ ընթացք մըն է, բայց Արաբական Էմիրութիւններէն, Միացեալ Նահանգներէն, նոյնիսկ Ռուսաստանէն մարդիկ եւս եկան իրենց միջոցներով, որպէսզի մասնակցին ընտրութիւններուն եւ կողմ էին իշխող կուսակցութեան։
Այստեղ կայ երկու կարեւոր հանգամանք։ Մէկը՝ որ քաղաքացին ինքը մտահոգ է Հայաստանի ապագայով, կապ չունի թէ ուր կը գտնուի։ Կու գայ եւ ինք կը մասնակցի իր քուէով։ Իսկ երկրորդ տարբերակը ստացուած օժանդակութեան փոխարէն պատուիրատուի կամքը կատարելու համար ժամանել Հայաստան, այդ բոլորովին տարբեր երեւոյթ է։
Վերջին հարցումը կը վերաբերի Հայաստանի ապագային։ Ինչպէ՞ս կ՚երազէք Հայաստանի ապագան։
Ես ալ որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան շարքային ընտրող, բնականաբար իմ ընտրութիւնը կատարելու եմ իմ հայրենիքի, իմ պետութեան ապագայի տեսլականով։ Ան բնականաբար առաջին հերթին խաղաղ, արդիական, մրցունակ եւ աշխարհի համար շատ կարեւոր գործընկեր հանդիսացող Հայաստանի տեսլականն է, որու բոլոր հնարաւորութիւնները այսօր մենք ունինք։ Աստուած մեզ տուած է բաւականաչափ բարդ աշխարհագրութիւն, բայց նաեւ մեր ժողովուրդին օժտած է այնպիսի կարողութիւններով, որ ցանկացած բարդ իրավիճակին մենք կարողանանք դուրս գալ, յաղթահարել այդ դժուարութիւնները եւ կերտել պայծառ ապագայ։
Շատ ժողովուրդներու կամ պետութիւններու դիրքերէն, երբ որ կը դիտարկես, անհնարին կը թուի, բայց մեր պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ հազարամեակներ շարունակ այս բարդագոյն տարածաշրջանին մենք հասած ենք 21-րդ դար։ Ունեցած ենք մեր պետութիւնը եւ այսօր ալ կանգնած ենք այդ անկախ հանրապետութեան ապագան որոշելու ճանապարհի եզրին։ Ունինք չափազանց մեծ ներուժ, ստեղծելու տարածաշրջանի այն պետութիւնը, որու մասին ես ինքս կ՚երազեմ։
Շնորհակալութիւն պատասխաններու համար։
Ես եմ շնորհակալ։




