Հրանդ Տինք Հիմնարկի կազմակերպութեամբ ընթացող արեւմտահայերէնի դասընթացքներու առցանց լսարանի առաջին շրջանը կը մեկնարկէ 21 Սեպտեմբեր 2026-ին եւ կ՚աւարտի 25 Յունուար 2027-ին։
Երկրորդ շրջանին համար ծրագրուած է 15 Փետրուար 2027 եւ 21 Յունիս 2027 թուականները։ Իւրաքանչիւր շրջանը կը բաղկանայ 72 դասաժամերէ եւ կը տեւէ 18 շաբաթ։ Դասընթացքները կը վարեն վաստակաւոր ուսուցչուհիներ՝ Շուշան Էօզօղլու եւ Թամար Մանկասար։
Պարտինք յիշեցնել թէ Հրանդ Տինք Հիմնարկի արեւմտահայերէնի դասընթացքները արդէն իսկ փաստած են իրենց ուսման բարձր մակարդակը, մինչ օրս տալով բազմաթիւ շրջանաւարտներ, որոնք հայերէն լեզուի ու գրականութեան մասին իրենց գիտելիքները կուտակած են այս դասընթացքներու միջոցաւ։
Դասընթացքներու մասնակցութեան համար դիմելու վերջին թուականն է 17 Սեպտեմբերը։



