տատանջութիւնով անցած ներքաղաքային ճամբորդութիւնը սովորականէն աւելի երկար թուեց Նիկոլին։ Ստորերկրեայ գնացքը երբ ազդարարեց Օսմանպէյի կայարանը, աճապարանքով դուրս եկաւ մեթրոյէն եւ ուղղուեցաւ Փանկալթիի ելքին։ Աշխատանքէ վերադարձի ժամերուն ալաւելի բազմամարդ էր թէ մեթրոն եւ թէ փողոցները։
Իսկոյն դիմեց բջջային հեռախօսին ուղեցոյցին։ Այդ յարմարութեան շնորհիւ դիւրաւ կը կողմնորոշուէր այս գերքաղաքի մէջ, առանց մէկու մը օգնութեան դիմելու։ Կարծես ի ծնէ բնակիչը ըլլած այս թաղերու, հետեւեցաւ ուղեցոյցին եւ հասաւ Ֆերիգիւղի նրբանցքի ելքին բացատրուած երեք սրճարանները։ Ուղղուեց մէջտեղի սրճարանը, որուն մուտքին գրուած էր «Արտենս Քաֆէ»։
Սրճարանի փոքր տարածքի բազմութեան մէջ նկատեց ծերանոցի բժիշկը, որ կը զրուցէր զուարթ մարդու մը հետ։ Աւելի ուշ իմացաւ թէ բժիշկի զրուցակիցը սրճարանի տիրոջ՝ Արտենի հայրը պարոն Գէորգն է։
Բժիշկը նկատելով Նիկոլին, իսկոյն ոտքի ելլելով դիմաւորեց զինք, դէմքին կեղծ ժպիտով մը։ Երիտասարդ կնոջ աչքերու հարցական հայեացքը նկատելով անմիջապէս սկսաւ բացատրութեան։
«Ներողութիւն որ այսպէս յանկարծակի կը փոխանցեմ, բայց ձեր մեծմօր առողջութիւնը բաւական խանգարուած է, այս անցնող մէկ շաբաթուայ ընթացքին։ Մենք ալ զարմանքով կը դիտենք իր մտային կարողութիւններու այսքան արագ նահանջը։ Վախնամ թէ կարճ ժամանակ անց այլեւս դժուարանանք տիկին Վեհանոյշը ծերանոցի մէջ խնամելու եւ հարկադրուինք համապատասխան բաժինը փոխադրել»։
Բժիշկը այս բոլորը ըսաւ այնպիսի մեքենականութեամբ, կարծես անգիր ըրած պատճէն մը արտասանած ըլլար։ Արտասանեց եւ աւարտեց իր բաժինը։ Հազիւ այդ պահուն իր նայուածքը ուղղեց Նիկոլին։ Արդեօք հասկցա՞ծ էր ըսածները։ Շուտով յաւելեց խորհուրդ մը եւս, ըսելով թէ պէտք է շուտով այցելէ Վեհանոյշին, եթէ ուշանայ մի գուցէ զինք չճանչնայ։
Նիկոլ ապշած էր լսածներով։ Ուզեց պահ մը դուրս գալ այս նեղլիկ տարածքէն, բայց նկատեց թէ արդէն իսկ դուրսն են։ Համարեա մայթին վրայ նստած։ Խորունկ շնչելու կարիքը զգաց, երբ թուեցաւ թէ կրծքավանդակը կը ճզմուի լսածներուն դիմաց։ Հազիւ «օֆ» մը դուրս եկաւ շրթներէն։ Ակնթարթի մէջ գոյացած բազում հոգերու դրսեւորումն էր այդ օֆը։
Ծերանոցի բժիշկը եւս հաստատեց գոյացած կացութիւնը «օֆ» ըսելու արժանի համարելով։ Անզգալաբար մատները գտան սեղանի վրայ դրուած ծխախոտի տուփը, գլանիկ մը դրաւ շրթներուն արանքը ու վառեց։
Նոյն պահուն Նիկոլ եւս ուսի մեծ պայուսակէն դուրս բերաւ փոքր պահարան մը, որուն մէջ խնամքով տեղադրած էր ծխախոտը, թուղթը ու փոքրիկ ֆիլդրեր։ Մատներու ճարպիկ շարժումով ինք եւս ոլորեց ծխախոտը թուղթին մէջ եւ լուցկիի մը միջոցաւ վառեց զայն։
«Կը սիրեմ լուցկիի հոտը»։ Աստուած իմ, որքան անիմաստ խօսք։ Ա՞յս էր որ պիտի ըսէր նման պահուն։ Պահ՝ ուր հողը կը սահի ոտքերուդ տակ։ Ժիրայրին ինչպէ՞ս պատմէ քիչ առաջ լսածները։ «Պատրաստ եղէք աւելի ծանր զարգացումներու»։ Այսպէս ըսած էր բժիշկը։ Ինչե՞ր էին այդ աւելի ծանր զարգացումները։ Կը դժուարանար Նիկոլ լսածները ընկալելու, համապատասխան պատկերացում կազմելու։ Նման փորձառութիւն չէր ունեցած նախապէս։ Կարծած էր թէ Վեհանոյշ միշտ պիտի մնայ նոյն կերպարին մէջ։ Ընդմիշտ հոգատարութիւնը վայելած մեծ մայրիկը հիմա նոյնիսկ հաւանական է թէ զինք չճանչնայ իսկ։
Վայրկեաններու տեւողութեան մէջ աշխարհը փուլ եկած էր Նիկոլի գլխուն։
Անգամ մը եւս բացաւ ուսի մեծ պայուսակը եւ այս անգամ ծոցատետրը հանելով ստուգեց յաջորդ օրուայ ծրագիրը։ Առաւօտուն երկու դասապահ միայն, իսկ յետմիջօրէին ժամադրուած էր ասպերանդի մը հետ, որ կ՚ուզէր ստանալ ամերիկեան համալսարաններու որդեգրած կանոններու մասին։
Հեռաձայնեց ասպերանդին ու յաջողեցաւ պայմանաւորուած ժամը փոխել։ Դառնալով բժիշկին, յայտնեց թէ վաղը կ՚այցելէ հիւանդանոց, նախ մեծ մայրը ապա բժիշկին հետ հանդիպելու համար։
Դիմեց նաեւ հօրը դասընկերոջ Ստեփան Չիզմեճեանին։ Ստեփանը հեռացած էր հոգաբարձութեան պաշտօնէն, բայց սիրով ընդառաջեց Նիկոլի խնդրանքին նոյն ժամուն հիւանդանոց գալով իր մօտ ըլլալու մասին։
Նիկոլի համար սովորական դարձած էր Հիսարիւսթիւ-Լեւենթ-Եէնիգաբու-Քազլըչէշմէ մեթրոյի ուղեւորութիւնը։
Անսովորը Վեհանոյշի մատնուած նոր պայմաններն էին։ Թոռնուհին տեսնելով լուսաւորուեցաւ դէմքը։ Ժպիտ մը փայլատակեց աչքերուն։ «Նիկոլ» մրմնջաց եւ այդքան միայն։ Անպատասխան մնացին Նիկոլի «Զիս ճանցար մեծ մայրիկ» հարցումները։ Նոյն հարցումը ուղղեց նաեւ Ստեփանը, որ դարձեալ անպատասխան մնաց։
Անհաղորդ, անթափանց եւ անպատասխան… Այս երեք բառերով կարելի է բնութագրել Վեհանոյշի ներկան։
Անհաղորդ, անթափանց, անպատասխան ոչ միայն խօսքով՝ ձայնով կամ մարմնի դէմքի մկաններու, մանաւանդ աչքերու արտայայտութիւնով։
Նիկոլ ուշքի եկաւ։ Գիտցաւ թէ նոր շրջան մը կը բացուի իր եւ Վեհանոյշի ճանապարհին։ Հետզհետէ աւելի դժուար օրեր կան իրենց առջեւ։ Օրեր, որոնք խաւար պիտի ածէր անցեալի ուրախ յուշերուն վրայ։




