Արա Կիւլէրի Արխիւ եւ Հետազօտութեան Կեդրոնի հաւաքածուէն ընտրուած լուսանկարները, Նազըմ Հիքմէթի կեանքն ու մշակութային ժառանգութիւնը տարբեր արխիւներու, հաւաքածօներու եւ մասնաճիւղերու վրայով «Ռոմանթիքա. Մէկ Կեանքի Ընթացքը» ցուցահանդէսին մէջ հանդիսատեսին հետ պիտի հանդիպին։
«Ֆոլքարթ»ի աջակցութեամբ եւ Իզմիրի Քաղաքապետարանի կողմէ հիւրընկալուող ցուցահանդէսը 5 Սեպտեմբեր 2026-ին Քիւլթիւրփարքի մէջ պիտի բացուի։
Մ. Մելիհ Կիւնէշի եւ Էօմէր Տուրմազի կողմէ ձեւաւորուող ցուցահանդէսին, Արա Կիւլէրի Արխիւ եւ Հետազօտութեան Կեդրոնի հաւաքածոյի մէջ գտնուող Նազըմ Հիքմէթի դիմանկարները տեղ կը գրաւեն։ Լուսանկարներու մեծ մասը առաջին անգամ պիտի ցուցադրուի։ Նաեւ Արա Կիւլէրի 1961-ին հրատարակուած «In quest'anno 1941» գիրքին մէջ տեղ գտած Անատոլուի լուսանկարներն ալ հանդիսատեսին հետ պիտի հանդիպին։
Ցուցահանդէսին տեղ կը գտնեն Մ. Մելիհ Կիւնէշի հաւաքածոյէն Արա Կիւլէրի նկարած Նազըմ Հիքմէթի դիմանկարները, ինչպէս նաեւ Կիւլէրի 1976-ին Մոսկուա կատարած այցելութեան ընթացքին նկարած Նազըմ Հիքմէթի աշխատանոցը եւ Վերա Թուլեաքովա Հիքմէթի լուսանկարները։
15 սրահներու մէջ Նազըմ Հիքմէթի կեանքը Թուրքիայէն եւ արտասահմանէն բազմաթիւ անհատներու, հաստատութիւններու, արխիւներու եւ հաւաքածուներու մասնակցութեամբ պատրաստուած ցուցահանդէսը. փաստաթուղթեր, անձնական իրեր եւ տեսալսողական արձանագրութիւններու կողքին գրականութեան, նկարչութեան, քանդակի, լուսանկարչութեան, կինոյի եւ ձեւաւորման բնագաւառներէն գործեր կը պարունակէ։
Ցուցահանդէսը կրնաք այցելել մինչեւ15 Յունուար 2027 թուական։



