Կայ սահման մը, որմէ այն կողմ երաժշտութիւնը այլեւս պարզապէս հնչիւններու յաջորդականութիւն չէ։ Ան կը դառնայ յիշողութիւն, մշակութային ինքնութիւն եւ ժամանակներու միջեւ հաստատուած անտեսանելի կապ։ Այդ սահմանագծին կանգնած է Սիպիլի նոր՝ «Արօրն ու Տատրակը» տեսահոլովակը, որ հիմքին ոչ միայն Կոմիտասի երաժշտութիւնն է, այլեւ անոր պահպանուած կենդանի ձայնը։ Ժամանակակից արուեստի մէջ արհեստական բանականութիւնը յաճախ կը ներկայացուի որպէս տեխնոլոգիական յեղափոխութեան խորհրդանիշ։ Սակայն հազուադէպ են այն դէպքերը, երբ այդ տեխնոլոգիան կը դառնայ ոչ թէ ինքնանպատակ ցուցադրութիւն, այլ մշակութային ժառանգութեան պահպանման եւ վերաիմաստաւորման միջոց։ «Արօրն ու Տատրակը» հէնց այդ բացառութիւններէն է։ Այս տեսահոլովակի տեխնոլոգիան չի փորձեր փոխարինել Կոմիտասին։ Ան ընդամէնը հնարաւորութիւն կը ստեղծէ, որպէսզի մէկ դար առաջ ձայնագրուած մարդկային ձայնը նորէն լսելի դառնայ մեր ժամանակի լսարանի համար։ Այստեղ ամենակարեւոր «հերոսը» ոչ թէ արհեստական բանականութիւնն է, այլ հէնց Կոմիտասի իրական ձայնը, որ պահպանուած է պատմութեան միջով եւ կը շարունակէ ապրիլ։
Սա, թերեւս, նախագծի ամենամեծ արժէքն է։
Կոմիտասը հայկական երաժշտական մտածողութեան առանցքային դէմքն է։ Անոր կատարած աշխատանքը վաղուց դուրս եկած է երաժշտագիտութեան սահմաններէն։ Ժողովրդական երգերու հաւաքագրումը, նոթագրումը, բազմաձայն մշակումը եւ ազգային երաժշտական լեզուի ձեւաւորումը մշակութային ինքնութեան պահպանման եզակի օրինակ դարձած են համաշխարհային մշակոյթի պատմութեան մէջ։ «Արօրն ու Տատրակը» նոյնպէս պատահական ընտրութիւն չէ։ Կոմիտասի մշակմամբ կը վերածուի ոչ միայն մեղեդիի, այլեւ ազգային մշակութային կոդի։ Այդ կոդն է, որ Սիպիլը կը փորձէ հասցնել XXI դարի ունկնդրին։
Յատկանշական է նաեւ նախագծի մէկ այլ շերտ։ Կոմիտասն ու Սիպիլը երկու տարբեր դարերու արուեստագէտներ են, սակայն անոնց կենսագրութիւնները կը միահիւսուին նոյն աշխարհագրական յիշողութեան մէջ։ Երկուքն ալ ծնած են Թուրքիա, տարբեր ժամանակներուն, տարբեր իրականութիւններու պայմաններուն, սակայն նոյն մշակութային տարածքին, որտեղ հայկական երաժշտութիւնը դարեր շարունակ ձեւաւորուած, ապրած եւ փոխանցուած է սերունդէ սերունդ։ Այդ հանգամանքը տեսահոլովակին կը հաղորդէ լրացուցիչ խորհրդանշական նշանակութիւն։ Այստեղ տեղի կ՚ունենայ ոչ միայն սերունդներու, այլեւ աշխարհագրութիւններու, յիշողութիւններու եւ մշակութային շարունակականութեան հանդիպում։ Սիպիլը, որպէս պոլսահայ արուեստագէտ, կը շարունակէ ան երաժշտական աւանդոյթը, որու ամենաբարձր մարմնաւորումներէն մէկը հէնց Կոմիտասն է։
Վերջին տարիներուն աշխարհի մէջ աւելի ու աւելի յաճախ կը քննարկուին մշակութային ժառանգութեան պահպանման գործին արհեստական բանականութեան կիրառման հնարաւորութիւնները։ «Արօրն ու Տատրակը» հետաքրքիր օրինակ է հէնց այն պատճառով, որ տեխնոլոգիան այստեղ կը ծառայէ երաժշտութեան, այլ ոչ հակառակը։ Այն չի փորձեր ստեղծել նոր Կոմիտաս։ Ան կը փորձէ հնարաւորինս հաւատարիմ կերպով ներկայիս լսարանին մօտեցնել իրական Կոմիտասը։ Սա է նախագծի ամենակարեւոր բարոյագիտական շերտը։ Տեսահոլովակը նաեւ կարեւոր հարց կ՚առաջադրէ մեր ժամանակի համար։ Ինչպէ՞ս կարելի է ներկայացնել ազգային մշակութային ժառանգութիւնը նոր սերունդին, որ մեծցած է թուային միջավայրին։ Պատասխանը, հաւանաբար, ոչ թէ աւանդոյթն ու նորարարութիւնը հակադրելու, այլ անոնք երկխօսութեան մէջ դնելու մէջ է։ Սիպիլի նախագիծն այդ երկխօսութեան փորձերէն մէկն է։ Ան ցոյց կու տայ, որ ժամանակակից տեխնոլոգիաները կրնան դառնալ ոչ թէ մշակութային յիշողութեան մրցակից, այլ անոր փոխանցման նոր լեզուն։ Այս աշխատանքը, թերեւս, կարեւոր է նաեւ մէկ այլ պատճառով։ Ան մեզ կը յիշեցնէ, որ ազգային երաժշտութիւնը թանգարանային ցուցանմուշ չէ։ Ան կը շարունակէ ապրիլ այնքան ժամանակ, քանի դեռ նոր սերունդները կը վերադառնան անոր՝ նոր հարցերով, նոր զգացողութիւններով եւ նոր արտայայտչամիջոցներով։ Կոմիտասի երաժշտութիւնը այս տեսահոլովակի մէջ չի փոխուեր։ Կը փոխուի միայն այն ճանապարհը, որով ան կը հասնի ունկնդրին։ Եւ գուցէ հէնց սա է «Արօրն ու Տատրակը» նախագծի ամենամեծ ձեռքբերումը։
Մշակութային երկխօսութեան արձագանգները
«Սիպիլի ընտրած այդ հրաշալի երգը՝ Կոմիտասի «Արօրն ու Տատրակը» ոչ միայն գնահատանքի է արժանի, այլ նաեւ պարտադիր է, որ ամէն մի հայ երգիչ ընտրի մեր գանձարանէն որեւէ ստեղծագործութիւն եւ այն հնչեցնելով փոխանցէ եկող սերունդներուն։ Շատ լաւ մտայղացում էր եւ հրաշալի կատարում՝ պրավօ բոլորին». Արա Գէորգեան (երաժիշտ, երգահան):
«Սիպիլի տեսահոլովակը հրաշալի օրինակ է, թէ ինչպէս կարելի է ժամանակակից տեխնոլոգիաներու հնարաւորութիւնները նրբաճաշակ կերպով օգտագործել՝ ժամանակներու միջեւ կամուրջ կառուցելու եւ մեր հարուստ մշակութային ժառանգութիւնը նորեն կենդանացնելու համար». Մայքլ Կիւրճեան (դերասան, սցենարիստ)։
«Սիպիլի նոր նախաձեռնութիւնը՝ Կոմիտասի կերպարը վիզուալ կերպով վերակենդանացնելը, կարելի է դիտարկել որպէս համարձակ, բայց միեւնոյն ժամանակ մեծ պատասխանատւութիւն պահանջող քայլ։ Յատկապէս արժէքաւոր է այն հանգամանքը, որ տեսահոլովակի մէջ կը հնչէ Կոմիտասի իրական ձայնը։ Այդ կը ստեղծէ իւրայատուկ կապ անցեալի եւ ներկայի միջեւ՝ հնարաւորութիւն տալով նոր սերունդներուն ոչ միայն լսել անոր մասին, այլեւ զգալ անոր ներկայութիւնը։ Սիպիլի գործունէութիւնը ինքնին առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի։ Տարիներ շարունակ Թուրքիոյ մէջ հայերէն երգով հանդէս գալը կը պահանջէ ոչ միայն տաղանդ, այլեւ մեծ նուիրուածութիւն, համբերութիւն եւ ներքին ուժ։ Ան իր արուեստով կամուրջ կը ստեղծէ մշակոյթներու միջեւ՝ պահպանելով հայկական երգի հնչողութիւն ու ինքնատիպութիւն». Անահիտ Վարդանանց (բանաստեղծ):
«Սիպիլին երաժշտական ուղին բնորոշուած է նրբաճաշակ բարձր մակարդակով, ջինջ հայկական ակունքներով, քնքոյշ ձայնով եւ գեղեցիկ բեմականութեամբ ու անոր համար Սիպիլը, ոչ թէ միայն Թուրքիոյ տարածքին, այլ աշխարհասփիւռ հայերուն համար դարձած է սիրելի եւ երգերը՝ դուրեկան։ Նորահնար «Արօրն ու Տատրակը» տեսահոլովակը ամբողջովին իւրայատուկ է եւ աննախադէպ, թէ՛ Սիպիլին երաժշտական երթին մէջ եւ թէ՛ հայկական երաժշտութեան նոր աշխարհին մէջ, երբ Կոմիտասի հարազատ շնչաւոր ձայնը աւելի քան 100 տարիներ ետք յստակ կը հնչէ։«Արօրն ու Տատրակը» երաժշտական տեսահոլովակը հրաւէր տուաւ օտարներուն՝ ճանչնալ Կոմիտասը ու Կոմիտասով՝ Հայ երաժշտութիւնը եւ Հայ դարաւոր մշակոյթը։ Իսկ աշխարհատարած հայուն՝ կրկնակի հրաւէր, անգամ մը եւս վերապրելու հայ երաժշտութեան արքայ՝ Կոմիտասով եւ վերապրեցնելու Կոմիտասը գալիք նոր դարադարձերուն, գալիք հայ սերունդներուն համար։ Կը շնորհաւորենք եւ շնորհակալ ենք Սիպիլին». Յարութ Խաչատուրեան (ԳՈՀԱՐ Գրադարան)
«Սիպիլի «Արօրն ու Տատրակին» ամենէն յատկանշական մասը այն է, որ առաջին անգամ ըլլալով Կոմիտասը կեանքի կը բերէ, եւ այնքան իրական ու հարազատ ձեւով, որ մարմինդ կը փշաքաղուի։ Երգը ինքնին Կոմիտասի ամէնէն դժուար գործերէն մէկն է, եւ պռաւօ Սիպիլին, որ կրցած է կտորը այժմէականացնել եւ երկու ձայներուն ու ոճերուն միջեւ աղուոր հարմոնի մը ստեղծել» Վահէ Պէրպէրեան
Զրուցենք Սիպիլի հետ
Սիպիլ, ողջոյն։ Նախ կը շնորհաւորեմ ձեզ եւ բոլորիս այս հրաշալի տեսահոլովակի առթիւ։ Ինչպէ՞ս ծնաւ այս նախագիծը։ Կը պատմէ՞ք ասոր մասին։
Այս նախագիծը շուրջ վեց տարուայ երազանքի արդիւնք է։ Կրնամ ըսել, որ ան, չնայած բոլոր դժուարութիւններուն ու անբարենպաստ հանգամանքներուն, չյանձնուելու եւ հաւատքը չկորցնելու պատմութիւն է։ Այս գաղափարը վեց տարի շարունակ կարծես իմ ներքին ձայնը ըլլար՝ մշտապէս ինձ հետ էր։ Իմ երազանքով շատ քչերի հետ կիսուած եմ եւ անկեղծ ըսեմ, շատ յաճախ ոգեւորող խօսքեր չեմ լսած։ Մօտ մէկ տարի առաջ, երբ այս մտքով կիսուեցայ գործիքաւորող Վահան Նահապետեանի հետ, ան ըսաւ. «Այսպիսի գաղափար ոչ բոլորի մտքով կարող է անցնի եւ ոչ բոլորն ալ կը համարձակեն ան կեանքի կոչել։ Քանի որ ան ծնած է քու սրտէն, ես ալ կ՚ընեմ ինձմէ կախուած ամէն ինչ»։ Այդ նախադասութիւնը դարձաւ այս ճանապարհի շրջադարձային պահերէն մէկը։ Ձայնագրման ընթացքին աշխատեցանք մեծագոյն մանրակրկիտութեամբ։ Նոյնպիսի պատասխանատւութեամբ տեսահոլովակի վրայ աշխատեց նաեւ ռեժիսոր Արտիոմ Աբովեանը։ Արդիւնքին ծնաւ ոչ թէ պարզապէս երաժշտական տեսահոլովակ, այլ երկար տարիներու երազանք իր մէջ կրող մի շատ իւրայատուկ ստեղծագործութիւն։
Այս նախագիծը նման է ժամանակներու միջեւ ծաւալուող երկխօսութեան։ Ի՞նչ կը ցանկանայիք, որ յատկապէս Թուրքիայի հայ երիտասարդութիւնը այդ երկխօսութենէն լսեր։
Իրականին ես սա չեմ ըսեր միայն Թուրքիոյ հայ երիտասարդներուն, այլ աշխարհի բոլոր հայերուն եւ ապագայ սերունդներուն։ Կոմիտասի ձայնը մեր ամենաթանկ մշակութային ժառանգութիւններէն մէկն է։ Կը ցանկանայի, որ այս աշխատանքը երիտասարդ սերունդներուն ոգեշնչէր աւելի խորութեամբ ճանչնալու իրենց մշակոյթը, լեզուն եւ արմատները։ Որովհետեւ ժողովուրդը կը շարունակէ գոյութիւն ունենալ այնքան ժամանակ, քանի դեռ կենդանի կը պահէ իր յիշողութիւնը։
Դուք ծնած եւ ստեղծագործած էք Իսթանպուլ։ Կոմիտասի ձայնի հետ այս հանդիպումը ձեզ համար նաեւ Իսթանպուլի հայկական ինքնութեան նոր մեկնաբանութի՞ւն էր։
Ես ծնած եւ մեծցած եմ Իսթանպուլ։ Կոմիտասն ալ իր կեանքի կարեւոր տարիները անցուցած է Իսթանպուլի մէջ. այստեղ ապրած է, այստեղ հիմնած է երգչախմբեր եւ իրականացուցած չափազանց արժէքաւոր աշխատանքներ։ Ան գիտակցումը, որ մենք նոյն քաղաքի հետքերն կը կրենք, ինձ միշտ առանձնայատուկ մտերմութեան զգացում տուած է։ Այս նախագիծը ինձ համար միայն Կոմիտասի ձայնի հետ հանդիպում չէր, այլ նաեւ փոքրիկ յարգանքի տուրք՝ Իսթանպուլի բազմաշերտ հայկական մշակութային յիշողութեանը։
Այս տեսահոլովակին կը հանդիպին երկու ժամանակներ՝ Կոմիտասի ժամանակը եւ մերը։ Այս հանդիպումը ձեզ համար առաւելապէս երաժշտակա՞ն էր, թէ՞ հոգեւոր։
Անկասկած՝ երկուքն ալ։ Ես կը հաւատամ, որ երաժշտութիւնը անժամանակ է։ Այս նախագծի մէջ մենք ցանկացանք թէ՛ երաժշտական, թէ՛ հոգեւոր իմաստով միաւորել անցեալը ու ներկան, իսկ հանդիսատեսին դարձնել այդ ժամանակէն վեր ճամբորդութեան մասնակիցը։
Կը թուի՝ այս նախագծով դուք ոչ միայն երգ մը կը ներկայացնէք, այլեւ փորձած էք վերակենդանացնել յիշողութիւն մը։ Սա ձեզ համար առաքելութի՞ւն էր, թէ՞ ներքին ցանկութիւն։
Տարիներ շարունակ ես ինձ համար ձեւաւորած եմ մի առաքելութիւն։ Ես չեմ ցանկանար պարզապէս երգել։ Կ՚ուզեմ, որ իմ երգերով կարողանամ ինչ-որ բան պատմել։ Իմ իւրաքանչիւր նախագծով կը փորձեմ թէկուզ փոքր ներդրում ունենալ մեր մշակոյթի, պատմութեան եւ հաւաքական յիշողութեան պահպանման գործին։ Կոմիտասը ծնած է 1869 թուականին, սակայն քանի դեռ կ՚ապրին հայկական ինքնութիւնը ու մշակոյթը, անոր ձայնն ալ կը շարունակէ ապրիլ։
Այս նախագծով ձեզ համար ամենամեծ յաջողութիւնը ո՞րն է՝ գեղարուեստական արդիւնքը, թէ՞ այն ազդեցութիւնը, որ կրնայ թողնել մարդկանց սրտերին։
Ինձ համար ամենամեծ յաջողութիւնը մարդկանց սրտերուն հասնիլն է։ Եթէ այս աշխատանքը կարողացած է հետք թողնել թէ՛ գեղարուեստական, թէ՛ զգացմունքային առումով, ուրեմն այն հասած է իր նպատակին։
Եթէ «Արօրն ու Տատրակը» երգ չըլլար, այլ Կոմիտասին ուղղուած նամակ, ո՞րը կ՚ըլլար ան միակ նախադասութիւնը, որ կը գրէիք այդ նամակին։
«Ձեր ձայնը միայն անցեալին չի պատկաներ. ան այսօր ալ կը շարունակէ մեզ ճանապարհ ցոյց տալ։ Մենք ձեզ անսահման երախտապարտ ենք»։
Այսօր, երբ աշխարհը առաւելապէս կը նախընտրէ արագ սպառուող արուեստը, ինչո՞ւ որոշեցիք ընտրել լռութեան, յիշողութեան եւ խորութեան լեզուն։
Արուեստի նկատմամբ իմ վերաբերմունքը այս կը պահանջէ։ Հանրամատչելի մշակոյթի արագ ընթացքին տրուելուն փոխարէն ես կը նախընտրեմ ստեղծել այնպիսի գործեր, որոնք տարիներ անց ալ կը պահպանեն իրենց արժէքը։ Որովհետեւ կը հաւատամ, որ իսկական արուեստը ժամանակին դիմացող արուեստն է։
Տեսահոլովակի նկարահանումներու ընթացքին եղա՞ծ է մի պահ, երբ զգացած էք, որ այս աշխատանքը կը փոխէ նաեւ ձեզ՝ որպէս արուեստագէտին։

Մինչ օրս բազմաթիւ տեսահոլովակներ նկարահանած եմ, սակայն սա թէ՛ հոգեւոր, թէ՛ պատասխանատւութեան տեսանկիւնէն ամենադժուարն էր։ Մօրս կորսնցնելէ շատ կարճ ժամանակ անցած էր, իսկ նկարահանման օրը համընկնած էր Մայրերու օրուայ հետ, ինչը զգացումներս աւելի խորացած էր։ Նկարահանման ընդմիջումներու ընթացքին արցունքներս կը սրբէի եւ ինքս ինձ կ՚ըսէի. «Սիպիլ, դուն պէտք է ուժեղ ըլլաս»։ Գուցէ հէնց այդ ժամանակ առաջին անգամ սորվեցայ միաժամանակ կրել եւ՛ արուեստագէտի իմ ինքնութիւնը, եւ՛ որպէս մարդ ապրած իմ ցաւը։
Ի՞նչ կը ցանկանայ Սիպիլը մաղթել հանդիսատեսին այս տեսահոլովակի միջոցով։
Կը ցանկանամ, որ բոլորը Կոմիտասի անկրկնելի ձայնի ուղեկցութեամբ մեկնեն ժամանակից վեր մի ճամբորդութեան։ Եւ ամենակարեւորը՝ երբեք չդադարին հաւատալ, որ երբեմն նոյնիսկ անհնարին թուացող երազանքներն ել կրնան իրականութիւն դառնալ, եթէ կ՚ուղեկցուին համբերութեամբ, աշխատանքով եւ հաւատով։


