23Յունիսին Փարիզն մէջ ՀՀ Արտաքին Գործոց նախարարի տեղակալ Ռոբերտ Աբիսողոմոնեանը հանդիպում ունեցած է ՈՒՆԵՍՔՕ-ի գլխաւոր տնօրէնի՝ բնական գիտութիւններու հարցերով տեղակալ Լիտիա Պրիտոյի հետ։ Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է 2026 թուականին Հայաստան կայանալիք Կենսաբազմազանութեան մասին համաձայնագրի կողմերու 17-րդ համաժողովի նախապատրաստական աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ Համաժողովի շրջանակներուն նախատեսուող նախաձեռնութիւններուն։
Արտաքին Գործոց նախարարի տեղակալը ընդգծած է ՈՒՆԵՍՔՕ-ի առանցքային դերը կլոպալ բնապահպանական մարտահրաւէրներու, այդ թուին՝ կենսաբազմազանութեան պահպանմանն ուղղուած ջանքերուն։ Հանդիպման ընդգծուած է Համաժողովի շրջանակներուն նախատեսուող թեմատիկ միջոցառումներուն, մասնաւորապէս՝ «Բնութիւն եւ մշակոյթ» գագաթնաժողովին եւ «Կրթութեան օր» թեմատիկ օրուան ՈՒՆԵՍՔՕ-ի աշխոյժ մասնակցութեան կարեւորութիւնը: Որպէս համագործակցութեան կարեւոր հարթակ առանձնացուած է նաեւ Համաժողովի շրջանակներուն նախատեսուող «Երեւանեան երկխօսութիւն լեռնային եւ քաղցրահամ ջրերու կենսաբազմազանութեան վերաբերեալ» նախաձեռնութիւնը։



