Բոլորին ծանօթ իրողութիւն է որ գործող կրօնամետ իշխանութիւնը իրեն թիրախ ընտրած է միասեռականներու ամէն տեսակի կազմակերպութիւն։ Մեկնելով նախագահ Էրտողանի «Ընտանիքի եւ բնակչութեան տասնամեակ» քաղաքականութենէն, անչափահասները ու ընտանիքը պաշտպանելու նպատակով եւ Արդարադատութեան նախարարի հրահանգով մեկնարկած է ոստիկանական հետազօտութիւն միասեռականներու միութիւններուն դէմ։
Զանազան քաղաքներու մէջ նոյն պահուն մեկնարկած գործողութիւններով խուզարկուած են բազմաթիւ միութիւններ եւ գրաւուած են անոնց թուային բոլոր տուեալները։ Այս զարգացումներուն արձագանգող լրատուամիջոցներու սոցցանցերը անհասանելի դարձած են։
Եւրոխորհրդարանի Թուրքիոյ տեղեկատու՝ Նաչօ Սանչէզ Ամոր վերջին զարգացումները մեկնաբանած է «Թուրքիա դէպի խաւար կ՚երթայ» ըսելով։ Ամորի համաձայն ԼՊԿԹԻ+ գործիչներու ուղղեալ հալածանքը կը թիրախաւորէ մարդու հիմնական իրաւունքները եւ կը ոտնակոխէ Թուրքիոյ միջազգային հարկադրանքները։
ՏԵՄ կուսակցութեան համանախագահ Թիւլայ Հաթիմօղուլլարը եւս քննադատած է կատարուած գործողութիւնները եւ ձերբակալութիւնները։



