Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ եւ Կիլիկիոյ Ն.Ա. եւ Գերերջանիկ Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքը, 23 Նոյեմբեր 2026, Երեքշաբթի, իր Տիյարպաքըր այցելութեան ընթացքին, այցելեց եւ Սուրբ Պատարագ մատուցանեց Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ։ Գաւառի հայ համայնքներու ներկայացուցիչները ի մի հաւաքած այս արարողութեան ընթացքին Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Հոգեւոր Տէրը դիմաւորեցին գաւառի Հայ համայնքներու Հոգեւոր Տեսուչ եւ Հաթայի մեր եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեանը եւ Իսկէնտէրունի Ս. Քառասուն Մանուկ Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի Ատենապետ Եուսուֆ Թապաշը։Այցելութենէն առաջ՝ 22 Նոյեմբեր 2026, Կիրակի առաւօտ, Էլազըղի հայոց գերեզմանատան Ս. Նշան մատրան մէջ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան Ս. Պատարագ մատուցանեց։ Ս. Սեղանին սպասարկեց Բրկ Մինաս Դպ. Թապաշեան։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, Տիյարպաքըր անցնող պատուիրակութիւնը երկուշաբթի առաւօտ դիմաւորեց Ամեն. եւ Գերերջանիկ Կաթողիկոս-Պատրիարքը, որ Սուրբ Պատարագ մատոյց Սուրբ Կիրակոս մեր եկեղեցւոյ մէջ։Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան եւ Եուսուֆ Թապաշ, Սուրբ Կիրակոս Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի ատենապետ Էրկիւն Այըքի հետ դիմաւորեցին Ամեն. եւ Գերերջանիկ Կաթողիկոս-Պատրիարքը, փոխանցեցին Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր եղբայրական ողջոյնները եւ մասնակցեցան Ս. Պատարագին։ Արարողութեան ընթացքին հիւր Կաթողիկոս-Պատրիարքը շնորհակալութիւն յայտնեց Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր։ Ապա Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքը այցելեց վերականգնումը շարունակուող Ս. Սարգիս Եկեղեցին։
Հայ Կաթողիկէից Հոգեւոր Պետ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքի Տիյարպաքըր Այցը
Սուրբ Պատարագ մատուցանեց Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ։



