Միջազգային վարպետ Վահէ Սուքիասեանը 2025 թուականի իր յաջողութիւնը կրկնելով՝ երկրորդ տարին անընդմէջ նուաճած է Եւրոպայի մինչեւ 18 տարեկան պատանիներու ախոյեանին կոչումը։
Նարէ Իսախանեանը դարձած է Եւրոպայի մինչեւ 12 տարեկան աղջիկներու փոխախոյեան։
ՖԻՏԷ-ի վարպետ Տիգրան Համբարձումեանը դարձած է Եւրոպայի մինչեւ 14 տարեկան պատանիներու պրոնզէ մետալակիր։ Համբարձումեանը դարձած է նաեւ Եւրոպայի առաջնութեան շրջանակին կայացած «WCF Crete Rapid Challenge 2026» արագ շախմատի մրցաշարի յաղթող։
Կանանց ՖԻՏէ-ի վարպետ Սոնա Քրքեաշարեանը զբաղեցուցած է 5-րդ մրցանակային հորիզոնականը մինչ. 16 տարեկան աղջիկներու առաջնութեան մէջ։
Կանանց ՖԻՏէ-ի վարպետ Նուարդ Հայրապետեանը զբաղեցուցած է 7-րդ մրցանակային հորիզոնականը մինչեւ 18 տարեկան աղջիկներու առաջնութեան մէջ։
Դաւիթ Մելքոնեանը զբաղեցուցած է 8-րդ հորիզոնականը մինչեւ 12 տարեկան պատանիներու առաջնութեան մէջ։



