«Հայ Դպրոցը Եթէ Տեղ Մը Կը Խամրի, Այլ Տեղ Կը Ծաղկի»
«Ազդակ»-ի 84-րդ առցանց լսարանի դասախօսն էր սուրիահայ մտաւորական, բանասէր-ազգագրագէտ դոկտ. Յակոբ Չոլաքեան։ Նիւթ՝ «Սուրիահայ դպրոցը», որ կը ներառէր պատմական ակնարկ՝ 240 հայկական դպրոցներու, հայագիտական ամպիոններու եւ դպրատուներու։
Նախքան դասախօսութիւնը՝ լսարանին մասնակիցները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին «Ազդակ»-ի նախկին խմբագրապետ Սարգիս Մահսէրէճեանի վաստակն ու յիշատակը։ Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժինի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան։
Սուրիահայ կրթական կեանքին եւ հանրակրթութեան մասին գիտական աշխատասիրութիւններ պատրաստած դոկտ. Չոլաքեանը ներկայացուց ամբողջ հոլովոյթ մը այս բնագաւառին կապուած՝ կեդրոնանալով 19-րդ դարէն մինչեւ մեր օրերը երկարող ժամանակահատուածին վրայ։ Տոմարային արձանագրութիւններու, Բերիոյ թեմի թէ վարժարաններու եւ կրթական օճախներու արխիւներուն հիման վրայ կատարուած գիտական աշխատանքներու ամփոփ հանրագումարն էր, որ ներկայացուեցաւ «Ազդակ»-ի լսարանի 35 մասնակիցներուն, որոնք հայրենիքէն եւ սփիւռքեան զանազան երկիրներէն մեծ հետաքրքրութեամբ ծանօթացան նիւթերուն եւ իմացան, թէ սուրիահայ վարժարաններու մէջ կրթութիւն ստացած նկատելի փաղանգ մը ինչպէ՚ս հիմնական դերակատար եղած է հայկական աշխարհի տարբեր միջավայրերու մէջ կրթութեան եւ ընդհանրապէս հայ հասարակական կեանքի զարգացման մէջ։ Դոկտ. Չոլաքեան դասախօսութեան ընթացքին սփիւռքի հայկական ժողովրդագրական պատկերի փոփոխութեան ակնարկելով՝ հաստատեց. «Հայ դպրոցը եթէ տեղ մը կը խամրի, այլ տեղ կը ծաղկի»։
Լսարանին հետեւեցաւ նիւթը աւելի խորացնող հարցումներ-քննարկումի բաժին։ Դասախօսութեան ամբողջական տեսագրութիւնը տեղադրուած է «Ազդակ»-ի եութուպեան ալիքին վրայ։

