Ճանապարհորդական դրամաշնորհը, որ մեկնարկած է 2014 թուականին Հրանդ Տինք հիմնարկի կողմէ, աջակցութիւն տրամադրած է Հայաստանէն եւ Թուրքիայէն տարբեր մասնագիտութիւններ եւ հետաքրքրութիւններ ունեցող շուրջ 650 անհատի, այդ թուին՝ երաժշտական խումբեր, ճարտարագիտութեան, միջազգային յարաբերութիւններու եւ քաղաքագիտութեան բաժնի ուսանողներ, կանանց հզօրացման ՔՀԿ-ներ, կինօռեժիսորներ, լուսանկարիչներ, երաժիշտներ, հետազօտողներ, կաստրոնոմիայի մասնագէտներ, տարբեր քաղաքներէն, ովքեր այցելած են հարեւան երկիր առաջին անգամ։
Ճանապարհորդական դրամաշնորհը հնարաւորութիւն կու տայ բացայայտել ձեր մասնագիտութեան եւ փորձառութեան ոլորտին նոր հնարաւորութիւններ՝ գտնուելով սահմաններէն վեր։ Յայտերը բաց են բոլոր անձանց համար, ովքեր կը ցանկանան այցելել հարեւան երկիր՝ երկխօսութեան եւ համագործակցութեան նպատակով։ Ճանապարհորդական դրամաշնորհը աջակցութիւն կը տրամադրէ այնպիսի այցելութիւններու, որոնք կը ներառեն գործընկերութեան հիմնում եւ ցանցային համագործակցութիւններ, ծրագրային փլանաւորման այցեր, միջսահմանային ծրագրեր, ծրագրի նախապատրաստական հանդիպումներ, փոխանակման ծրագրեր, կրթութիւն եւ լեզուի ուսուցում, գիտական համագործակցութիւն, հետազօտութիւններ եւ թեկնածուական աշխատանքներ, քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւններու մէջ կամաւորական աշխատանք, համատեղ ստեղծագործական աշխատանքներ, ինչպէս նաեւ վերոնշեալ թեմատիկ ոլորտներու մէջ քննարկումներ, համաժողովներ, սեմինարներ, ցուցահանդէսներ, համերգներ եւ նմանատիպ միջոցառումներու կազմակերպում կամ մասնակցութիւն։
2026 թուականի Օգոստոսէն մինչեւ 2027 թուականի Յուլիս ինկած ժամանակահատուածին Ճանապարհորդական դրամաշնորհը կ՚աջակցի առնուազն 50 անհատին։ Այս շրջափուլին ծրագիրը կը ֆինանսաւորուի Եւրոպական միութեան կողմէ՝ «Աջակցութիւն Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման միջսահմանային կապերու ամրապնդման» ծրագրի շրջանակներու մէջ։
Կը խնդրենք դիմելէ առաջ մանրամասն ծանօթանալ Հայաստան-Թուրքիա ճանապարհորդական դրամաշնորհի կանոնակարգին։
Հարցերու դէպքին կրնաք մեզ հետ կապ հաստատել հետեւեալ էլ հասցէով՝ [email protected]
Ճանապարհորդական դրամաշնորհը 2026-2027 թթ. կ՚իրականացուի ԵՄ-ի կողմէ ֆինանսաւորուող «Աջակցութիւն Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման միջսահմանային կապերու ամրապնդում» ծրագրի շրջանակներու մէջ։



