ՄԱԿ-ի, 81-րդ նստաշրջանը զանազան խնդիրներու արծարծման զուգահեռ առիթ ընծայեց Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ հետ առնչուած նիւթերու բարձրամակարդակ շօշափման։ Այս առումով Թուրքիոյ Նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան եւ Հայաստանի Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան զանազան նիւթերու կողքին անջատաբար անդրադարձան նաեւ Հայաստան- Թուրքիա յարաբերութիւններուն։
Ժողովին Էրտողան անդրադարձաւ Կազզայի մէջ տիրող իրավիճակին, Սուրիային, ռուս-ուկրաինական հակամարտութեան, կիպրական հարցին եւ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացին։
Անդրադառնալով Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացին՝ Էրտողանը նշեց.
«Հարաւային Կովկասի հարցին մեր տեսակէտը չափազանց յստակ է։ Յուսալով կը ցանկանանք, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ մնայուն խաղաղութիւն հաստատուի։ Կը գնահատենք եւ կ՚աջակցինք պարոն Ալիեւի եւ պարոն Փաշինեանի՝ լուծման ուղղութեամբ ցուցաբերած կամքին։ Վճռաբար առաջ կը մղենք Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը»։
Միւս կողմէ Հայաստանի Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, նշելով որ հիմա կը կեդրոնանան TRIPP-ի (Թրամփի Միջազգային Խաղաղութեան եւ Բարգաւաճման Ճամբուն) նախագիծին իրագործման վրայ, ըսաւ թէ այս նախագիծին իրագործումով տարածաշրջանային կապակցութիւնը լիովին պիտի ապահովուի։ Փաշինեան նշեց, թէ Հայաստանը 1990-ականներու սկիզբէն ի վեր փաստօրէն շրջափակումի տակ կը գտնուի։ Փաշինեան այս յայտարարութիւնները ըրաւ Նիւ Եորքի մէջ, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Տարեկան Գագաթաժողովի հարթակին վրայ։ «Ամէն բանէ առաջ, մենք երկաթուղային կապակցութիւն պիտի ունենանք Ատրպէյճանի հետ։ Անհամբեր կը սպասենք Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ սահմանին բացումին, ինչպէս նաեւ ասոր շրջագիծին մէջ՝ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ երկաթուղային կապակցութեան վերահաստատումին։ Ընդհանուր առմամբ, ասիկա ամբողջովին պիտի փոխէ միջազգային փոխադրութիւնը։ Որովհետեւ միջազգային հանրութիւնը Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ նոր ուղի մը պիտի ունենայ»,- ըսաւ ան։ Փաշինեան անդրադառնալով նաեւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» նախագիծին, գործածեց հետեւեալ խօսքերը. «TRIPP-ի զուգահեռ արդիւնքով, Պարսից Ծոցին եւ Սեւ Ծովուն միջեւ երկաթուղային կապ պիտի հաստատուի»։ Փաշինեան բացատրեց թէ ինչ կը նշանակէ այս նախագիծը, հետեւեալ կերպով. «Քանի մը տարի առաջ Հայաստանի կառավարութիւնը ստեղծեց «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» կոչուած նախագիծ մը։ Ահաւասիկ անոր գրքոյկը հոս է. նոյնիսկ այս նպատակով ապրանքանշային աշխատանք մըն ալ կատարեցինք։ Այս բոլորին հետ մէկտեղ, այս նախագիծը իրականութեան կը վերածուի»։



