Հայաստանի Հանրապետութիւնը այս տարի կը նշէ անկախութեան 35-ամեակը։ Տարեթիւը մտածել կու տայ պատերազմներու, պետական հարստութեան թալանման, անցումային շրջանի յատուկ բազմաբնոյթ թերութիւններու մօտ երեսնամեայ կորստեալ շրջանէ մը ետք պայծառ ապագայի մը տեսլականով դէպի յառաջ ընթանալու յոյսը։
Այս առթիւ գլխաւորութեամբ մայրաքաղաք Երեւանի, երկրի բոլոր քաղաքներու մէջ յատուկ միջոցառումներով նշուեցաւ անկախութեան տօնը։
Սեպտեմբերի 21-ին Էջմիածին քաղաքի «Օրդակեան» պարի դպրոցէն 100 աշակերտ մասնակցեցան Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 35-ամեակին նուիրուած համաքաղաքային տօնակատարութեան:



