Երիտասարդ լուսանկարիչը տեղեակ չէր Ուղուրի հետ կատարուածէն։ Ան իր պարտականութիւնը կատարած, նկարած էր ցոյցի մասնակիցները։ Memory card-երը համալսարանի ելեկտրական սարքերու աշխատողին յանձնելով աւարտած էր գործը։ Յաջորդ աշխատանքը ստանձնած էին վեց անձերէ բաղկացող խմբակ մը, որոնք մի առ մի ճշդած էին լուսանկարներու մէջ յայտնուող դէմքերու ինքնութիւնը։ Սպրդած էին անոնց համացանցային նամակագրութիւններուն եւ այդ ճամբով, Լոնտոնի մէջ Իսրայէլի դեսպանատան կցորդի մը ձեռամբ ալ հասած էին Ուղուրի պայմանագիր կնքած համալսարանի տեսուչին։
Էլ-նամակներու խուզարկման պահուն նկատած էին նաեւ Նիկոլի հետ նամակցութիւնը։ Ուշադրութիւն չէին դարձուցած, տեսնելով թէ այդ նամակներու բովանդակութիւնը լոկ մասնագիտական է։ Միայն առանձնացուցին անոնցմէ մէկը, որու վրայ Նիկոլ իր հեռախօսահամարը փոխանցած էր Ուղուրին։
Կէսօրուայ ժամերուն «Լոնտոնի Աչքը» կոչեալ գարուզելի պտոյտով սկսող օրը շարունակուեցաւ քաղաքի PUB-երէն մէկուն ծագած նոր ծանօթութիւնով եո աւարտին հասաւ Սառայի անկողնին վրայ։ Սիրով սիրաբանելով յագեցած գիշերուայ լուսաբացին Սառան էր անկողնէն առաջին դուրս եկողը։ Գիշերանոցով ծածկեց մերկ մարմինը եւ ուղղուեցաւ բաւականին նեղ բնակարանի խոհանոցը, սուրճ պատրաստելու համար։
Ուղուր եւս դուրս եկաւ անկողնէն փռշտալով։ Աչքերը փակ, ձեռքի որոնումով գտաւ վարտիքը, հագաւ ու ուղղուեցաւ զուգարան, երեսը լուսալէ ետք զուարթ բարի լոյս մը ըսելով բարեւեց Սառային։
Այդ բարի լոյսը ըսած պահուն արդէն իսկ կանգնած էր երիտասարդ կնոջ անմիջապէս ետեւը։ Բնազդային շարժումով համբուրեց Սառայի ծոծրակը։ Կինը սատարած այդ համբոյրով ու հրելով Ուղուրը կրկին ուղղեց դէպի անկողին։ Գիշերուայ այդ նոյն ցանկութիւնով անգամ մը եւս սիրաբանեցան։ Ուղուր երբ ուշքի եկաւ, յիշեց իր պատանութեան շրջանին մզկիթ յաճախող տարեցներու պատմածները։ «Դրախտ կոչուածը կ՚երեւի այս է» մտաբերեց։ Կը տատամսէր սա վերջին երկու օրերու պատահարները ընկալելու։ Բարիքն ու չարիքը ընդմիշտ իրար կը յաջորդէին։ Ուրախացած էր Լոնտոնի համալսարանին կատարած դիմումին դրական պատասխան ստանալով։ Բաւականին գոհացուցիչ պայմաններով մէկ տարի պիտի աշխատէր այդ համալսարանի մէջ, երկրորդ շրջան մը եւս շարունակելու հաւանականութիւնն ալ պահելով։ Ապա որքան դիւրին եղած էր կնքուած պայմանագրի չեղարկումը, անմեղ լուսանկարի մը պատճառաբանութեամբ։ Յետոյ ծանօթացած էր Սառայի հետ, որ հիասթափութեան պահուն իրեն մատուցած էր կարծեցեալ դրախտի մը ապրումները։
Տակաւին ի՞նչ անակնկալներ կը սպասէին իրեն, չէր գիտեր։ Բայց Սարայի աչքերը խոշոր բացուած էին, երբ Ուղուր պատմեց գլխուն եկածները։ Ուշադրութեամբ լսեց Պաղեստինի զօրակցութեան համար կատարուած բողոքի ցոյցի մասին Ուղուրի պատմածները։ Ապա նշեց թէ ինք եւս իր ընկերներուն հետ, որոնք բոլորն ալ իր նման հրեայ են, կը բաժնեն նոյն համոզումը այց ցուցարարներուն հետ։
Նոր յայտնութիւն մը եղաւ Սառայի թէ ցեղային պատկանելութիւնը եւ թէ քաղաքական աշխարհ ընկալումը։
**
Երբ Լոնտոնի մէջ դէպքերը կը զարգանային զգլխեցուցիչ արագութեամբ, Պոլսոյ մէջ կար բոլորովին տարբեր տրամադրութիւն։ Նիկոլի առօրեայ գտած էր իր բնական հունը։ Համալսարանէ ներս դասապահերը նաեւ առիթ էին տեղւոյն երիտասարդութեան հետ շփուելու առումով։ Այստեղ կ՚ապրուէր կարծրատիպները կործանող բազում երեւոյթներ։ Նախ նկատած էր ուսանողներու միջեւ դասակարգային մեծ տարբերութիւնը։ Ոմանք սեփական սուղ ինքնաշարժներով կու գային համալսարան, իսկ ոմանք կը բնակէին հանրակացարանը կամ մերձակայ թաղի մէջ վարձուած տուներուն։ Բայց դասակարգային այս տեսանելի տարբերութիւնը զգալի չէր ըլլար անոնց ընկերական յարաբերութիւններուն։ Մեծահարուստի կամ համեստ ընտանիքի զաւակներ, լաչակաւորներ եւ կարճ փէշ հագնողներ յաճախ կը յայտնուէին մտերիմ զրոյցներու մէջ։ Իսկապէս ալ կարծրատիպներու կամ նախապաշարումներու, փշրուելու, փուլ գալու պատկեր մը կը տիրէր այս համալսարանի մէջ։
Դասապահի մը ընթացքին էր, որ Նիկոլ նկատեց անձայն դիրքի բերած բջջային հեռախօսի թրթռացումը։ Ծերանոցի բժիշկն էր։ Այդ պահուն չկրցաւ պատասխանել, բայց դասապահի աւարտին վերադարձաւ այդ զանգին, ուր բժիշկը խորհուրդ կու տար այցելել իրեն Վեհանոյշի մասին բացատրութիւններ տալու համար։




