«Հանդիպում» փառատօնի ամենաուշագրաւ համերգներէն մէկը կայացաւ 28 Մարտ շաբաթ երեկոյ ԻՔՍՎ Սալոն դահլիճի մէջ։ Անուանի հայ երաժիշտը իր հետ ունէր չորս արժէքաւոր նուագածուներ, հարուածային գործիքներու վրայ Ճէսըն Ուաթսն, քամանչայով՝ Եորկոս Քոնթոկեանիս, քանոնահար Դասոս Փալիոս եւ դաշնակահար Եանի Քիրըմ։ Անոնք աւելի քան երկու ժամեր յաջողեցան ստեղծել բաւականին ջերմ երաժշտական մթնոլորտ մը, կատարելով հանրածանօթ հայերէն երգեր, յաւելելով յունարէն եւ արաբերէն նմոյշներ։
Քանի որ երգերու կարեւոր մէկ մասը հանրածանօթ բնոյթ ունէին, դահլիճը անվարան ձայնակցեցաւ անուանի մենակատարին, եւ ստեղծուեցաւ բեմի ու դահլիճի միջեւ յուզիչ երկխօսութիւնը։
Հայկ Եազըճեան յարգանքի տուրք մատոյց նաեւ իր արուեստակից ուտահար Արա Տինքչեանին։ Անուն մը՝ որ նոյնպէս ծանօթ եւ հարազատ է պոլսահայ եւ ոչ միայն հայ նաեւ այլազգի երաժշտասէրի համար։ Արդարեւ պարտինք նշել թէ Հայկ Եազըճեանի համերգը լսելու փութացողներու մէջ մեծամասնութիւն կը կազմէին այլազգիներ, որոնք իրական խնջոյքի տրամադրութիւնը ըմբոշխնեցին շատ անգամ իրենք եւս մասնակցելով հայերէն երգերուն։
Չափազանցած չենք ըլլար, երբ կ՚ըսենք թէ Հայկ Եազըճեանը իր միօրեայ կեցութեամբ փոթորկեց, սիրտեր գրաւեց եւ գնաց։



