Քրիստոս Յարեաւ Ի Մեռելոց։
Մեր Տիրոջ Սուրբ Յարութեան ոգեշունչ աւետիսի առթած հոգեւոր ուրախութեան ապրուած այս օրերուն, հայրական սիրոյ ողջունիւ եւ օրհնութեամբ կը շնորհաւորենք «Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադրութեան 30-ամեակը։ Մամլոյ ծառայութեան նուիրուածներու համար երախտարժան հանգրուան մըն է սա, որ արդիւնքն է նուիրեալ եւ պատասխանատու ծառայութեան։
«Ակօս»-ը սկիզբ առաւ երանաշնորհ Գարեգին Բ. Պատրիարքի շրջանին եւ քաջալերութեամբը Երանաշնորհ Մեսրոպ Բ. Պատրիարքին, այդ օրերուն՝ եպիսկոպոս։ Այս քաջալերանքին գլխաւոր պատճառն էր համայնքի ոչ-հայախօս անդամներուն հասնիլ կարենալու գովելի նպատակը։ Եւ յիրաւի «Ակօս» շաբաթաթերթը իր երեսուն տարուան հրատարակութեան տեւողութեան ընթացքին արդարացուց այս նպատակը, առանց անտեսելու նաեւ համայնքի հայախօս անդամները։
«Ակօս»ը իր երկլեզու հրատարակութեամբ ջանացած է հրապարակագրական ու հասարակական առաքելութեամբ, լոյս սփռել արդարութիւնը, գաղափարի ազատութիւնը եւ արժանապատիւ կեանքի պայմանները յարգող հասարակութեան վրայ։ Համայնքային կեանքին առընչուած հարցերուն առընթեր աշխարհի առօրեան յուզող հարցեր եւս տեղ գտած են իր սիւնակներուն մէջ։ Ջանացած է նպաստել տարբեր ժողովուրդներու, մշակոյթներու միջեւ կամուրջի մը հաստատման, միշտ գովաբանելով ու կարեւորելով փոխըմբռնման, հանդուրժողութեան եւ խաղաղ համակեցութեան կարեւորութիւնը, որ իր մէջ կը ցոլացնէ մեր Տիրոջ աւանդած նոր պատուիրանը, որ հրաւէր է զիրար սիրելու (Յովհ. 13.34)։
Այս յոբելենական առիթով յատուկ կերպով կ՚ուզենք յիշատակել հոգելոյս Հրանդ Տինքը, որ եղաւ «Ակօս»-ի հիմնադիրն ու ոգին։ Ան մինչեւ իր վերջին շունչը մնաց «Ակօս»ի առաքելութեան պատնէշին վրայ, ըլլալով դրօշակիրը արդարութեան, ժողովուրդներու եղբայրութեան եւ խաղաղ համակեցութեան։ Հանգստեան աղօթքով կը յիշենք զինք։ Աստուած հոգին լուսաւորէ եւ երկնային անթառամ պսակին արժանացնէ։
Այս առթիւ կը գնահատենք նաեւ բոլոր անոնց նուիրումը, որոնք տարիներու ընթացքին իրենց մասնակցութիւնը բերած են «Ակօս»-ի առաքելութեան իրականացման։ Կը շնորհաւորենք ներկայ խմբագրական կազմը։ Անոնց նուիրեալ ծառայութիւնը նշանն է հաւատարմութեան եւ պահպանութեան հանդէպ՝ բարոյական մնայուն արժէքներու։
Ի Տեառնէ կը մաղթենք, որ «Ակօս» շաբաթաթերթը շարունակէ իր առաքելութիւնը՝ Աստուծոյ օրհնութեամբ, նոյն նուիրումով եւ իմաստութեամբ, դառնալով նաեւ ապագայ սերունդներուն համար վստահելի եւ ներշնչող ուղեցոյց մը։ Կը հայցենք Ամենակալ Աստուծոյ առատ շնորհներն ու օրհնութիւնը այն բոլոր ջանքերուն վրայ, որոնք կը ձգտին ծառայել խաղաղութեան, սիրոյ ամրացման։
Հայրական սիրով եւ օրհնութեամբ՝
ՍԱՀԱԿ Բ.
ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ԹՈՒՐՔԻՈՅ



