Հալէպի Քառասնից Մանկանց Եկեղեցին կը դառնայ փլատակ
Կարելի չէ Հալէպի հայ գաղութը պատկերացնել առանց անոր ամենէն հին եկեղեցիին՝ առանց առաջնորդանիստ Քառասնից Մանկանց եկեղեցիին։ Սուրիական աւերիչ պատերազմի սկիզբէն ի վեր թիրախ հանդիսացած այս եկեղեցին, բազմաթիւ անգամներ հարուածի ենթակայ եղած եւ վնասուած է։ Սակայն 29 Ապրիլի առաւօտուն պայթում մը կիսափլատակ դարձուցած է 15-րդ դարու կոթողը։
Մինչ պայթումի աղբիւրը կը մնայ արեղծուածային, կարծիքները բաժնուած են հրթիռաձգումի եւ գետնանցային ականահարումի միջեւ։ Պէտք է նշել որ երկու միջոցներն ալ յաճախ կը կիրարկուին Հալէպի պատերազմի ընթացքին։ Երկու շաբաթ առաջուան Սուլէյմանիէյի պայթումները հրթիռներու արդիւնք էին, իսկ տարի մը առաջ Հալէպի կառավարական պալատի հսկայական շէնքին պայթումին պատճառը յայտնի դարձած էր որպէս գետնանցային ականահարում։
Հալէպի Հայ Առաքելական Քառասնից Մանկանց եկեղեցին կը գտնուի քաղաքի հին թաղամասերուն մէջ, հիմնուած է Ջուղայեցի հայ վաճառականներու կողմէ, երբեմնի աշխոյժ առեւտրական կեդրոն Հալէպի հետ սերտ կապեր եղած ժամանակաշրջանին։ Որպէս փոքրիկ մատուռ մը հիմնուած սրբավայրը, դարերու ընթացքին վերանորոգուած եւ ընդլայնուած է, դառնալու համար Հալէպի հայ համայնքի ամենէն մեծ եկեղեցիներէն մէկը, ինչպէս նաեւ մայր եկեղեցին, որուն կից գործած է նաեւ Բերիոյ Հայոց Առաջնորդարանը։ Այստեղ նաեւ ժամանակին գործած է գրչատուն մը, ուր պատրաստուած եւ վերանորոգուած են ձեռագիր մատեաններ, ի յայտ բերելով Հալէպի հայկական ձեռագրաց դպրոցը։
Երկու տարի է ի վեր Առաջնորդարանը փոխադրուած էր իր պատմական նստավայրէն, շրջանի վտանգաւոր վիճակին պատճառով։ Այժմ անյայտ կը մնան եկեղեցիի պատերուն մեծ թիւով սրբանկարներու եւ եկեղեցական գանձերու ճակատագիրը։ Յատկապէս հսկայական «Վերջին Դատաստան» պատկերին ճակատագիրը մտահոգիչ է, որը անկարելի է փոխադրել իր մեծ չափերուն պատճառով։ Հալէպէն հասած լուսանկարներուն մէջ կը թուի կանգուն մնացած ըլլալ նորակերտ զանգակատունը։

