Համատարած աղքատութիւն եւ ազգային տուրք
Կեանքի երեք կարեւոր հանգրուաններն են մկրտութիւնը, պսակադրութիւնը եւ թաղումը։ Այդ երեք իրադարձութիւններու պահուն հայ անհատը առիթը կ'ունենայ իր անուան տուրքը մատուցելու պատկանած ազգին։ Այդ տուրքն է ազգի հոգեւոր կեդրոնի հիմնական եկամուտի աղբիւրը։
Երկրի մատնուած տնտեսական ճգնաժամի պայմաններուն տակ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանը 1 Յունուար թուականէն սկսեալ այդ ծիսակատարութեան համար պահանջուած գումարը յաւելեց յիսուն տոկոսով։ Ինչպէս պետութիւնը գանձումներու համար կը պարտադրէ առաւելագոյն, իսկ թոշակներու համար ալ նուազագոյն համեմատութիւնով հաւելում ընել, պատրիարքարանն ալ հետեւած է նոյն ճամբուն, 50 տոկոսի յաւելումով։
Սակայն միւս կողմէ Պատրիարքարանը որոշում կայացուցած է շատ կարեւոր խնդրի մը վերաբերեալ։ Ան ոչ միայն այս յաւելումէն, այլ ամբողջ գումարէն հրաժարած է պայմանաւ որ խնդրոյ առարկայ արարողութիւնները կատարուին իր պատշաճութեան մէջ։ Ենթական եթէ յօժարի մէկ քահանայով եւ առանց եկեղեցին յաւելեալ զարդարանքով աղաւաղելու մկրտութիւն կատարելէ, զերծ պիտի մնայ Պատրիարքարանի բաժինը վճարելէ։ Նման կարգադրութիւն կը նախատեսուի պսակադրութեան համար, այս անգամ միայն երկու քահանաներու մասնակցութեամբ։
Ողջունելի է Պատրիարքարանի այս որոշումը։ Ան որ տարուած է ցուցամոլութեան, թող առատաձեռն ըլլայ Պատրիարքարանի հանդէպ ալ։
Մեր միակ առարկութիւնը կը մնայ յուղարկաւորութիւնը գերեզմանատան մատրան դատապարտելու որոշումին։ Լաւ պիտի ըլլար որ մէկ քահանայով կատարուած յուղարկաւորութիւններն ալ զերծ մնային այս տուրքէն, եկեղեցւոյ մէջ կատարուելու պարագային ալ։
Ստորեւ կ՚արտատպենք այս նիւթի մասին Պատրիարքարանի շրջաբերականը։
«1 Յունուար 2026 թուականէն սկսեալ ի զօրու դառնալու պայմանաւ, Ս. Մկրտութեան, Ս. Պսակի խորհրդակատարութեանց եւ յուղարկաւորութեան արարողութեանց յատուկ շրջաբերականը վերանորոգուած է։
Սոյն վերանորոգութեան աշխատանքին ընթացքին նկատի առնուած են մեր համայնքի հաւատացեալ անդամներուն ակնկալութիւնները, Պատրիարքարանի ելեւմուտքը, ինչպէս նաեւ ծառայող հոգեւորականներու կարիքները։ Ներկայ տնտեսական եւ սղաճի պայմանները նկատի ունենալով, շրջաբերական ցանկին մէջ %50-ի համեմատութեամբ յաւելում կատարուած է։
Միւս կողմէ, Կրօնական Ժողովը որոշած է ստորեւ նշուած պարագաներուն… Պատրիարքարանի բաժինը չստանալ.
• Մկրտութիւն՝ մէկ հոգեւորականի մասնակցութեամբ եւ առանց եկեղեցւոյ զարդարանքի կատարուելու պարագային
• Ս. Պսակ՝ երկու հոգեւորականներու մասնակցութեամբ եւ առանց եկեղեցւոյ զարդարանքի կատարուելու պարագային
• Յուղարկաւորութիւն՝ մէկ հոգեւորականի մասնակցութեամբ եւ գերեզմանատուներու մատուռներուն մէջ կատարուած արարողութիւններու պարագային Յարգանքով կը տեղեկացնենք առ ի գիտութիւն մեր համայնքի անդամներուն»։

