Ամենաշատ ուղղուած երկու հարցումներ են հետեւեալները։ Հայաստանցին կը հարցնէ «Հայերը ինչպէ՞ս են Թուրքիոյ մէջ»։ Իսկ թուրքիացին իմանալ կ՚ուզէ Հայաստանի ընկերատնտեսական պայմանները։ «Շատ աղքատութիւն կա՞յ»։
Երկկողմանի կարծրատիպեր, ըստ որոնց անկարելի է հայ ըլլալով Թուրքիոյ մէջ ապրիլ եւ երկրորդ Հայաստան աղքատ երկիր մըն է։
Անձնական փորձով գիտեմ թէ հայ ըլլալով ապրելու յարմարագոյն վայրը Հայաստանէ ետք Թուրքիան է։ Այդ առումով Թուրքիոյ համազօր արժէք ներկայացնող երկիրներ են Պարսկաստանը, Լիբանանը եւ մինչեւ մօտ անցեալ Սուրիան։ Առաջին երկուքը բնօրրանի յատկութեամբ, իսկ յաջորդ երկուքը իրենց հիւրընկալ մերձեցումով հայ ժողովուրդի ամենամօտ պետութիւնները կը հանդիսանան։ Գիտեմ որ այս երեւոյթը այդքան ալ դիւրաւ ընկալելի չէ արեւմտեան երկիրներու հայկական սփիւռքներու հայութեան համար։ Ընդհանուր տիրոյթը այդ երկիրները կը դիտէ քաղաքակրթութեան բարձունքները նուաճած ըլլալու տեսլականով։ Սա ընդհանուր համոզում մըն է, որուն իրաւացիութիւնը իսկապէս ալ երկար քննարկման կը կարօտի։

Միւս կողմէն Հայաստան մինչեւ 35 տարի առաջ բարգաւաճ երկիր մըն էր, որուն քաղաքացիները աշխատանքով ապահովուած կերպով, ապագայի հանդէպ մտահոգութիւններէ ձերբազատուած կ՚ապրէին իրենց խաղաղ կեանքը։ Անշուշտ որ այդ մակարդակը հրաշքով չէր գոյացած եւ Խորհրդային Հանրապետութիւնը կազմող բոլոր ժողովուրդներու նման հայերն ալ բաւականին սուղ հատուցած էին այդ բարգաւաճումը։ Ապա վրայ հասաւ կարգերու փլուզումը, որ առիթ ընծայեց թալանողներու խուժանի մը երկրի ցարդ կուտակուած հարստութիւնը յափշտակելուն։
Ներկայ Հայաստանը ահա այդ աւազակութեան ստեղծած խոցերը բուժելով երթ մը որդեգրած է դէպի լուսաւոր ապագայ։
Այս երեւոյթն ալ թերահաւատներու համար դժուար հասկնալի է, քանի որ աղքատութեան ճիրաններուն տակ տքնող Հայաստանի մը պատկերը աւելի հաւաստի ընդունած են ի սկզբանէ։
Մեր տեսածը իր բնազդային ներուժը բոլորին մատուցող Երեւանի մը իրողութիւնն է։ Քաղաքը այդ ներուժով կը գրաւէ բոլորի հիացմունքը, անկախ այն երեւոյթէն թէ անոնք հայ են կամ ոչ։
Իսկապէս ալ Երեւանի փողոցները եւ մանաւանդ մեր ճամբորդած ինքնաթիռի ուղեւորները անհաւատալիօրէն բազմերանգ էին, որուն կ՚անդրադառնայինք մեր լսած լեզուներու զանազանութեամբ։
Ընդամէնը մէկ ամսուայ տեւողութեամբ կայացած այս մեր երկրորդ այցելութեան ընթացքին համարեա օրուայ բոլոր ժամերը անցան Մերիտեան համագումարներու կեդրոնի եւ Կարմիր Կամուրջ հիւրանոցի միջեւ։
Հարց կու տամ բարեկամիս թէ ի՞նչ է այն, որ Հայաստանի մէջ կայ եւ Թուրքիոյ մէջ չի կայ։ Խօսակիցս տանջել չուզելով ես վրայ կը բերեմ պատասխանը որն է՝ շինարարական ճաշակը։ Այս համոզումին հասած եմ տեսնելով թէ համագումարներու կեդրոնի եւ թէ հիւրանոցի ճարտարապետական գիւտերը։ Մանաւանդ ալ այդ գիւտերու ետին զգացուող մտածելակերպը։ Ոչ միայն ճարտարապետական ոճը, այլ ճարտարագիտական կիրարկումները դոյզն իսկ չեն զիջէր աշխարհի լաւագոյն նմաններուն։ Երկու երկիրներու ընկալումներուն մէջ կարեւորագոյն տարբերութիւնը կը գոյանայ նպատակներու հետապնդումէն։ Մէկ կողմէն շինարարներ, իրենց բոլոր ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած են շահաւէտութեան հիման վրայ։ Կ՚ուզեն օգտագործել տարածքի իւրաքանչիւր քառակուսի մեթրը, յաւելեալ շահի սիրոյն։ Միւս կողմէ նախապատուութիւնը ուղուած է մարդկանց հանգստութեան։
Ինչպէս որ վերեւ ալ նշեցինք, մէկ ամսուայ տեւողութեան մէջ այս երկրորդ այցելութեան դրդապատճառը Համաշխարհային Հայկական Գ. Գագաթնաժողովի մասնակցիլն էր։ ՀՀ սփիւռքի գործերու յանձնակատարի գրասենեակի կողմէ կազմակերպուած ժողովին մասնակցած էին 50-է աւելի երկիրներէ ժամանած աւելի քան 800 անձեր։ Անոնցմէ մէկ մասը կը ներկայացնէր սփիւռքէն ոեւէ համայնք կամ ալ հասարակական կազմակերպութիւն։ Արդարեւ բացի ընդարձակ դահլիճներէ, որոշ տարածք մըն ալ տրամադրուած էր այդ հասարակական կազմակերպութիւններուն, որոնք «Էքսփօ» խորագրին ներքեւ կը ծանօթացնէին իրենց աշխատութիւնները։
Քառօրեայ գագաթնաժողովի պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ Մերիտեան համագումարներու կեդրոնի չորրորդ յարկի ընդարձակ դահլիճին մէջ։ Այստեղ նոյնիսկ այս առաջին պահէն կարելի էր հաստատել թէ գագաթնաժողովը ապահոված է իր առաքելութիւնը, քանի որ մարդիկ երբեմն նոր ծանօթացած, երբեմն վաղեմի բարեկամներ կը հանդիպէին իրարու եւ անձնական տեղեկութիւններու փոխանցումով կը հարստացնէին անհատական նեթուորքները։
Նիկոլ Փաշինեանի խիստ
կարեւոր ուղերձով մեկնարկեց գագաթնաժողովը
Յաջորդ առաւօտ սփիւռքի գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանի բարի գալստեան ուղերձէն ետք ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի խիստ կարեւոր ուղերձով մեկնարկեց գագաթնաժողովը։
Վարչապետը դասախօսութեան մը բնոյթով իր ելոյթին մէջ ծանրացաւ աշխարհասփիւռ հայութեան հայրենիքի եւ պետականութեան ընկալումներու նիւթին։ Ան պատմեց թէ հայրենիքի գաղափարը իր մէջ զանազանութիւն կը պարունակէ։ Ոմանց համար իր պապերուն ծնած քաղաքն է, որուն սահմանները կարելի չէ ճշտել։ Միւս կողմէն կայ իրական Հայաստանը, իր 29 հազար 743 Քմ² տարածքով։ Այդ տարածքը կը կոչուի Հայաստանի Հանրապետութիւն, եւ մեր իրաւասութիւնը ու լիազօրութիւնը սահմանուած է այդ տարածքով։ Վարչապետը անդրադարձաւ նաեւ քաղաքացիութեան գործընթացին, յիշեցնելով թէ այդ մէկը հայ անհատի շնորհուած բացառիկ իրաւունք է եւ գտած է իր արժանի անդրադարձը համայն հայութեան կողմէ։
Ելոյթի աւարտին Վարչապետ Փաշինեան լրացուցիչ պատասխաններ փոխանցեց իրեն ուղղուած հարցումներուն։ Իսկ հարցումները ընդհանուր առմամբ կը դրսեւորէին որոշ չափով վարանումի երեւոյթներ։
Նոյն օր յաջորդ նիստին այս անգամ հանգամանօրէն լսարանին խօսք ուղղողը եղաւ Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Ալեն Սիմոնեան։ Ան եւս պարզեց Հայաստանի պետականութեան տեսլականը, համբերութեամբ պատասխանելով անվերջանալի հարցումներուն։
Համայնքներու խնդիրներուն ուղղուած նիստին ելոյթ ունեցան Մանէ Յովակիմեան ժողովավարութեամբ Ռուզաննա Գրիգորեան, Փասկալ Շամասեան, Խաւյէր Փոլաթեան, Թալին Եաքուբեան, Հրայր Ճեպեճեան եւ Նազար Պինաթլը։
Պինաթլը նկարագրեց պոլսահայութեան տածած ուշադրութիւնը Հայաստան երկրի զարգացումներուն նկատմամբ։ Ան նաեւ անդրադարձաւ հայրենադարձութեան երեւոյթներուն, որոնք օր ըստ օրէ աւելի տեսանելի կը դառնան պոլսահայ իրողութեան մէջ։ Պինաթլը դիտել տուաւ ուսանողական, առեւտուրի եւ հիմնական բնակութեան նպատակներով յայտնուած օրինակներ։
Ուշագրաւ էր որ այս նիստի ատենախօսները նախընտրած էին անգլերէն կամ ֆրանսերէնով արտայայտուիլ։ Նման երեւոյթ գոյացաւ երբ կը քննարկուէր սփիւռքի մէջ մետիայի եւ լրատւութեան վերաբերեալ խնդիրներ։ Մետիա եւ Հանրային վստահութիւն. Ժամանակակից հաղորդակցային միջավայրի մարտահրաւէրներն ու հնարաւորութիւնները» խորագրեալ նիստի ժողովավարը Սեւանա Զատորեան եւս ժողովը վարեց անգլերէնով։ Քրիտսին Քալուստեան Ակուճեանը եւ Սաթէ Խաչատուրեանը իրենց զեկոյցները ներկայացուցին հայերէնով, իսկ հանրածանօթ շարժանկարի բեմադրիչ Սերժ Աւետիկեան եւս նախընտրեց ֆրանսերէնով արտայայտուիլ։
Այս նիստին Թուրքիայէն մասնակցած էր «Լոյս» մետիայի հիմնադիր Արամ Քուրան, որ ամբողջ համագումարի ընթացքին թրքերէնով արտայայտուող միակ անձն էր, որուն խօսքերը իսկոյն կը թարգմանուէին հայերէնի։
Յիշուեցաւ Պոլսահայ
Եսայեան Մշակութային
նախաձեռնութիւնները
Սերժ Աւետիկեան իր ելոյթին մէջ յատկապէս անդրադարձաւ Եսայեան Մշակոյթի եւ Գրականութեան Միութեան գործունէութեան։ Յիշեց անոնց սոյն տարուայ Մարտ ամսուն կազմակերպած «Հանդիպում» փառատօնը, որ իր ծանրաբեռնուած օրակարգով աննախադէպ հարստութիւն մը կը ներկայացնէր։ Արդարեւ մէկ ամսուայ տեւողութեան մէջ կազմակերպել մօտաւորապէս 50 անջատ միջոցառումներ, իսկապէս ալ բացառութիւն կազմած երեւոյթ մըն էր Մարտ ամսու տեւողութեամբ։
Ան երկրորդ ըլլալով լսարանին ծանօթացուց «Յանկարծ» թատերախումբի բեղուն աշխատանքը, որ դարձեալ իր տեսակին մէջ արտադրութեան արատութեան առումով եզակի երեւոյթ մըն է թատերական աշխատութիւնը դպրոցներէ ներս ալ ծաւալելու ունակութիւնով։ Իսկ Արամ Քուրան լսարանին հետ կիսեց Պոլսոյ մէջ յատուկ հեռուստակայանի մը կեանքի կոչման ոդիսականը։ Ան պատմեց թէ իշխանութիւնները որքան արագ արձագանգած են նման ձեռնարկի համար իր կատարած դիմումներուն։ «Ինչպէս ամենուրէք Թուրքիոյ մէջ ալ նման նախաձեռնութեան սկսելու համար անհրաժեշտ է, որոշ թոյլտւութիւններ։ Թուրքիոյ իշխանութիւնները անհաւատալի արագութեամբ ապահովեցին այդ թուլութիւնները, ընդամէնը 24 ժամուայ ընթացքին։
Այդ պահուն ակամայ յիշեցինք Վարչապետ Փաշինեանի Պոլիս կատարած այցը, ուր Պատրիարքարանի դռները փակուած էին արգելք ըլլալու համար Փաշինեանի այցելութեան եւ հոն եւս իշխող կուսակցութեան պատգամաւոր Սեւան Սըվաճըօղլու եւ ԷՐՎԱՊ-ի նախագահ Պետրոս Շիրինօղլու դարձեալ նախընտրած էին թրքերէն արտայայտուիլ, քանի որ կ՚ուզէին փոխանակ վարչապետ Փաշինեանի իրենց ուղերձը լսելի դարձնել երկրի իշխանութեան։
Արամ Քուրան հետաքրքրական դրուակներ փոխանցեց նաեւ Հրանդ Տինքի հետ ունեցած ապրումներէն, որոնք հիմնականին առնչուած էին Գնալը Կղզիի մէջ ձկնորսական արկածախնդրութիւններուն։
8 Նոյեմբերը եռօրեայ գագաթնաժողովի փակման արարողութիւնով աւարտին հասաւ։ Աւելի շատ խրախճանքի բնոյթով փակման արարողութեան արինքնող երաժշտութիւնով յատուկ փայլ տուաւ «Երեւան Փրոժէքթ» երաժշտական խումբը, որու շնորհիւ դահլիճին մէջ իսկոյն գոյացաւ տօնական մթնոլորտ եւ մասնակիցները առիթը ունեցան եռօրեայ աշխատանքային օրակարգէն դուրս գալով մասնակցիլ երաժշտութեան ելեւէջներուն։ Պահեր եղան, ուր բոլոր տարիքներէ ժողովականներ զուարթ տրամադրութիւնով ընկերակցին պարի եղանակներուն եւ միասնաբար ապրին հայրենի երկրի պարգեւած ուրախ տրամադրութիւնով։ Ապա բեմ ելաւ մի այլ սիրուած երգիչ Էրիք Կարապետեան, որ շարունակեց իրեն նախորդողներուն ստեղծած տօնական տրամադրութիւնը։ Աւարտին բոլորի մաղթանքները յար եւ նման էին իրարու երկու տարի անց նոյն ուրախ տրամադրութիւնով չորրորդ համագումարի օրերուն կրկին Երեւան հանդիպելու շուրջ։
Այս բոլորին ականատես ըլլալով անհրաժեշտութիւն կը համարենք շնորհաւորել սփիւռքի յանձնակատարի գրասենեակի աշխատակազմը որոնք ժրաջան աշխատանքով յաջողեցան այսքան մեծ կազմակերպութիւն մը ի կատար բերելու։
Այս բոլորով հանդերձ կարելի է հանդիպիլ մարդկանց, որոնք հարց պիտի ներկայացնեն թէ շոշափելի ի՞նչ արդիւնք տուած է Համաշխարհային Հայկական Գ. Գագաթնաժողովը։ Պարտինք այս տեսակ մտածողներուն յիշեցնել թէ միշտ անհրաժեշտ չէ յստակ եւ տեսանելի արդիւնքներ որոնելը, քանի որ ինքնին այս հանդիպումները իսկ կարելի է դիտել իբրեւ յաջողութիւն։ Այդպէս դիտուած մենք կ՚ողջունենք գագաթնաժողովի կազմակերպութեան համար վատնուած բոլոր աշխատութիւնները եւ խաղաղ սիրտով կը գոչենք «Վարձքերնիդ կատար եղբայրներ»։




