Պոլսաբնակ նախկին սաները կը ձեռնարկեն Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան 100-ամեակը նշել երգչախմբային համերգով մը, Պատրիարք Սրբազանի Հովանաւորութեամբ։
Լուսաւորիչ երգչախումբի համերգի ղեկավարն է ինք եւս Մելգոնեանի սան՝ Յակոբ Մամիկոնեան։ Երգչախումբին դաշնամուրով կ՚ընկերակցի Ռոպէր Տողանայ։
Սփիւռքահայ ուսման հաստատութիւններու մէջ ուրոյն տեղ մը ունեցող Մելգոնեանը, Բարեգործականի վարչակազմի դատապարտելի որոշումով վերջ տուած է իր առաքելութեան, տեղի տալով Մերձաւոր Արեւելքէն, Հիւսիային Ափրիկէյէն մինչեւ Հարաւային Ամերիկա երկարող աշխարհագրական տարածքի վրայ աշակերտ ընդունող բարձր մակարդակի կրթական հաստատութեան մը վերացման։
Երեւոյթը հետզհետէ դառն իրողութիւն մը ըլլալով ընդունուած է հայաշխարհի կողմէ։
Արդարեւ «Ակօս»ի խմբագրութիւնը այցելող նախկին սաներ Շնորհիկ Ալթուն եւ Օվսաննա Քալենտեր եւս արտայայտուեցան դպրոցի լքուած վիճակի մասին ու յայտնեցին թէ վարժարանի անցեալի հունձքի ձեռքբերումներն ու յաջողութիւնները ինքնին մխիթարութեան առիթներ կը ներկայացնեն։ «Հիմնադրութեան 100-ամեակը առիթ մըն է այս հաստատութեան հիմնադիրները, ուսուցիչները եւ սատարողները յիշատակելու համար» ըսին նախկին սաները։



