Երաժշտական հրաշալի վայելք մըն էր Քարտեշ Թիւրքիւլեր խումբի համերգը, որ վայելեցինք 11 Յունիսի երեկոյեան, Հարպիյէի բացօթեայ թատրոնի մէջ: Համերգը մեզի համար յատուկ նշանակութիւն ունէր, քանի որ այդ գիշեր զանազան հիւր արուեստագէտներու կողքին բեմ կ'ելլէր նաեւ Սայաթ Նովա երգչախումբի երիտասարդ կազմը:
Իրականութեան մէջ Քարտէշ Թիւրքիւլեր խումբի համերգը մեզ՝ Սայա Նովա երգչախումբի անդամներուս համար աւելի քան 30 տարիներու բազմաթիւ ապրումներու վերյիշում մըն էր նաեւ:
1995 տարեթիւն էր, Կեդրոնական Միութեան հաւաքատեղին, հերթական փորձի գիշեր մը մեզ այցելեցին քանի մը երիտասրդ երաժիշտներ: Շուտով պարզուեցաւ իրենց այցելութեան պատճառը: Պողազիչի Համալսարանի ֆոլքլորի ակումբի անդամներ էին, որոնք համալսարանի երգադարանէն յայտնաբերաց ձայնասկաւառակէն երգ մը ընտրած էին իրենց համերգի ծրագրին համար եւ կ'ուզէին այդ երգի բառերուն ծանօթանալ:
Այդպէս սկսաւ մեր բարեկամութիւնը, որ անխափան շարունակուեցաւ մինչ օրս:Այդ առաջին հանդիպումէն կարճ ժամանակ անց մեզ հրաւիրեցին իրենց համալսարանի մէջ սարքած անդրանիկ համերգին: Խորապէս տպաւորուեցանք այդ համերգէն, նկատելով թէ այդ երիտասարդ երաժիշտները բեմ կ'ելլէին երկրի տեղական լեզուներէն նմոյշներ պարունակող երգացանկով մը:
Նկատեցինք թէ լեզուներու այս բազմազանութիւնը եւ երաժշտութեան բազմաձայնութիւնը հաճելի թուելու մարմաջէն աւելի, յստակ դիմադրութիւն մըն էր այդ օրերուն տիրող ընկերա-մշակութային ճնշումներու, նոյնիսկ հալածանքներու թրքերէնէ դուրս բոլոր լեզուներուն դէմ:
Սովորական դարձած էր դէպքեր, ուր ոստիկաններ միջամտեն հարսանիքի մը ուրախութեան եւ բոլոր հարսնեւորները բերման ենթարկեն քրտական երաժշտութիւնով շուրջպար բռնելու մեղադրանքով: Իսկ իրենք հայերէնի, յունարէնի, մաքետոներէնի կողքին մեծ ինքնավստահութեամբ կ'երգէին նաեւ քրտերէն լեզուով:
Համերգը արժանացաւ հանդիսատեսի համակրանքին, քանի մը անգամներ կրկնուեցաւ համալսարանի պատմական դահլիճին մէջ, որ ուրիշ բան չէր, ինչ որ երբեմնի Ռոպերդ Քալըճի մատուռը:
Այս համերգներու շարքէն ետք իրենց առաջարկեցինք համերգ մըն ալ սարքել մեր միութիւններէն մէկուն մէջ: Մեծ ուրախութեամբ համաձայնեցան: Իրենք ալ կարիքը կը զգային Պողազիչի համալսարանէ դուրս ալ իրենց գործը ներկայացնելու:
Իսկոյն դիմեցինք Կեդրոնական Սանուց Միութեան վարչութեան, ծանօթացնելով խումբի իւրայատկութիւնները: Յօժարեցան պայմանաւ երգացանկէն դուրս հանելով քրտերէն երգերը: Անկարելի պարտադրանք մը այն խումբի հանդէպ, որ ինքնին այդ արգելքներուն դիմադրելու խորհրդանիշը կը դառնար: Շնորհակալութիւն յայտնելով այս անգամ թակեցինք Մխիթարեան Սանուց Միութեան դուռը: Այսպէսով Քարտէշ Թիւրքիւլեր երաժշտական խումբը իր տունէն առաջին անգամ դուրս կ'ելլէր եւ Մխիթարեանի բեմէն կը շփուէր հայ ունկնդրի հետ:
Յաջորդ օր «Մարմարա» թերթի սիւնակներու վրայ խմբագրապետ Ռոպէր Հատտեճեան մեծ ոգեւորութեամբ կը դրուատէր Ֆերեալի, Վետաթի, Էրոլի, Սելտայի, Իւլքերի, Տիլերի, Ֆեհմիյէի, Այհանի, այսինքն մինչ օրս խումբի կորիզը հանդիսացող երաժիշտներու արուեստը ու բեմական շնորհը:
Մեզի՝ այդ համերգի կազմակերպիչներուս համար յաջորդող տարիները եւս անցան անմոռանալի բազում յուշերով:
Այդ յիշատակներու մէջ կ'առանձնանան երկու ելոյթներ, մին, Քարտեշ Թիւրքիւլեր, Սայաթ Նովա Երգչախումբ եւ Ռուհի Սու Տոսթլար Քորոսուի համատեղ ջանքերով իրականացած «Աշուղ է եկեր մեր մայլեն» նախագիծը, դարձեալ Հարպիյէի բացօթեայ թատրոնի մէջ, եւ երկրորդը «Դռները բացէք, գարուն է գալիս» խորագրի ներգեւ Հայաստանեան երկու համերգներ Երեւան եւ երջանկայիշատակ Սեպուհ Արք. Չիֆթճեանի հրաւէրով Վանաձոր քաղաքները: Մանաւանդ Հայաստանեան զոյգ համերգները կտակի մը կատարումն էին, ի յարգանս Հրանդ Տինքի երազանքին:
Ան «Աշուղ է եկել մեր մայլեն» համերգին հետեւելէ ետք «Ակօս»ի նկարագրականը խմբագրած էր քիւրտ գրող Մեհմետ Ուզունի հետ կարծեցեալ զրոյցի մը ձեւաչափով: «Պատկերացուր Մեհմետ Ուզուն, թէ այս բեմը նոյնութեամբ փոխադրած ենք Հայաստան եւ հոն ես ու դուն միասնաբար մասնակցած շուրջպարին»: Այդ տողերը գրած օրերուն Մեհմետ Ուզուն կը տառապէր անողոք հիւանդութեան ճիրաններուն մէջ եւ մահը իր հարազատ միջավայրին դիմաւորելու մարմաջով վերադարձած էր Ամիտա: Կարճատեւ եղան անոր մնացեալ կեանքի օրերը եւ Հրանդ եւս չարժանացաւ այդ երազանքի իրականացումը տեսնելու: 2007 թիւի մին 19 Յունուարին, միւսը 10 Հոկտեմբերին, երկուքն ալ ճամբորդեցինք յաւէրժութեան եւ մենք 2008-ի գարնան շուրջ հարիւր հոգիանոց խումբով կատարեցինք այդ ուխտը, միշտ յիշելով Հրանդ Տինքը եւ Մեհմետ Ուզունը, կարծես իրենք եւս մեզ հետ եղած ըլլային:
Վերյիշումներու ամբարուած պարկը կարծես անյատակ է, հետեւաբար անվերջանալի: Ուրեմն սթափինք եւ վերադառնանք 11 Յունիսի գիշերուան ու փորձենք այս անգամ ընթերցողներուն հետ կիսել Սայաթ Նովա երգչախումբի բեմելի պահը: Վերեւ ալ նշած էի թէ երգչախումբը այս համերգին կը մասնակցէր երիտասարդներու կազմով: Իսկ խումբի աւագ անդամները հանդիսատեսերու շարքերուն էին, բեմիններուն հետ նոյն յուզումները կիսելով:
Երբ տղաքը արտասանեցին Կոմիտասեան «Ով հայոց աշխարհ» յայտնի խմբերգը, մեծն Թումանեանի տողերով, կարծես կանգ առաւ մեր շնչառութիւնն ալ: Անզգալաբար երգի աւարտը սպասեցինք արտաշնչելու եւ բազմահազարներու ծափահարութեան որոտումին մասնակցելու համար: Սայաթ Նովայի երկսեռ կազմը ապա ընկերակցեցաւ Ֆեհմիյէի մենակատարութեամբ Գուսան Շահենի հանրածանօթ «Զեփիւր կը դառնամ» եւ Սօնկիւլ Էօտէնի մենակատարութեամբ «Սարերի հովին մեռնեմ» ժողովրդական երգին: Այս բաժինը մեկնարկած էր Նարօտ Էրքոլի սրտառուչ եւ տպաւորիչ յիշատակութեամբ, խումբի նախկին խմբավար Մելիքճան Զամանը, իր մահուան Ա. տարելիցի լրման առթիւ: Նարօտի այս ելոյթով կրկին անգամ շունչերս բռնած, կը փորձէինք զսպել մեր կոկորդներուն հասած հեծկլտուքը:
Խումբը կը շարունակէ իր վաղեմի սովորութիւնը եւ իւրաքանչիւր համերգին բեմը կը կիսէ հիւր արուեստագէտներու հետ։ Ահաւասիկ երեւոյթ մը եւս, որ մեզ կը տանի անցեալի յիշատակներուն։ Այդ հիւր արուեստագէտներու շարքին որքա՜ն շատ հայ անուներ եղած են։ Անմիջապէս կը յիշեմ Արթօ Թունչպոյաճըեանի, Օննիկ եւ Արա Տինքճեաններու անունները, որոնք մասնակցած էին Քարտէշ Թիւրքիւլերի համերգներուն։ Եղան ժամանակներ, երբ Սայաթ Նովա երգչախումբի երիտասարդ նուագածուներ Սարօ Ուսթա եւ Արի Հերկել եւս մաս կազմեցին այս խումբին։
Անցնող 30 տարիներու վկայութիւնները վերջապէս համակուեցան վաւերագրական ֆիլմի մը ձեւաչափով, որ իր կարգին կը դառնայ յուշագրութիւն մը։ Չայան Տեմիրէլի եւ Այշէ Չեթինպաշի հեղինակած ֆիլմը եւս սկսած է ցուցադրուիլ քաղաքի զանազան դահլիճներուն մէջ։
Գիտեմ որ տակաւին պատմելու արժանի բազում նիւթեր կան, որոնք պիտի գերազանցեն թերթի մը սիւնակներու տարողութիւնը։ Արդարեւ ուրիշ գրութեան մը կը թողունք արհեստավարժ գործունէութեան մէջ սիրողական նախապատւութիւնները վառ պահելու կամքը, երկրի անցուդարձերուն համապատասխան գործեր արտադրելու ունակութիւնը եւ դեռ բազմաթիւ յատկութիւններ, որոք կը բնորորշեն Քարտեշ Թիւրքիւլերի եղբայրական հոգեբանութիւնը։ Ուստի այս յօդուածը սահմանուած թող մնայ 11 Յունիսի համերգով, քանի որ քաջ գիտենք թէ տակաւին բազում առիթներ կ՚ունենանք այս խումբի մասին արտայայտուելու համար։




