Թուր Ապտինի Անհել (Եմիշլի) գիւղի բնակչութեան ցուցակին մէջ արձանագրուած ասորի ընտանիքի մը՝ անուն եւ մականուն փոխելու պահանջով բացած դատին մէջ Միտյաթի 2-րդ Քաղաքացիական Առաջին Ատեանի Դատարանը մասնակի որոշում տուաւ։ Դատարանը ընդունեց «Սիքարէ» անունը «Քարին» ձեւով արձանագրելու պահանջը, բայց Թրքական Լեզուի Ընկերութեան 1934 թուականի օրէնքին յղում կատարող կարծիքին համաձայն՝ մերժեց «Էրչին» եղող մականունը անոր արմատ «Հաննէ» ձեւով փոխելու պահանջը։
Լսումին խօսք առած հայցուորներու փաստաբան Պարսաւմօ Կիւրքան, ուշադրութիւն հրաւիրելով գործին մէջ գտնուող ապացոյցներուն վրայ, յղում կատարեց նախապէս Միտյաթի Քաղաքացիական Առաջին Ատեանի դատարաններուն կողմէ տրուած նախադէպ որոշումներուն եւ Մարդու Իրաւանց Եւրոպական Դատարանի Աքթաշ մականունի որոշումին (2017/18684)։ Փաստաբան Կիւրքան շեշտեց, որ թէեւ Թրքական Լեզուի Ընկերութենէն ստացուած գրաւոր պատասխանին մէջ նշուած է, թէ պահանջուած «Հաննէ» մականունը կանոնադրութեան հակասող է, սակայն այս կանոնակարգումը 1934 թուականէն՝ Թուրքիոյ մէջ Մականունի Օրէնքին ուժի մէջ մտած օրէն մնացած է։
«ՄԻԵԴ-ի եւ Սահմանադրական Դատարանի որոշումները պէտք է նկատի առնուին»
Նշելով, որ «Հաննէ» անունը ո՛չ մէկ օտար ցեղի կամ ազգի անուն է, այլ հասարակական յիշողութեան եւ ընտանեկան արմատներուն մէջ գոյութիւն ունեցող անուն մըն է, Կիւրքան յիշեցուց, որ իր յաճախորդներուն հօր անունն ալ դատարանի որոշումով «Հաննէ» դարձած է եւ այդ որոշումը վերջնականացած է։ TDK-ի պատասխանին հաւատք չընծայելով՝ դատին ընդունումը պահանջող փաստաբան Կիւրքան ըսաւ, որ հիմք պէտք է ընդունուին ՄԻԵԴ-ի ու Սահմանադրական Դատարանի որոշումները, ինչպէս նաեւ արդարադատութեան մարմիններուն մէջ գոյութիւն ունեցող ներկայ կիրարկումները։
Անունի փոփոխութիւնը
ընդունուեցաւ, մականունը՝
մերժուեցաւ
Գործը քննող դատարանի կազմը, նշելով որ հետազօտութիւնը աւարտած է, յայտարարեց իր որոշումը։ Որոշման համաձայն՝ Սիքարէ Էրչինի «ՍԻՔԱՐԷ» եղող անունը «ՔԱՐԻՆ» ձեւով փոխելու եւ սրբագրելու որոշում տրուեցաւ։
Կապրիէլա Էրչինի, Մանուէլա Էրչինի, Մարիա Էրչինի եւ Սիքարէ Էրչինի «Էրչին» եղող մականունները «Հաննէ» դարձնելու պահանջները սակայն մերժուեցան։
Կապրիէլ մականունի դատին նման՝ վերադաս դատարանի կը փոխադրուի
Յիշեցնենք, որ նախապէս Թուր Ապտինէն Զուիցերիա երկարող արմատներու պայքարին մէջ «Կապրիէլ» մականունը առնել ուզող ասորի քաղաքացիներու պահանջը տեղական դատարաններու կողմէ մերժուած էր, եւ TDK-ի «թրքական ծագում չունի» հիմնաւորումին վրայ՝ իրաւական պայքարը փոխադրուած էր Սահմանադրական Դատարան։
Ասորի ընտանիքներուն ինքնութեան, մշակոյթի եւ լեզուի իրաւունքներու շրջանակին մէջ արմատային մականուններու կենդանի պահպանման պայքարը՝ նախադէպ որոշումներով վերադաս դատարաններու մէջ շարունակուիլը կը սպասուի։
ՄԱՐԹԱ ՍԷՕՄԷՔ
Թարգմանուած է «Սապրօ» թերթէն



