Երբ ամէն տեսակ դատական որոշում վճռորոշ նշանակութիւն կ'ունենայ երկրի քաղաքական կեանքի վրայ, երբ դատարաններու վճիռներով չեղեալ կը համարուի քաղաքական կուսակցութիւններու համագումարները, ալ աւելի նշանակալից կը դառնայ նախորդ շաբաթավերջին կայացող բանախօսութիւններու շարքը։
«Հանրապետութեան վերափոխումը դէպի ժողովրդավարութիւն» խորագրեալ բանախօսութիւնը տեղի ունեցաւ 13-14 Յունիս թուականներուն Պաքըրգիւղ, Ճեմ Քարաճայի անուան մշակոյթի կեդրոնին մէջ։
29 մտաւորականներ 21 Մայիսին կազմակերպած մամլոյ յայտարարութիւնով մը հրապարակած էին բանախօսութեան օրը, վայրը եւ բովանդակութիւնը։ Արդարեւ 13 Յունիսին առաւօտուայ ժամերէն սկսեալ մեծ բազմութիւն մը կուտակուած էր ժողովասրահին մէջ։
Առաջին ելոյթները համագումարի բացման ճառերն էին, որոնք կարգադիր յանձնախումբի անունով արտասանուեցան նախկին պատգամաւոր Կիւլթեն Քըշանաքի եւ նախկին դիւանագէտ Ռըզա Թիւրմենի կողմէ։ Ապա հեռակապ միջոցով ելոյթ ունեցաւ հրաւիրեալ ատենախօս Պուրհան Սէօնմեզ։ Այս վերջինի գրականութեան երանգներով հարստացած ելոյթը բարձր գնահատուեցաւ բոլորին կողմէ։
Ապա կայացաւ օրուայ առաջին բանելային նիստը Լեւենտ Քէօքերի ժողովավարութեամբ։ «Հանրապետութեան հիմնադրութեան պատմութիւնը, կարելիութիւններ եւ արտաքսուածներ» խորագրով նիստին հերթով զեկուցեցին Էրտողան Այտըն, Հիւլյա Օսմանաղաօղլու, Նամըք Քեմալ Տինչ եւ Բագրատ Էսդուգեան։
Երկրորդ բանելի խորագիրն էր «Հարիւրամեայ մեկուսացում, ազգայնականութիւնը, յիշողութիւնը եւ հասարակութեան բեւեռացումը», ժողովավարութեամբ Ֆաթմա Պոստան Իւնսալի։ Նիստի զեկուցողներն էին Պեքիր Աղըրտըր, Ֆերհատ Քենթել, Նոյեմի Լեւի Աքսու եւ Սերհուն Ալ։
Կարճատեւ ընդմիջումէ ետք կայացաւ երրորդ բանելային նիստը, այս անգամ Տողու Էրկիլի ժողովավարութեամբ եւ «Քրտական հարցը, հարիւրամեայ խնդրի նոր դարաշրջանը» խորագիրով։ Զեկուցողներն էին Ալի Պայրամօղլըւ, Ապպաս Վալի, Ֆեյզա Աքընէրտեմ, Մեսուտ Եղէն, եւ Վեյսի Աքթաշ։
Երեք բանելային նիստերէ ետք օրուայ վերջին միջոցառումը ֆորումի ձեւաչափով էր, որուն ժողովավարն էր Նուրայ Թիւրքմէն։ Այս վերջինը համաժողովի նախապատրաստութեան փուլէն սկսելով մեծ աշխատանք տարած էր երկօրեայ բանախօսութեան բոլոր մանրամասնութիւններու վրայ։
Հարցադրումին պատասխանելու համար խօսք արին Իրֆան Ճանաթայ, Ալի Տուրան Թոփուզ, Հիւտա Քայա, Լեւենտ Այաշլըօղլու եւ Իհսան Էլիաչըք։
Հանդիսատեսը մինչեւ վերջ յաջողեցաւ լարուած պահել ուշադրութիւնը, իւրաքանչիւրը խիստ շահեկան եւ ուսուցողական բազմաբնոյթ ու բազմաբովանդակ զեկոյցներու հանդէպ։
Բանախօսութեան երկրորդ օրը դարձեալ ծանրաբեռնուած էր երեք բանելային եւ աւարտին ալ ֆորումի ձեւաչափով կայացող նիստերով։ Դարձեալ ականատես եղանք ամէն մէկը իր մասնագիտութեան մէջ հեղինակութիւն դարձած մտաւորականներու ելոյթներուն։ Իսկ այս բոլորը ի՞նչ արձագանգ գտան իշխանամէտ կամ ընդդիմադիր տեսլական կամ տպագիր մամուլի մէջ։ Ափսոս որ հիասթափեցնող է այս հարցումին պատասխանը, քանի որ անոնք առհասարակ անտեսած են այս խիստ կարեւոր միջոցառումը։ Այս առումով բացառութիւնը կը վիճակի համացանցային մամուլին, ուր բաւականաչափ քննարկումներով անդրադարձ գտաւ երկօրեայ բանախօսութիւնը։



