Պոյաճըգիւղի Սուրբ Եռից Մանկանց Եկեղեցւոյ մէջ վերջին տարիներու հետզհետէ աւանդականացած սովորութիւն մըն է հարիսայի պատրաստութիւնը։
Իրականութեան մէջ եղելութիւնը Վաքըֆգիւղի աւանդական տօնակատարութեան կրկնութիւնն է Պոլսոյ մէջ։
Նախապատրաստութիւնները սկսած էին պատմական կաթսայի կլայմամբ։ Այս տարի եւս շաբաթ օր կաթսայի մէջ պիտի պատրաստուի ցորենի եւ մսի միահիւսումը եւ յաջորդ օր Ս. Պատարագի աւարտին պիտի բաշխուի բոլոր ներկաներուն։
Այս աշխատութիւնը կը միտի քիչ մը աւելի ժողովրդականացնել եկեղեցական տօնակատարութիւնը եւ տօնը վերածել խրախճանքի։
Նշենք թէ մինչեւ դար մը առաջ նման մտահոգութեան կարիքը չկար, երբ ժողովուրդը իր բնօրրանին մէջ ազատ կերպով կը նշէր իր տօները։ Իսկ հանրապետութեան շրջանին Պոլսոյ պայմաններուն մէջ տօնական մթնոլորտը սահմանափակուեցաւ լոկ եկեղեցական արարողութեան ձեւաչափով։
Երբ Պոլսոյ եկեղեցիները կը պահէին որոշ զսպուածութիւնը, գաւառի մէջ հայ կամ յոյն եկեղեցիները շարունակեցին վերապրեցնել տօնական ցնծութիւնը։ Թէեւ տասնամեակներ շարունակ այդ զսպուածութեան ընտելացած համայնքի որոշ մէկ հատուածը վերապահութեամբ կը մօտենայ, այդ նոր սովորոյթներուն, որոնք իրականութեան մէջ նոր հնարքներ չեն, այլ երբեմնի բարքերու վերահաստատման չնչին փորձեր։
Ինչպէս որ վերյիշեցինք Վարդավառի աւանդոյթը, կամ Սուրբ Զատկի տօնական ցնծութիւնը, Սուրբ Աստուածածնի Տօնն ալ իր խաղողօրհնէքով եւ հարիսայի բաշխումով կու գայ ճոխացնելու մեր ընկերային կեանքը, ազգի մէկտեղման գլխաւոր վայրը հանդիսացող եկեղեցիներու շրջափակին մէջ եւս։



