Միրզոյեան խօսեցաւ ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու խորհուրդին մէջ
«Հաշտեցումը դժուարին գործ է»
Հաշտեցումը դժուարին գործ է` հաշուի առնելով Պաքուի մէջ տակաւին պահուող 19 հայ կալանաւորուածներու, անհետ կորսուած անձերու ճակատագիրներու եւ բռնի անհետացման դէպքերու պարզաբանման անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ աղաւաղուած պատմական պատումները, Ժընեւի ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու խորհուրդին մէջ յայտարարած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը:
«Այնուամենայնիւ, Հայաստան կը շարունակէ վճռականօրէն յանձնառու մնալ այս ուղիի հետագայ իրականացման` հասկնալով, որ խաղաղութեան հետագայ հաստատութենականացումը պիտի խթանէ հակամարտութեան հետեւանքները լուծելու աւելի բարենպաստ միջավայր», ըսած է Արարատ Միրզոյեան:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին խօսքով` անցեալ տարի Ուաշինկթընի մէջ կայացած խաղաղութեան վեհաժողովը «ոչ միայն խաղաղութիւն հաստատեց երկու երկիրներուն միջեւ, այլեւ հարթեց առեւտուրի, կապի եւ մարդոց միջեւ շփումներու ճամբան»:
«Կառավարութիւններուն միջեւ համաձայնագիրներէն առաջ անցնելու համար մենք նաեւ մեր հասարակութիւններուն, որոնց շարքին տուժած բնակչութեան միջեւ իրական երկխօսութեան եւ վստահութեան սերմեր կը ցանենք: Հակառակ անոր որ հակամարտութեան ցաւոտ մարդասիրական հետեւանքները տակաւին չեն լուծուած, եւ հեռաւոր ու մօտ անցեալի վէրքերը կը շարունակուին, մենք ընտրած ենք հաշտեցման դժուարին ուղին», նշած է Միրզոյեան:
Յայտնենք, որ Ազրպէյճան Արցախի ռազմաքաղաքական նախկին ղեկավարներն ու միւս գերիները դատապարտած է 15 տարիէն մինչեւ ցմահ բանտարկութեան:

