Գործող Սահմանադրութեամբ հայ ժողովուրդը՝ «Մայր օրէնքն ընդունում է Անկախութեան հռչակագրում հաստատագրուած հայոց պետականութեան հիմնարար սկզբունքներն ու համազգային նպատակների հիմքով»։ Նորին մէջ ո՚չ թէ հայ, այլ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովուրդն է, որ Սահմանադրութիւնը կ՚ընդունի յանուն պետականութեան յարատեւութեան եւ զարգացման։ Արտաքին քաղաքականութեան նպատակներու շարքին մէջ ալ աւելցուած է խաղաղութեան ապահուումը։
Եթէ գործող Սահմանադրութեամբ Հայաստանը «ինքնիշխան, ժողովրդավարական, ընկերվարական, իրաւական պետութիւն է», ապա առաջարկուող նախագիծին մէջ աւելցուած է մէկ բառ՝ աշխարհիկ։ Այս ձեւակերպումը հոգեւոր կեանքին վերաբերող միակ փոփոխութիւնը չէ. եթէ գործող Սահմանադրութեամբ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ ու պետութեան յարաբերութիւնները հայեցողաբար՝ կարելի է կարգաւորել օրէնքով, ապա նորին մէջ այդ կարգաւորումը արդէն հրամայական բնոյթ ունի։
Գործող Սահմանադրութիւնը կը նկարագրէ, թէ ինչ տեսք ունին պետական խորհրդանիշերը՝դրօշը եւ զինանշանը, ուր Արարատ լերան առկայութեան շուրջ ալ բազմաթիւ քննարկումներ կան։ Այս մասով նոր նախագիծը, ի տարբերութիւն գործողին, պետական խորհրդանիշերը, որոնց կարգին՝ զինանշանը, չի նկարագրեր, այլ անոնց նկարագրութիւնը եւ օրհներգը սահմանելու հարցը կը վերապահէ օրէնքին, որուն որդեգրման համար կը նախատեսուի հանրաքուէ։
Խորհրդարանին մէջ կայուն մեծամասնութեան առկայութիւնը վերջին տարիներուն ենթարկուեցաւ իրաւապաշտպաններէն շատերուն քննադատութեան, բայց եւ այնպէս նոր նախագիծին մէջ իշխանութիւնները կ՚առաջարկեն զայն պահել՝մէկ տարբերութեամբ, եթէ գործող Սահմանադրութեամբ Ազգային ժողովի ընտրութիւններէն ետք մեծամասնութիւն չձեւաւորուի, կարելի է կատարել երկրորդ փուլ։ Ներկայացուած նախագիծը այդ ճամբուն վրայ կ՚առաջարկէ այլ ընտրութիւն ալ՝ եթէ երկու շաբթուան ընթացքին համախոհութիւն չկազմուի, վերջնաժամկէտէն 30-45 օր ետք երկիրը կրկին կը քուէարկէ։
Նախագիծի 20-րդ յօդուածով ընտրելու եւ հանրաքուէներուն մասնակցելու իրաւունք կ՚ունենան 18 տարիքը ամբողջացուցած միայն այն քաղաքացիները, որոնք քուէարկութեան նախորդող երկու տարուան ընթացքին առնուազն մէկ տարի մնայուն կերպով բնակած են Հայաստանի մէջ։
Գործող Սահմանադրութեամբ ընտրական իրաւունք ունեցող 50,000 քաղաքացի օրէնսդրական առաջարկ կրնայ ներկայացնել, մինչ առաջարկուող Սահմանադրութեամբ այդ շեմը կը նուազի՝ նման իրաւունք կ՚ունենայ 40,000 քաղաքացի։
Քաղաքացիներուն վերաբերող այլ դրոյթ մըն է նաեւ այն, որ եթէ գործող Սահմանադրութեան 47-րդ յօդուածը կ՚արգիլէր Հայաստանի քաղաքացիութենէն զրկելը, ապա այս նախագիծը դատարաններուն իրաւունք կու տայ քաղաքացիութենէ զրկելու՝ սահմանադրական կարգի հիմունքներու կամ պետութեան անվտանգութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւններու համար։
Գործող Սահմանադրութեամբ քաղաքացիին իրաւական վիճակը վատթարացնող օրէնքները յետադարձ ուժ չունին։ Նոր նախագիծին մէջ թէեւ այս դրոյթը կը պահպանուի, բայց կը նախատեսուի նաեւ բացառութիւն այն պարագաներուն, երբ յետադարձ կիրարկումը անհրաժեշտ է «ժողովրդավարական հասարակութիւնում հանրութեան շահերի պաշտպանութեան համար»։



