20Հոկտեմբերը մեզ՝ «Ակօս»ի անձնակազմի համար դարձեալ ծանր օր մըն էր, քանի որ այդ օր յուղարկաւորեցինք մեր սիրեցեալ խմբագրապետ Եդուարդ Տանձիկեանի քոյրը՝ Թալին Տանձիկեանը։
Ան միջոցէ մը ի վեր կը խնամուէր Պալըքլըի Յունաց Հիւանդանոցի յարկին տակ։ Յանկարծակիօրէն խանգարուեցաւ անոր առողջութիւնը սրտի տագնապի հետեւանքով, որու շարունակութեան իսկոյն զինք փոխադրեցին խտացեալ դարմանման կարողութիւն ունեցող մի այլ հիւանդանոց։ Բժիշկները դիտել տալով թէ զարկերակը չէ փափախած բաւական երկար ժամանակ, յուսահատութիւն յայտնեցին ըսելով թէ եթէ յաջողին վերապրեցնել, վիճակը պիտի չըլլայ այդ ն

ոյնը, ինչ որ էր այս պատահարէն առաջ։ Անոնք նոյնիսկ զգուշացուցին ա
մէն տեսակ անբախցալի զարգացումի հանդէպ պատրաստ գտնուելու։
Նախորդ շաբաթ առաւօտն էր, երբ կը պատրաստուէինք «Աչըք Ռատիօ» ձայնասփիւռի կայանէն սփռուող «Ռատիօ Ակօս» հաղորդումին, խմբագրապետը զանգահառելով գուժեց քիչ առաջ իրեն հասնող տխուր լուրը։
Թէեւ այս աշխարհէն հրաժեշտ առնելու համար տակաւին բաւականին երիտասարդ կը համարուէր, բայց ափսոս որ բազմաբնոյթ զանազան հիւանդութիւններ երկար ժամանակէ ի վեր կը տանջէին զինք։
Փորձով գիտենք թէ բժիշկներու նման պայմաններու մէջ արտասանած «պատրաստ եղէք» ազդանշանը այդքան ալ իմաստ չունի վրայ հասնող կորուստի դիմաց։ Ինչ մեղք որ այդ նոյն փորձը ապրեցաւ նաեւ մեր խմբագրապետը, որուն այս պահուն մխիթարական նախադասութիւնները իմաստ մը պիտի չունենան, արդարեւ պիտի ապաւինինք ժամանակի բուժիչ յատկութեան, որ նոյնպէս պիտի դժուարանայ հարազատ քրոջ կորուստը սփոփելու։
Վերջապէս քրոջ կորուստը մանկական յուշերու մէջ մեծ քաղցրութեամբ յիշատակուած պապենական օճախի պատերէն մէկուն փուլ գալն է նաեւ։
Այս տխուր առթիւ խորապէս կը ցաւակցինք մեր սիրելի ընկերոջ եւ ընտանիքի բոլոր պարաքաներուն։



