Մարտի 14֊ին Հրանդ Տինք վարժարանը հիւրընկալեց «Յոյս» բարեսիրական միութեան անդամներ Քոյր Գայանէ Տուլքատիրեանին, Փարին Եաքուբեանին, Սելտա Թօփալօղլուին, Լեռնա Պըեըքլըին, Թանիա Մարուքեանին, Լեւոն Եըլտըրըմեանին, Ալեն Օհաննէսեանին եւ «Յոյս»ի 7 աշակերտներուն եւ իրենց հարազատներուն: Հրանդ Տինք վարժարանի հոգաբարձու Դալար Հորոզօղլուն բարի գալուստ ըսաւ հիւրերուն՝ մաղթելով, հաճելի ժամանց։ Բեմ բարձրացան «Յոյս»ի սաները՝ ներկայացնելով իրենց պարը, անոնց յաջորդեցին Հրանդ Տինք վարժարանի սաները ներկայացնելով մի քանի պար, այնուհետեւ հաճելի համախմբում եղաւ. փորձեցին միասնաբար պարել, հաղորդակցուել. Ինձ համար յատկապէս ուրախալի էր տեսնել, որ վարժարանիս սաները անկաշկանդ ուրախութիւն ապրեցին, փորձեցին հաղորդակցուիլ եւ մտերմութիւն ցուցաբերել։ Միասնաբար զանազան խաղեր խաղացին՝ ուրախանալով աճպարարի՝ Արման Քէօսէի եւ ծաղրածուի հնարքներով: Վարժարանի ուսուցիչները «Յոյս»ի աշակերտներուն նուիրեցին հայոց այբուբենով շապիկներ,աշակերտները՝ իրենց ձեռքով պատրաստած բացիկներ, իսկ հոգաբարձուները բաժնեցին «Allure» ռեստորանի նուիրած թխուածքաբլիթները։ Հանդիպման աւարտին հոգաբարձուներէն Արթօ Հորոզօղլուն, բարձր գնահատելով «Յոյս»ի աշխատանքը, կարեւորեց համայնքի աջակցութեան դերը այս դժուար, բայց անհրաժեշտ գործին: Հանդիպումը աւարտուեցաւ միասնական ճաշով, բաժնուեցին՝ յոյս յայտնելով նորէն որեւէ առիթով մէկտեղուելու։
Յ.Գ. Նման հանդիպումները շատ կարեւոր են ոչ միայն երախաներու, այլ նաեւ մեծերու՝ ծնողներու եւ ուսուցիչներու համար, որովհետեւ շփումը առանձնայատկութիւններ ունեցող երախաներու հետ կրթութեան նոր որակներ կը պահանջէ, որուն անհրաժեշտութիւնը ու կարեւորութիւնը յատկապէս կը զգան նման հանդիպումներու ժամանակ։



