Սեւ Ծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նայիրի Պետրոսեան կարճ ժամանակի մէջ դժբախտութիւնը ունեցաւ կորսնցնելու ծնողքը՝ Ռուբէն Պետրոսեանն ու Վանուհի Սեդրակեանը։
Այս առթիւ, Ներկայացուցչութեան համակիրներ 20 Օգոստոս 2026, Հինգշաբթի երեկոյ, հոգեճաշ մը կազմակերպեցին Ս. Փրկիչ Ազգ. Հիւանդանոցի երդիքին տակ։
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը նախագահեց Հիւանդանոցի մատրան մէջ կատարուած հոգեհանգստեան պաշտօնին, որուն մասնակցեցան Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, Աթոռոյս վեղարաւոր միաբաններն ու քահանայ հայրեր, ինչպէս նաեւ համայնքային հաստատութեանց՝ խնամակալութեանց, հոգաբարձութեանց, թաղային խորհուրդներու եւ Ստանպուլահայ մամուլի ներկայացուցիչները։ Մեր Հոգեւոր Պետի արտասանած հանգստեան աղօթքով յիշատակուեցան Ռուբէն Պետրոսեանն ու Վանուհի Սեդրակեանը։
Ապա ներկաներ առաջնորդուեցան Կոմիտաս Վրդ.ի անուան ձօնուած սրահը, ուր հոգեճաշ սարքուեցաւ։
Այստեղ բարի գալստեան խօսքով հանդէս եկաւ Կարգադիր Յանձնախումբէն Նուարդ Աւետիքօղլու։ Օրուան համակարգող եւ Ժամանակ օրաթերթի խմբագիր Արա Գօչունեան ելոյթ ունեցաւ ու նախ որդիական երախտիքը յայտնեց մեր Հոգեւոր Պետին, որ սիրով նախագահեց սոյն մէկտեղումին, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Ս. Փրկիչ Ազգ. Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան, որ սիրով ստանձնած է հոգեհանգստեան ու հոգեճաշի հիւրընկալութիւնը։ Արա Գօչունեան ըսաւ, որ ցաւ կը պատճառէ ծնողի մահը։ Նայիրի Պետրոսեան այդ ցաւը ապրեցաւ երկիցս՝ հօր եւ մօր իրարայաջորդ մահուամբ։ Գօչունեան ըսաւ, որ Նայիրի Պետրոսեան իր հարազատ տեղն ունի մեր համայնքին մէջ եւ կը ներկայացնէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը։ Յանուն Կարգադիր Յանձնախումբին եւ ներկաներուն անգամ մը եւս ցաւակցեցաւ եւ մխիթարութիւն մաղթեց իրեն։
Ապա ելոյթ ունեցաւ Նայիրի Պետրոսեան եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին՝ սկսեալ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօրմէ, Կարգադիր Յանձնախումբէն, Ս. Փրկիչ Հիւանդանոցի Հոգաբարձութենէն, որոնք եկած էին ցաւակցելու իր ծնողքին մահուան առթիւ։ Պետրոսեան իր ուրախութիւնը արտայայտեց, որ բախտն ունեցած էր մինչեւ այսօր վայելելու ծնողքին ներկայութիւնը եւ յոյս յայտնեց, որ օր մը նորէն միասին պիտի ըլլան։
Հուսկ բանքը արտասանեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ ըսաւ, որ մարդու կեանքին մէջ շատ մեծ ազդեցութիւն ունին երկու զգացումներ՝ ուրախութիւնն ու տխրութիւնը։ Ուրախութիւնը բաժնուելով կը շատնայ, իսկ տխրութիւնը՝ կը նուազի։ Այսօր մենք քով քովի եկած ենք Նայիրի Պետրոսեանի տխրութիւնը բաժնելու։ Ապա մեր Հոգեւոր Պետը խօսեցաւ մահուան եւ յարութեան մասին եւ ըսաւ, որ մահը վախճան չէ, քանի մենք քրիստոնեաներ ենք եւ կը հաւատանք յարութեան։ Նորին Ամենապատուութիւնը ուրախութիւն յայտնեց, որ Նայիրի Պետրոսեան քրիստոնէական հաւատքով կը մօտենայ իր ծնողքի կորուստին։ Պատրիարք Հայրը ըսաւ, որ ներկաներ ծանօթ չէին հանգուցեալներուն, սակայն ուրախ էին անոնց որդին ճանչնալով։ Խօսքի աւարտին մեր Հոգեւոր Պետը անգամ մը եւս ցաւակցեցաւ Նայիրի Պետրոսեանին եւ երկնային հանգիստ մաղթեց անոր ծնողաց, իսկ իրեն՝ Ս. Հոգւոյ մխիթարութիւնը։



