Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը Կիրակի, 14 Յունիսին արտակարգ նիստ գումարելով հրապարակեց ընտրութիւններու վերջնական արդիւնքները, հետեւեալ ձեւով` «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքը կը ստանայ 340.006 քուէ կամ 23,2710 տոկոս: «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը` 58.287 քուէ կամ 3,9893 տոկոս, «Քաղաքացիական պայմանագիրը»` 726.819 քուէ կամ 49,7456 տոկոս, իսկ «Հայաստան» դաշինքը` 144.983 քուէ կամ 9,9231 տոկոս:
Այսպիսով, Ազգային ժողով մուտք գործելու շեմը ապահովեցին երեք ուժեր, իսկ «Բարգաւաճ Հայաստան»ը կրկին չունեցաւ անհրաժեշտ 4 տոկոսը։
Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը որոշեց, որ 3 ընտրատեղամասերու մէջ քուէարկութիւններու արդիւնքները անվաւեր ճանչնալու որոշումը չ՛ազդեր ընտրութիւններուն արդիւնքներուն վրայ, հետեւաբար վերաքուէարկութիւն տեղի չ՛ունենար, ինչպէս պահանջած էին ընդդիմադիր ուժերը:
«Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը կը գտնէ, որ թիւ 12/13, 10/51 եւ 36/65 ընտրական տեղամասերուն քուէարկութեան արդիւնքներու անվաւեր ճանաչումը չ՚ազդէր ընտրութիւններու արդիւնքներու վրայ», նիստին յայտնեց ԿԸՅ-ի նախագահ Վահագն Յովակիմեանը:
Այս յայտարարութենէն ետք դահլիճին մէջ գտնուող ընդդիմութեան ներկայացուցիչները իրենց դժգոհութիւնը արտայայտեցին։
Այս արդիւնքներով, Ազգային ժողովի աթոռները կը բաշխուին հետեւեալ կերպով. «Քաղաքացիական պայմանագիր»` 64 աթոռ, «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութիւններու դաշինք` 29, «Հայաստան» դաշինք`12։
Ազգային փոքրամասնութիւններուն համար նախատեսուած աթոռներէն ՔՊն ստացաւ 3, իսկ «Ուժեղ Հայաստան»ը` 1 աթոռ:
Նիստին զուգահեռ հաւաքական ընդդիմութիւնը բողոքի ցոյց կազմակերպած էր: Հաւաքուածները կը պահանջէին չեղեալ յայտարարել ընտրութիւններուն արդիւնքները եւ նոր ընտրութիւններ կայացնել:
Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբին դիմաց երեք ուժերու` ներկայացուցիչները պաստառներով իրենց պահանջները կը ներկայացնէին:
Ընդդիմադիր գործիչները բողոքի ցոյցին ընթացքին կը նշէին, որ 7 Յունիսի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ժամանակ եւ անոնց նախորդող ընտրական ժամանակաշրջանին համակարգուած համատարած ընտրախախտումներ տեղի ունեցած են:
Ընդդիմութեան ընտրախախտումներու մասին առարկութիւնները համոզիչ չեն թուիր, քանի որ միջազգային դիտորդներ առհասարակ երաշխաւորած են ընտրութիւններու օրինականութիւնը։



