Իսրայէլի կառավարութիւնը միաձայնութեամբ հաստատած է Հայոց ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչնալու առաջարկը՝ պատմական շրջադարձ մը արձանագրելով տասնամեակներէն ետք, երբ երկրի քաղաքականութիւնը մեծապէս պայմանաւորուած էր Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ ունեցած դիւանագիտական յարաբերութիւններով։
Առաջարկը, որ ներկայացուցած էր Արտաքին Գործոց Նախարար Կիտէոն Սաար, Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայ ժողովուրդի դէմ գործադրուած զանգուածային կոտորածները, տեղահանութիւններն ու բնաջնջումը կը ճանչնայ որպէս ցեղասպանութիւն։ Կառավարութեան հաստատումէն ետք, բանաձեւը կը սպասուի ներկայացուիլ Քնեսեթի լիագումար նիստին՝ խորհրդարանական քուէարկութեան համար։
Սաար այս քայլը բնորոշած է որպէս բարոյական եւ պատմական պարտաւորութիւն՝ շեշտելով, թէ Իսրայէլ պարտաւոր է դատապարտել Հայոց ցեղասպանութեան պատմական ճշմարտութիւնը ժխտելու, նսեմացնելու կամ խեղաթիւրելու բոլոր փորձերը։
Բանաձեւը կը վերաբերի Օսմանեան կայսրութեան վերջին տարիներուն հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած ցեղասպանութեան, որուն ընթացքին աւելի քան մէկուկէս միլիոն հայեր սպաննուեցան զանգուածային տեղահանութիւններու, մահուան երթերու, սովամահութեան, կոտորածներու եւ հայկական համայնքներու համակարգուած ոչնչացման հետեւանքով։
Տասնամեակներ շարունակ, Իսրայէլի յաջորդական կառավարութիւնները խուսափած էին Հայոց ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչումէն՝ հակառակ որ պատմական ապացոյցերը ճնշող մեծամասնութեամբ կը հաստատեն այդ իրողութիւնը։ Այդ վերապահ կեցուածքը հիմնականին մէջ պայմանաւորուած էր Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանի միջեւ գոյութիւն ունեցող զգայուն դիւանագիտական, ռազմական եւ անվտանգային յարաբերութիւններով, մինչդեռ երկու երկիրներն ալ հետեւողականօրէն կը հակադրուէին Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման։
Կար նաեւ երկրորդ գործօն մը, հրեաները ցեղասպանութիւն եզրի գործածութիւնը կ՚ուզեն սահմանել միայն Հոլոքոստի օրինակով։ Իրենց համար այդ մէկը եզակի է եւ կարելի չէ ուրիշ ոչ մէկ արարք նմանեցնել անոր։
Կառավարութեան այս որոշումը կը կայացուի Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ միջեւ շարունակ սրացող լարուածութեան պայմաններուն մէջ։ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կառավարութիւնը վերջին տարիներուն բացայայտ թշնամական կեցուածք որդեգրած է Իսրայէլի նկատմամբ, մինչ Անգարան կը շարունակէ ժխտել Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ պաշտպանել Օսմանեան պետութեան ժառանգութիւնը։ Այս իրադրութեան լոյսին տակ, Իսրայէլի քայլը սուր արձագանգ յառաջացուցած է Թուրքիոյ դիւանագիտական շրջանակներու մօտ։
Հայոց ցեղասպանութեան պատմական ճշմարտութիւնը պէտք էր ճանչցուած ըլլար շատ աւելի առաջ՝ անկախ Իսրայէլի եւ Անգարայի կամ որեւէ այլ պետութեան միջեւ յարաբերութիւններէն։ Ճանաչումը բարոյական պարտաւորութեան, պատմական արդարութեան եւ ցեղասպանութեան ժխտման դէմ համամարդկային պատասխանատուութեան հարց է։
Այդուհանդերձ, կառավարութեան միաձայն որոշումը կարեւոր բեկում մը կը ներկայացնէ։ Ան Իսրայէլը կը մօտեցնէ այն դիրքորոշման, զոր արդէն որդեգրած են բազմաթիւ պետութիւններ, որոնց շարքին՝ Գանատան, Միացեալ Նահանգները, Ֆրանսան եւ Գերմանիան, ինչպէս նաեւ միջազգային կառոյցներ, ներառեալ Եւրոպական խորհրդարանը։
Աշխարհասփիւռ հայութեան համար Իսրայէլի քայլը չունի յատուկ բարոյական նշանակութիւն, քանի որ ինք եւս որդեգրած է ցեղասպան քաղաքականութիւն Պաղէստինի ժողովուրդի նկատմամբ։ Արդարեւ Թուրքիոյ դիւանագիտական շրջանակները Իսրայէլի այս քայլը կը մեկնաբանեն համաշխարհային ուշադրութիւնը շեղելու փորձ մը ըլլալով։
Բացի Թուրքիայէ Պաքու եւս դատապարտած է Իսրայէլի կառավարութեան այս որոշումը եւ զայն որակած է պատմական ճշմարտութիւններու հակասող երեւոյթ։
Միւս կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնած է թէ Հայաստանի կառավարութիւնը մտադիր չէ արձագանգելու Իսրայէզեան կառավարութեան այդ որոշումին։
Պարտինք յիշել թէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման խնդիրը նախապէս ընդդիմադիր պատգամաւորներու ջանքերով եկած էր Քնեսեթի օրակարգին եւ իշխանութեան միջամտութեան հետեւանքով ալ մերժուած։ Այս անգամ, երբ նոյն ինքն կառավարութիւնը կ՚արծարծէ խնդիրը տեսնենք թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ Քնեսեթի որոշումը։




