Սեպտեմբեր 28-ին, Երկուշաբթի օր, Հաստալի մէջ գտնուող Աղէտներու Շտապ Կացութեան Տնօրէնութեան դահլիճին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը կազմակերպուած էր ԱՔՓ-ի Իսթանպուլի երեսփոխան Տոց. Տոքթ. Սեւան Սըվաճըօղլուի կողմէ։ Հանդիպումին ներկայ էին Կուսակալ Կիւլը, Իսթանպուլի փոխ-կուսակալներ Մուսթաֆա Ասըմ Ալքան, Տոքթ. Ահմէտ Սիւհէյլ Իւչէր, Էլիֆ Ճանան Թունճէր, Իսթանպուլի Ազգային Կրթութեան տնօրէն Տոց. Մուրատ Միւճահիտ Եենթիւր, Վաքըֆներու 1-ին Շրջանի Տնօրէն Եաւուզ Կիւնէր, Վաքըֆներու 2-րդ Շրջանի Տնօրէն Արիֆ Էօզսոյ, Իսթանպուլի AFAD-ի տնօրէն Տոց. Հալուք Էօզէներ, Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ եւ ԷՐՎԱՊ-ի նախագահ Պետրոս Շիրինօղլու, եկեղեցական թաղականութիւններու ատենապետները ու վարիչները, ինչպէս նաեւ հայ դպրոցներու տնօրէնները։ Հանդիպման բացման խօսքին Տաւութ Կիւլ ըսաւ թէ հայ համայնքին հարցերը լսելու եւ լուծում փնտռելու համար հաւաքուած են։
ԷՐՎԱՊ-ի նախագահ Շիրինօղլու ըսաւ թէ դպրոցները ֆինանսական դժուարութիւններու մէջ են, եւ թէ հայկական դպրոցներուն մէջ 2 հազար 500 աշակերտ կ'ուսանին։ Շիրինօղլու նշեց թէ 15 դպրոց բաց է ու այս թիւը շատ է եւ թէ դպրոցները պէտք է միացուին։ Ապա աւելցուց թէ դպրոցներէն ոմանք երկրաշարժի դէմ վտանգաւոր վիճակի մէջ են։ Ժողովին նաեւ հաստատութիւններու խնդրանքներն ու պահանջները լսուեցան կուսակալութեան կողմէ։
Կուսակալութենէն գծագրութեան ծախսին նիւթական
օժանդակութիւն
ԷՐՎԱՊ-ի հանդիպումէն ետք կատարուած յայտարարութեան համաձայն, դպրոցներու տնօրէնները ընդհանուր առմամբ յատուկ խնդիր մը չեն ներկայացուցած։ Անոնք պահանջած են որ թրքերէնի ուսուցիչներուն եւ փոխ տնօրէններուն պաշտօնավարութեան ժամկէտները 2015-ի կանոնագրութեան համաձայն որոշուին։ 2015 Յուլիս 4-ին Կրթութեան Նախարարութիւնը փոքրամասնութեան դպրոցներուն թրքերէնի ուսուցիչ ընտրելու իրաւունք տուած էր։ Հինգ տարուան ծառայութեան ժամկէտը լրացուցած թրքերէնի կամ թրքական մշակոյթի դասերու նոյն ուսուցիչով ուսուցումը շարունակել ուզող, կամ այլ ուսուցիչներ աշխատցնել ուզող դպրոցներու գրած դիմումնագիրը կուսակալութեան հաստատման կը ներկայացնէին։ Դպրոցին վարչութեան կողքին համապատասխան ուսուցիչն ալ դիմումնագիր կը ներկայացնէր։ Սակայն 2025 Յունուար 3-ի Պաշտօնական Թերթին մէջ հրատարակուած «Կրթութեան Նախարարութեան մասնաւոր ուսուցման հաստատութիւններու կանոնագրութեան մէջ փոփոխութիւն կատարելու մասին կանոնագրութիւն»ով փոքրամասնութեան եւ օտար դպրոցներուն առնչուող փոփոխութիւններ կատարուած էին։ Կանոնագրութեան մէջ տեղ գտած էր հետեւեալ արտայայտութիւնը. «Թրքերէնի եւ Թրքական Մշակոյթի Դասերու Ուսուցիչներուն Մասին Օրէնքի դրութիւններուն համաձայն, առաւելագոյնը 5 տարի ժամկէտով կուսակալութեան կողմէ կը նշանակուին։ Անոնցմէ մին կուսակալութեան կողմէ տնօրէնի առաջին օգնական կը նշանակուի»։ Այս փոփոխութեամբ Նախարարութիւնը 2012-ի կիրարկումին վերադառնալու որոշում առած էր։ Փոփոխութիւնը փոքրամասնութեան դպրոցներուն համար անակնկալ եղած էր։ ԷՐՎԱՊ-ի յայտարարութեան համաձայն, հանդիպման ընթացքին խօսք առած թաղականութիւններու ատենապետներն ալ ըսած են թէ որեւէ խնդիր չունին, միայն թէ պատմական յուշարձան համարուող դպրոցներու դիմումներուն Յուշարձաններու Խորհուրդը ուշ կը պատասխանէ։ Ստացուած տեղեկութիւններուն համաձայն, հանդիպման ընթացքին հիմնարկներու վարչութիւնները նշած են թէ վաքըֆներէն գանձուող անշարժ գոյքի հարկերը բարձր գումարներ են։ Ստացուած տեղեկութիւններուն համաձայն, դպրոցական շէնքերու երկրաշարժի դէմ ամրապնդման համար նախագծի գծագրութեան գումարին կէսը կուսակալութեան կողմէ պիտի հոգացուի։
«Վարձքի գումարները
վերագնահատուին»
Հանդիպման ընթացքին ԷՐՎԱՊ-ի Երկրաշարժի Յանձնախումբի պետ եւ Եէշիլքէօյի Սուրբ Ստեփաննոս Եկեղեցւոյ թաղականութեան անդամ Գէորգ Էօզքարաքէօզ դպրոցական շէնքերու երկրաշարժի դիմադրութեան մասին մանրամասն ներկայացում կատարեց։ Վաքըֆներու 1-ին Շրջանի Տնօրէն Եաւուզ Կիւնէր հիմնարկներու գոյացանկին մէջ գտնուող կալուածներու վարձքի գումարներուն առնչութեամբ բացատրութիւններ տուաւ։ Կիւնէր ըսաւ թէ կատարած ստուգումներուն մէջ որոշ անշարժ կալուածներու վարձքի գումարներուն ներկայ շուկայական արժէքներէն ցած մնացած ըլլալը հաստատած են, եւ թէ վարձքի գումարները ներկայ գիներուն համաձայն վերագնահատուելու են։ Կիւնէր խորհուրդ տուաւ որ Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութեան կողմէ որոշուած երեք փորձագիտական ընկերութիւններէն որեւէ մէկէն նոր փորձագիտական տեղեկագիր առնուի, եւ վարձքի գումարները ներկայ արժէքներուն համաձայն վերանայուին։ Կուսակալ Կիւլ, փակման խօսքին մէջ, ըսաւ թէ աշակերտներու թիւը քիչ եղող դպրոցները եւ երկրաշարժի դէմ վտանգաւոր վիճակի մէջ գտնուող դպրոցները երկրաշարժի դէմ դիմացկուն դպրոցներու հետ պէտք է միանան, եւ թէ ասիկա անվտանգութեան եւ տնտեսական տեսանկիւնէ կարեւոր է։




