Քափայի լուսանկարները Պոմոնթիատայի մէջ
Արա Կիւլէր Թանգարանի կողմէ, Robert Capa Contemporary Photography Center-ի համագործակցութեամբ եւ Պուտափէշտի Հունգարական Մշակութային Հիմնարկի աջակցութեամբ պատրաստուած «Ռոբերթ Քափա, Իրականութիւնը Լաւագոյն Լուսանկարն Է» ցուցահանդէսը երկարաձգուեցաւ մինչեւ 5 Ապրիլ 2026։ Թուրքիոյ մէջ մինչեւ այսօր կազմակերպուած Ռոբերթ Քափայի ամենաընդգրկուն ընտրանիներէն մէկը ներկայացնող ցուցահանդէսը, 20-րդ դարու ամենակարեւոր լրատուական լուսանկարիչներէն Քափայի ստեղծագործական ուղու լայն հատուածին կ'անդրադառնայ։
2024 թուականին Պուտափէշտի Capa Center-ին մէջ բացուած «Արա Կիւլէր. Կեանքի Մասին» ցուցահանդէսին յաջորդող այս ցուցադրութիւնը, երկու հաստատութիւններու միջեւ համագործակցութեան շարունակութիւնն է եւ իր անունը կը կրէ Քափայի պարզ ու ուղղակի լուսանկարչական հայեցակէտը ամփոփող խօսքէն։ Ընտրանիին մէջ, արուեստագէտին ամենայայտնի կադրերուն կողքին, 1946 թուականին Թուրքիոյ մէջ նկարած լուսանկարներէն բաղկացած յատուկ բաժին մըն ալ կայ։
Ցուցահանդէսը կը սկսի Քափայի 1932 թուականին լրատուական լուսանկարիչ հանգամանքով կատարած առաջին մասնագիտական աշխատանքով, Լեոն Թրոցկիի Գոբենհագէն ելոյթէն լուսանկարով։ Պատումը կ'ձգուի մինչեւ արուեստագէտի 1954 թուականին Հնդկաչինաստանի մէջ կեանքը կորսնցնելէն քիչ առաջ նկարած վերջին կադրերը։ Պատմական տեսանկիւնէն մեծ նշանակութիւն ունեցող այս տեսողական արխիւը, Էնտրէ Ֆրիտմանէն Ռոբերթ Քափա դառնալու ճամբան եւ լուսանկարչական անձնաւորութեան մը ծնունդը կ՚ապացուցէ։
Ցուցահանդէսին մէջ կայ նաեւ Քափայի 1946 թուականին Թուրքիա կատարած այցելութեան ընթացքին նկարած 37 արծաթ-ժելատինային տպագրութիւններէ բաղկացած յատուկ բաժին մը։ «March of Time» լրատու ֆիլմերու շարքին համար Թուրքիան ներկայացնող վաւերագրական ֆիլմ մը պատրաստելու նպատակով երկիր ժամանած Քափա. Պոլսոյ առօրեայ կեանքէն Անգարայի ժամանակակից ճարտարապետութիւն, գիւղական բնութիւններէ դիմանկարներ՝ ընդարձակ կադրեր կ'արտադրէ։
2018 թուականին Տողուշ Խումբի եւ Արա Կիւլէրի համագործակցութեամբ հիմնուած Արա Կիւլէր Թանգարանին մէջ կայացող ցուցահանդէսը կարելի է այցելել, բացի երկուշաբթիէն, երեքշաբթի–ուրբաթ օրերու միջեւ ժամը 10.00–18.00-ին, կիրակի օրերուն ժամը 12.00–18.00-ին, Եափը Քրետի Պոմոնթիատային մէջ։ Մանրամասն տեղեկութիւններու համար կարելի է դիմել թանգարանի պաշտօնական կայքին եւ ընկերային ցանցերու հաշիւներուն։

