7 Յունիս թուականը ինչպէս Հայաստանի, Քոսովոյի մէջ ալ խորհրդարանական ընտրութիւններու օր է։ «Արնաւութ Հապէր» կայքէջի լրատւութեամբ վերահասու եղանք թէ Քոսովոյի Խորհրդարանի անդամակցութեան համար իր թեկնածութիւնը առաջադրած է նախկին պոլսահայ, այժմ քոսովոյաբնակ Գէորգ Ֆընտըք։
Ան իր թեկնածութիւնը առաջադրած է Քոսովոյի Դեմոկրատ Թուրքեր կուսակցութեան շարքէն։
Կուսակցութիւնը այս առումով պատրաստած որմազդերուն մէջ շեշտադրելու համար իր թեկնածուի հայ ինքնութիւնը, մականունը նշած է Ֆընտըքլըեան ըսելով։
Նշենք որ Գէորգ Ֆընտըք երկար տարիներ աշխատած էր Ալպանիոյ մէջ, ապա իր գործը փոխադրած Քոսովօ ու այս երկրի մէջ ալ յաջողած էր զբաղեցնել Քոսովոյի Վաճառականներու Սենեակի նախագահութիւնը։
Գէորգ Ֆընտըք ընտրութեան նախորդող քարոզարշաւի շրջանին կը խուսափի շռնդալից խոստումներէ, անոնց փոխարէնը իր ծրագիրները ներկայացնելով։
Ան այդ ծրագիրներով կը հաւաստիացնէ թէ պիտի նպաստէ յատկապէս երիտասարդներու գործազրկման խնդրին։



