Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ ենթակառոյցներու փոխնախարար Նարեկ Ապիտոնեանը 23 Հոկտեմբերին ընդունեց Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարի ապահովական աջակցութեան հարցերով փոխտեղակալ Շոնա Ուիլսընի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ ուժանիւթի ոլորտին մէջ համագործակցութեան ծիրին մէջ իրականացուող ծրագիրներուն ընթացքը եւ համագործակցութեան զարգացման հեռանկարները։
Անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի մէջ հիւլէական նոր կայանի կառուցման։
Ապիտոնեան տեղեկացուց, որ Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ ենթակառոյցներու նախարարին հրամանով նշանակուած է «Հիւլէական նոր ուժանիւթի աղբիւրի կառուցում» ընկերութեան գլխաւոր տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար։ Ան յոյս յայտնեց, որ այս նշանակումը նոր թափ պիտի հաղորդէ կորիզային նոր կայանի կառուցման գործընթացին, որոնց կարգին՝ Միացեալ Նահանգներու համապատասխան ընկերութիւններուն հետ տարուող աշխատանքներուն։



