Լուսանկարչի աշխատանքը միայն պահը կանգնեցնելը չէ․ այն նաեւ ժամանակի մէջ ապրող մարդու հայեացքն է՝ այն, ինչ ան կը տեսնէ, կը նկատէ եւ կ՚ընտրէ պահպանել։ Գրիգոր Ճոլոլեանի դէպքին այդ հայեացքը ձեւաւորուած է մի բարդ ու շրջադարձային ժամանակաշրջան, երբ հազարաւոր հայեր նոր կեանքի կը սկսէին Ֆրանսիա, իսկ Փարիզը կը շարունակէր մնալ եւրոպական մշակոյթի, քաղաքականութեան եւ հասարակական կեանքի կարեւոր կեդրոններէն մէկը։ Ծնունդով Ատաբազարէն՝ Գրիգոր Ճոլոլեանի մասնագիտական ուղին կ՚առանձնանայ նաեւ մարդկանց ու իրադարձութիւններու լայն շրջանակով, որոնց ան հանդիպած է իր գործունէութեան ընթացքին։ Լուսանկարած է Ֆրանց Վերֆելին, Ուինսթոն Չերչիլին, Շառլ դը Կոլին, ինչպէս նաեւ հետագայ տարիներու յայտնի դէմքեր՝ Շառլ Ազնաւուրին, Շոն Փենիին եւ Առնոլտ Շուարցենեկերին։ Սակայն լուսանկարներու ետեւը մարդ մըն էր, որ ինչպէս կը պատմէ անոր որդին՝ Պատրիկ Ճոլոլեանը, առանձնապէս շատ չէր խօսեր իր անցած ճանապարհի մասին։ Ան իր երախաներուն քիչ կը պատմէր իր կեանքի դժուարութիւններուն, հանդիպումներուն ու տեսած իրադարձութիւններուն մասին։ Անոր պատմութիւնը, այդպէսով, այսօր կը վերականգնուի ոչ միայն ընտանեկան յիշողութեան, այլեւ այն բազմաթիւ լուսանկարներու միջոցաւ, որոնք ան թողած է իր ետեւէն։ Այս հարցազրոյցի մէջ անոր որդին՝ Պատրիկ Ճոլոլեանը կը պատմէ իր հօր ընտանիքի պատմութեան, Ֆրանսա հասնելու ճանապարհի, լուսանկարչական եւ լրագրողական գործունէութեան, ինչպէս նաեւ այն արժէքներու մասին, որոնք Գրիգոր Ճոլոլեանը փոխանցած է իր ընտանիքին։
Ձեր ընտանիքի արմատները Սսի եւ Ատաբազարի հետ կապուած են։ Կը պատմէ՞ք ձեր հօր՝ Գրիգոր Ճոլոլեանի ընտանիքի պատմութիւնը՝ Ատաբազարէն մինչեւ Ֆրանսա հասնելու ճանապարհը։
Մօրս կողմը կիլիկիացի էին՝ Սսեցի, իսկ հայրիկիս կողմը՝ Ատաբազարէն։ Երկու կողմերն ալ վերջին ըլլալով Ֆրանսա եկան։ Հայրս ծնած էր Ատաբազար։ Անոնց ընտանիքը կ՚ապրէին երեք տղաներ։ Հայրս՝ Գրիգորը, Հայկը եւ Յակոբը։ Պապիկս շատ շուտ մահացաւ եւ մեծ մայրիկս ստիպուած տեղափոխուեցաւ Պոլիս, որովհետեւ միջոցներ չունէր եւ պէտք որ աշխատէր, որպէսզի կարողանայ մեծցնել երեք տղաներուն։ Շատ դժուարութեամբ կ՚աշխատէր գործարանի մէջ, իսկ երեք տղաները սորվեցան Էսայեան վարժարան ապա՝ Կեդրոնական։ Յակոբը՝ ամենամեծը, շատ վաղ ներգրաւուեցաւ մտաւոր եւ գրական կեանքի մէջ։ Ան գրող էր, զբաղուած էր նաեւ թատրոնով: «Ազատամարտ» թերթի մէջ դարձաւ խմբագրական ղեկավար։
Ձեր հօրեղբայր Յակոբ Սիրունին այդ տարիներուն կը շփուէր Պոլսոյ հայ մտաւորականներուն հետ։ Ի՞նչ կապեր ունէր ան Կոմիտասի, Գրիգոր Զոհրապի եւ Դանիէլ Վարուժանի հետ։
Այո՛, Դանիէլ Վարուժանի հետ շատ մտերիմ էին։ Անոնք միասին հրատարակեցին «Նաւասարդ» ալմանաքը 1914-ին, որ լոյս տեսաւ Պոլիս՝ նուիրուած հայկական գրերու 1500-ամեակին։ Յետոյ Յակոբը տեղափոխուեցաւ Ռումինիա։ Միւս եղբայրը՝ Հայկը, սպորտի մէջ շատ զօրաւոր էր։ Հայրս՝ Գրիգորը, ամենափոքրն էր։ Ան երկու տարի երգեց Կոմիտասի երգչախումբին մէջ։ Ան նաեւ տետրի վրայ նկարած էր Կոմիտասի գլուխը ետեւէն եւ այդ տետրը այսօր կը գտնուի Երեւանի Կոմիտասի թանգարանի մէջ։
Գրիգորը Ֆրանսա հասնելէ ետք ինչպէ՞ս սկսաւ իր լուսանկարչական ու լրագրողական գործունէութիւնը, ի՞նչ կը լուսանկարէր եւ ինչպէս այդ աշխատանքը կը կապէր թէ՛ ֆրանսական, թէ՛ հայկական կեանքի հետ։
Գրիգորը մօր հետ անմիջապէս եկաւ Ֆրանսա՝ Մարսել, 1922 թուականի Նոյեմբեր 22-ին, ապա տեղափոխուեցաւ Փարիզ։ Այնտեղ սկսաւ աշխատիլ որպէս լուսանկարիչ եւ լրագրող։ Տարբեր թերթերու համար լուսանկարներ կ՚ըներ եւ կը գրեր ֆրանսական կեանքի մասին։ Ես շատ լուսանկարներ ունիմ՝ 1923 թուականէն մինչեւ անոր մահը։ Ան կը լուսանկարէր պարարուեստի մրցումներ, սպորտային տարբեր միջոցառումներ, կ՚երթար օդանաւակայաններ եւ կը լուսանկարէր օդանաւեր։ Այդ աշխատանքով ալ կը վաստակէր իր ապրուստը։ Սկզբին աշխատեցաւ Փարիզի 9-րդ թաղամաս, իսկ 1930 թուականին տեղափոխուեցաւ ուրիշ հասցէ, որտեղ խանութ բացաւ եւ շարունակեց իր գործը։ Այդ ժամանակ ան կը լուսանկարէր ինչպէս ֆրանսական, այնպէս ալ հայկական կեանքը։ Ունինք 1924 եւ 1925 թուականներու լուսանկարներ՝ սպորտային մրցումներէն, որոնք հայերը կը կազմակերպէին։ Շատ հետաքրքիր է, որ այդ լուսանկարներուն ժողովուրդը շատ լաւ հագնուած է։ Մարդիկ՝ հայերը մէկ-երկու տարի առաջ եկած էին՝ առանց ոչ մի բանի, բայց այդ երկու տարուայ ընթացքին կարողացան աշխատիլ։ Չուզեցին մնալ աղքատ, ուզեցին ցոյց տալ, որ իրենք ալ կրնան ամէն ինչ ընել։ Ան կը լուսանկարէր նաեւ հայկական կեանքի տարբեր դրուագներ, օրինակ՝ Անդրանիկի թաղումը 1928 թուականին։ Յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ Փարիզ։ Անդրանիկին անձամբ չէր տեսած, բայց լուսանկարած էր։ Այդ լուսանկարներէն ունիմ, եւ այնտեղ դագաղն ու սուրը կան։ Երբ 2000 թուականին անոր դագաղը վերջապէս գնաց Հայաստան, Հայաստանի կառավարութիւնը մեզ հարցուց այդ լուսանկարի մասին՝ ճշտելու համար, թէ մեր ունեցած սուրը իսկական էր։ Այդ ժամանակ քանի մը սուր կար, եւ յայտնի չէր, թէ որն էր իրականը։ Բայց կարողացան ճշտել՝ հայրիկիս ունեցած լուսանկարի հիման վրայ։ Այդ լուսանկարի միջոցով պարզեցին, թէ որն էր Զօրավարի իսկական սուրը։
Գրիգորը, բացի սպորտային եւ հասարակական կեանքի լուսանկարներէն, ի՞նչ կարեւոր հայկական իրադարձութիւններ ու դէմքեր լուսանկարած է։
Գրիգորը լուսանկարած է Կոմիտասի թաղումը 1935 թուականին, ինչպէս նաեւ ՖրանցՎերֆելի այցը Փարիզ 1936 թուականին եւ հայկական գաղութի կողմէն անոր ընդունելութիւնը։ 1930 թուականին Սորպոն լուսանկարած է Աւետիս Ահարոնեանի յոբելեանը, որու ժամանակ Սորպոնի մեծ դահլիճը լեփ-լեցուն էր։ Փարիզ կար «Յառաջ» օրաթերթը եւ անոր լուսանկարները յաճախ կը տպագրուէին այնտեղ։ Ան նաեւ յօդուածներ կը գրէր եւ յաճախ նիւթեր կու տար «Յառաջ»ին։
Ի՞նչ կ՚ընդգրկութիւն ունէր Գրիգորի լուսանկարչական գործունէութիւնը եւ ի՞նչ նշանակութիւն ունի այսօր պահպանուած անոր արխիւը։
Ան իր ոսպնեակով լուսանկարած է ամբողջ Փարիզը ե՛ւ ֆրանսական, եւ հայկական կեանքը։ Ան շատ քիչ կը պատմէր իր անցեալի մասին։ Չէր ուզեր իր երախաներուն պատմել այդ տարիներու մասին։ Երկու եղբայր ունիմ եւ անոնց նոյնպէս բնաւ բան մը չէր պատմեր։ Այն ինչ իմացանք, հիմնականին իմացանք մայրիկէս։ Նոյնիսկ չէր ըսեր, որ օրինակ, Շառլ դը Կոլին, Չերչիլին կամ Ֆրանց Վերֆելին լուսանկարած է։ Շատ բան տեսած էր, բայց քիչ կը խօսէր։ Որպէս ֆրանսական զինուոր, մասնակցեցաւ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին Ֆրանսայի կողմէն։ 1940 թուականին, երբ գերմանացիները կու գային, ան եւ իր զինուորներու խումբը ստիպուած եղան հասնիլ մինչեւ Ֆրանսայի հարաւը։ Այնտեղ անոր ազատ արձակեցին որպէս զինուոր եւ ան վերադարձաւ Փարիզ, որտեղ շարունակեց աշխատիլ։ Ան նոյնիսկ լուսանկարած է Փարիզի ազատագրման օրերը՝ 1944 թուականի Օգոստոսին։ Այդ ժամանակ կարողացաւ լուսանկարել Չերչիլին, Շառլ դը Կոլին եւ շատ ուրիշներուն։ Այդ շրջանէն նոյնպէս շատ հարուստ լուսանկարներու արխիւ ունի։
Ինչպէ՞ս կը վերաբերուիք այդ արխիւի պահպանման ու հասանելիութեան եւ որտե՞ղ այսօր կը պահուին Գրիգորի լուսանկարները։
Երբ հաւաքածոյ կը հաւաքես, պէտք է ան չցրուի աջ ու ձախ, պէտք է այդ հարստութիւնը մնայ։ Բայց եթէ կ՚ուզես, որ այդ հարստութիւնը պահպանուի եւ մարդիկ կարողանան օգտուիլ անոնցմէ, պէտք է ան մէկ տեղ դնել, ըսենք՝ թանգարանի մէջ։ Իսկ եթէ այն պարզապէս պահեստի մէջ է եւ ոչ ոք չի օգտագործեր, ի՞նչ օգուտ։ Ես այս հարցին իմ ձեւով կը մօտենամ։ Միշտ կ՚ըսեմ՝ երբ պատմական արխիւներ ունինք, երեք բան պէտք է ընենք։ Նախ՝ պէտք է պաշտպանել, երկրորդ՝ պէտք է տարածել, եւ երրորդ՝ պէտք է յանձնել։ Այսինքն՝ անոնք այլեւս իմը չեն․ անոնք համայնքին կը պատկանին, ազգին կը պատկանին, պատմութեան կը պատկանին։ Չպէտք է զգաս, որ անոնք քեզ կը պատկանին, այլ պէտք է գիտակցիս, որ անոնք ազգին կը պատկանին։ Ուրեմն՝ երեք բան՝ պաշտպանել, տարածել եւ յանձնել։ Ես որոշեցի, որ լուսանկարները պէտք է տարբեր տեղեր երթան։ Այսօր անոնք կը գտնուին Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան, Կոմիտասի թանգարան, ինչպէս նաեւ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարան։ Բացի այդ, լուսանկարներ կան Ֆրանսայի լուսանկարչական թանգարանի, Միգրացիայի թանգարանի եւ Փարիզի պատմութեան թանգարանի մէջ։ Ֆրանսա ունինք նաեւ հայկական կազմակերպութիւն, որ կը կոչուի «Արան», Մարսելի մէջ։ Անոնք կը հաւաքեն այն, ինչ կայ, որպէսզի պահպանեն եւ հնարաւորութիւն տան ուսանողներուն երթալ ու տեսնել։
Ի՞նչ սորվեցաք ձեր հայրիկի կեանքէն եւ ի՞նչ արժէքներ ու սկզբունքներ փոխանցեց ձեզի։
Անոր կեանքէն սորվեցայ, որ նախ եւ առաջ, ինչ ալ որ ըլլայ, պէտք չէ կորսնցնենք մեր ինքնութիւնը։ Մեր ինքնութիւնը չպէտք է դառնայ դժուարութիւն, բայց պէտք է իմանանք, որ ան ունինք։ Միեւնոյն ժամանակ պէտք է կարողանանք համապատասխանել ան միջավայրին, որտեղ կ՚ապրինք։ Մենք Ֆրանսա էինք եւ պէտք էր հաւասարակշռել այդ երկուքը՝ ըլլայ Ֆրանսայի քաղաքացի, բայց չկորսնցնել եւ չմոռնալ մեր ինքնութիւնը։ Ան նաեւ սորվեցուց, որ ինչ դժուարութիւններ ալ անցնենք, պէտք է ձգտինք յաղթանակի։ Մենք շատ դժուարութիւններով անցած ենք, բայց ան չէր ուզեր, որ մենք զգանք այդ դժուարութիւնները։ Ան մեզ մեծցուց մի կողմէն՝ որպէս հայ, միւս կողմէն՝ որպէս Ֆրանսայի քաղաքացի։ Անոր փոխանցած արժէքները շատ են։ Ան սորվեցուց աշխատիլ, չմոռնալ, յիշել, ճիշդ ըլլալ կեանքի մէջ, չխաբել եւ ազնիւ ըլլալ։
Ի՞նչ կ՚ուզէիք, որ ձեր զաւակները ու յաջորդ սերունդները յիշեն եւ սորվին ձեզմէ՝ որպէս Ճոլոլեաններու շարունակականութեան մաս։
Կ՚ուզէի, որ իմանային իրենց անցեալը, բայց այդ անցեալը անոնց համար արգէլք չըլլար ապագայի ճանապարհին։ Պէտք է քու անցեալը իմանաս, բայց ան պէտք չէ արգէլք դառնայ քու ապագայի համար։ Խորհուրդս այդ է։



