Պէյօղլուի պատմական շէնքերէն, պարերէն, հիւրանոցներէն ու բակերէն արձագանգող փառատօնը տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբերի 13-14-15-ին։ Փառատօնին մէջ նախատեսուած է նաեւ քննարկում մը, որ նիւթ պիտի ունենայ հայ ճազիստ Գրիգոր Գելեգեանի երաժշտական վաստակը։
Առաջին անգամ 2024-ին կազմակերպուած փառատօնին, բարձրացող ճազ խումբերու կողքին, ընդգրկուած են նաեւ էլեկտրոնային երաժշտութեան հետ կապ ունեցող նախագիծեր, ուղիղ հաղորդումներ, քննարկումներ, զրոյցներ ու աշխատանոցներ։
Փառատօնի առաջին տարին կազմակերպուած էր նաեւ քննարկում մը Թուրքիոյ ճազ երաժշտութեան կարեւոր նպաստ բերած Հրանդ Լուսիկեանի մասին. Բժիշկ Պարգեւ Պալըմեան, Սատետտին Տավրան եւ Օրհան Թեքելիօղլու խօսած էին Լուսիկեանի երաժշտական ուղիին մասին։ Այս տարուան փառատօնի ծրագրին մէջ Թուրքիոյ առաջին ճազ նուագախումբը հիմնած Գրիգոր Գելեգեանի մասին եւս քննարկում մը պիտի կազմակերպուի։ Պարգեւ Պալըմեան եւ Օրհան Թեքելիօղլու պիտի անդրադառնան Գելեգեանի Փարիզի մէջ ճազ երաժշտութեան հետ ծանօթութեան, ինչպէս նաեւ Պոլսոյ եւ այլ քաղաքներու մէջ իր տուած համերգներուն։ Քննարկումը տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբերի 15-ին, Կիրակի օր, ժամը 16:00-ին, Այնալը Կեչիթ սրահին մէջ։ Անվճար այս միջոցառման համար պէտք է գրանցուիլ https://www.beyoglucazfestivali.com/event-details/orhan-tekelioglu-panel կայքէջին։



