Որքան հակասական երեւոյթ մըն է Թարգմանչաց Տօնը յիշատակել փակուած կրթական օճախի մը դարադարձը նշելով։ Յետեղեռնեան շրջանի դպրոցաշինութեան արշաւը ունէր նաեւ ազգապահպանման միտում։ Բնօրրանէն արմատախիլ եղած ժողովուրդի մը յաջորդ սերունդները դաստիարակել օտար երկիրներու մէջ։ Ինքնին բաւականին վեհ գիտակցութիւն պահանջող առաքելութիւն մըն է այս, որ կը պահանջէ մեծ զոհողութիւն։ Այսպէս երբ իւրաքանչիւր գաղթօճախի մէջ կը գոյանար նոր վարժարան մը, անհրաժեշտ էր այդ վարժարանը աւարտողներուն աւելի բարձր մակարդակով ուսում ճամբող այլ հաստատութիւններ ալ։ Այդպիսիներէն եղած էր Կիպրոսի Մելգոնեանը, որու հիմնադիրները եղան կեսարացի Գրիգոր եւ Կարապետ Մելգոնեան եղբայրները։
Անոնք տասնամեակներ շարունակ սփիւռքի զանազան գաղութներու կիզակէտին եղան ուսման պապակ թերատի պատանիներու համար։ Հեռաւոր գաւառի մը Անտիոքի Վաքըֆգիւղի նախակրթարանը այս առումով հետաքրքրական օրինակ մը պէտք է համարել, քանի որ գիւղի ծխական դպրոցը աւանդոյթի վերածած էր ուսման տարեշրջանին ամենայաջող աշակերտը ղրկել Մելգոնեան, անհրաժեշտ ծախսերու հոգը վերցնելով իր վրան։
Ափսոս որ դպրոցի խնամակալութիւնը ստանձնած Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան կեդրոնական վարչութիւնը դրժելով իր առաքելութիւնը Յունիս 2005-ին փակեց Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը, պարզապէս անոր տարածքի արժէքին տիրանալու համար։
Այս բոլորէն անկախ կերպով, Մելգոնեանի երբեմնի պոլսաբնակ սաները ուշադիր եղան իրենց վարժարանի հիմնադրութեան եւ որոշեցին համերգով մը եւ ապա հոգեհանգստեան Պատարագով մը յիշատակել Մելգոնեան եղբայրները։ Այս առումով անոնք փութացին ինք եւս Մելգոնեանի սան խմբավար Յակոբ Մամիկոնեանին, որ զօրաշարժի մատնեց Լուսաւորիչ Երգչախումբը, ստանձնած առաքելութիւնը կատառին բերելու համար։
Արդարեւ 30 Հոկտեմբերի երեկոյեան Սուրբ Երրորդութիւն Եկեղեցին ամբողջովին լեցուն էր այս եզակի համերգը ըմբոշխնելու փութացած երաժշտասէրներով։
Կ՚արժէ յատուկ ընդգծել երգչախումբի մշակած յայտագիրը, որու մէջ ծանրակշիռ կը դառնար այս տարի իր եւս ծննդեան 100-ամեակը յիշած մեծ երգահան Խաչատուր Աւետիսեանի ստեղծագործութիւնները։ «Տարերգութիւն», «Օրօր», «Իմ Եղեք» երգերէն զատ հնչեցին Կոմիտաս Վարդապետի «Չինար Ես», «Հոյ Նազան» եւ «Անձրեւ Եկաւ» երգերը, Արա Պարթեւեանին «Տէր Ողորմեա»ն, Թաթուլ Ալթունեանի «Ալմաստը Շողում Է», Բարսեղ Կանաչեանի «Նանոր», Հենրիկ Անասեանի «Ափ Մը Հող», Սմբատեանի «Հայաստան», Էտկար Յովհաննիսեանի «Արփա Սեւան», Արտ. Խաչատուրեանի «Իմ Անուշ Հայրենիք», Վահան Պետելեանի «Քայլերգ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան» գործերը։
Խիստ տպաւորիչ էր համերգի սկզբնական պահը, երբ երգչախումբի երկսեռ անդամներ շարուած էին եկեղեցւոյ աջ եւ ձախ կողմնակի պատերուն առջեւ, հնչեց «Սուրբ, Սուրբ»ը, Մակար Եկմալեանի մշակումով։
Ռոպէր Տողանայի դաշնամուրի ընկերակցութեամբ հնչող համերգի ընթացքին որոշ երգերու մեներգային բաժինները մեծ յաջողութեամբ կատարեցին Մարալ Չաղլըչուպուքչու, Շանթ Չաքմաքճեան եւ Սերճան Կազերօղլու։
Օրուայ հանդիսավարի պաշտօնը կատարեց Գարոլին Մամիկոնեան։
Աւարտին Սրբազան Պատրիարք Հօր ձեռամբ յուշանուէրներ բաժնուեցան այս ձեռնարկին նպաստողներուն։
Ուրբաթ օրուայ այս համերգային յիշատակումը իր աւարտին հասաւ կիրակնօրեայ Սուրբ Պատարագով մը, որ կայացաւ դարձեալ Պէյօղլուի Սուրբ երրորդութիւն Եկեղեցւոյ մէջ։




