15-17 Սեպտեմբեր 2026-ին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի։
Ժողովին յանուն Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր մասնակցեցաւ Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան: Նորին Սրբազնութիւնը այս առթիւ Հայաստան մեկնեցաւ 14 Սեպտեմբեր 2026, Երկուշաբթի:
Եռօրեայ նիստերու ընթացքին օրակարգի մաս կազմեցին եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններու ներկայ վիճակը, եկեղեցականներու նկատմամբ իրաւական գործընթացները, Մայր Աթոռի գործունէութեան առջեւ ցցուած խնդիրները, ինչպէս նաեւ Հայց. Եկեղեցւոյ ներքին, կրթական եւ կանոնական կեանքի վերաբերեալ զանազան հարցեր։
Ժողովին ընթացքին քննութեան առնուեցան նաեւ թեմերու գործունէութեան եւ Հայ Եկեղեցւոյ առաքելութեան վերաբերեալ այլ հարցեր։
Ժողովի աշխատանքները եզրափակուեցան Վեհափառ Հայրապետի գնահատանքի խօսքով եւ օրհնութեամբ։
Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան քաղաքս վերադարձաւ 20 Սեպտեմբեր 2026, Կիրակի առաւօտ:



