Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 5 Հոկտեմբեր 2026, Երկուշաբթի միջօրէին, Սուիս Հիւրանոց-Պոսֆորուս Իսթանպուլի մէջ մասնակցեցաւ Գերման Միութեան Օրուան առթիւ սարքուած ընդունելութեան:
Ընդունելութեան ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը Գերմանիոյ Իսթանպուլի Աւագ Հիւպատոս Տքթ. Ռեճին Կրինպերկէրի անձին մէջ շնորհաւորեց Գերման Միութեան Օրը եւ յաջողութիւն մաղթեց իրեն առաքելութեան մէջ:
Ընդունելութեան ընթացքին Նորին Ամենապատուութեան ընկերացաւ Արժ. Տ. Ոսկի Քհնյ. Սարգիսեան:



