Լիբանանի Խորհրդարանը 11 Օգոստոսի նիստին կայացուցած որոշումով մը չեղարկած է մահապատժի գործադրութիւնը։ Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ Միջազգային Ներման Կազմակերպութեան Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի շրջանային վարիչ Հեփա Մորայէֆ։
Ան կը յայտնէ թէ այս որոշումով Լիբանան կը մասնակցի մահապատիժը վերացնող երկիրներու շարքին։ Բացի մահապատիժը պաշտօնապէս վերացնողներէ կան երկիրներ, որոնք երկար տարիներէ ի վեր կը խուսափին նման պատիժը գործադրելէ։
Սոյն նախագծի մեկնակէտն է 7 Հոկտեմբեր 2025 թուականը։ Այդ օր եօթը պատգամաւորներ նախագիծ մը ներկայացուցին Լիբանին Խորհրդարանի Մարդու Իրաւունքներու Յանձնախումբին։ Օրէնքը գործադրութեան կ՚անցնի նախագահի ստորագրումէն եւ պաշտօնաթերթի մէջ հրապարակումէն ետք։



