Մարկ Նշանեանի «Բանաստեղծութիւն եւ յեղափոխութիւն» հատորը քով քովի կը բերէ հայ գրականութեան երկու կարեւոր դէմքերու՝ Եղիշէ Չարենցի եւ Վահէ Օշականի քերթողական գործերն ու աշխարհը։ Առաջին ակնարկով պատահական թուացող այս հանդիպումը խորքին մէջ երկխօսութիւն մըն է երկու տարբեր աշխարհներու միջեւ։ Մէկ կողմէն՝ Սովետական Հայաստանն ու Չարենցի «հայրենիք»ի որոնումը, միւս կողմէն՝ սփիւռքեան գոյավիճակին մասին Վահէ Օշականի վկայութիւնը։Հեղինակը, գրականագիտական ու փիլիսոփայական վերլուծումներով, կը քննէ Եղիշէ Չարենցի գործին մէջ պատմութեան, սուգի եւ գրական լեզուի հարցերը, ինչպէս նաեւ Վահէ Օշականի արձակն ու քերթողութիւնը՝ լոյսի տակ բերելով անոնց միջեւ գոյութիւն ունեցող անտեսանելի կապը։«ԿԱՄ» մատենաշարի երրորդ միաւորը հանդիսացող «Բանաստեղծութիւն եւ յեղափոխութիւն» հատորը հայ գրականութեան, լեզուին եւ պատմութեան նուիրուած խորունկ համեմատական մըն է եւ արժէքաւոր աղբիւր մը բոլոր ընթերցողներուն համար։
Լոյս տեսաւ «ԿԱՄ» մատենաշարի 3-րդ հատորը
Մարկ Նշանեանի «Բանաստեղծութիւն եւ յեղափոխութիւն» հատորը քով քովի կը բերէ հայ գրականութեան երկու կարեւոր դէմքերու՝ Եղիշէ Չարենցի եւ Վահէ Օշականի քերթողական գործերն ու աշխարհը։



