Լեւոն Արք. Զէքիեան՝ «Սուրբ Մարկոսի Մեծ Դպրանոց»ի Պատուոյ անդամ
31 Յունուար Շաբաթ երեկոյեան, հանդիսաւոր արարողութեամբ մը՝ Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանին շնորհուեցաւ «Սուրբ Մարկոսի Մեծ Դպրանոց»ի Պատուոյ անդամի տիտղոսը։ Տիտղոսը ընծայեց Դպրանոցի Աւագ Հսկիչը՝ Դոկտ. Մարիոյ Փոյ։
Արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Կարօտեալներու Ս. Ղազար եկեղեցին (San Lazzaro dei Mendicanti), ներկայութեամբ դպրանոցի անդամներու եւ բազմաթիւ հիւրերու։
Այս առիթով Գերպ. Զէքիեան մատուցանեց Ս. Պատարագ՝ մասնակցութեամբ Ս. Ղազարու Մխիթարեան Մայրավանքի Հայրերուն ու Եղբայրներուն։ Երգեցողութիւնը ղեկավարեց Ս. Մարկոսի Մայր տաճարի փոխ-խմբավար Մաէստրօ Ճասթին Ռափաչիոլի, որ եօթը հարիւր տարիներէ ի վեր այս պաշտօնին արժանացած առաջին կինն է։
Քարոզին մէջ Գերպ. Զէքիեան անդրադարձաւ Վենետիկի եւ Հայութեան հազարամեայ կապերուն եւ Մխիթար Աբբահօրին վայելած բացառիկ հիւրընկալութեան։ Ան ընդգծեց, որ այս պատիւը կը համարէ ընծայուած Մխիթարեան միաբանութեան եւ անոր ընդմէջէն՝ համայն Հայութեան։

