Գումգաբուի Մայր Եկեղեցւոյ թաղականութեան եւ Նորայր Իշլերի պատկանող «Զելա» ոսկերչատան միջեւ շարունակուող իրաւական պայքարը յաճախ նոր որոշումներով մտահոգութիւն կը յառաջացնէ համայնքային շրջանակներուն մէջ։ Հիմնականին դատարանը անիրաւ գտած էր թաղականութիւնը եւ հատուցում տնօրինած եկեղեցապատկան կալուածներու վաճառքի միջոցաւ։ Ցարդ ճշդուած են եկեղեցիի պատկանող ինը կալուածներ, որոնք աճուրդի ճամբով պիտի վաճառուին Նորայր Իշլերի մատնուած նիւթական վնասը վերացնելու համար։
Թաղական խորհուրդի ատենապետ՝ Հրանդ Մոսկոֆեան «Ակօս»ին յայտնած է թէ կասեցուած է աճուրդի գործընթացը եւ դատական գործընթացը կը շարունակուի։



