Շրջանային վարչութիւններու վերջին ընտրութենէն ետք իշխանութիւնը զանազան եղանակներով կը փորձէ անդամալոյծ դարձնել ընդդիմութեան նուաճած քաղաքապետարանները։
Իսթանպուլի քաղաքապետի անհիմն մեղադրանքներով բանտարկութենէն ետք բոլորին մտքին կառչած հարցում մըն էր թէ՝ հերթը ե՞րբ պիտի հասնի Անգարային։ 23 Սեպտեմբերին այս հարցումն ալ մօտաւորապէս գտաւ իր պատասխանը, ձայներու ջախջախիչ մեծամասնութեամբ ընտրուած Մանսուր Եավաշին իր կուսակցութենէն հրաժարումով։
Անգարայի քաղաքապետ Մանսուր Եավաշ, իր ընկերային ցանցերու հաշիւէն ըրած յայտարարութեամբ, նշեց թէ քաղաքականութեան մէջ որոշ որոշումներ չեն առնուիր բարկութեամբ կամ վիրաւորուածութեամբ, այլ երկար խորհրդածութեամբ, խղճով կշռուած եւ պատասխանատուութիւնը ստանձնած ըլլալով:
Մինչեւ հիմա Ժողովուրդահանրապետական Կուսակցութիւնը նուաստացնող, անոր քուէ տուող մարդոց ամչնալու պատճառ դարձող որեւէ վարուելակերպի մէջ չգտնուած ըլլալը ընդգծելով, Եավաշ ըսաւ թէ ընդհակառակը, Անգարայի մէջ փորձած են ցոյց տալ թէ քաղաքապետութիւնը ինչպէս կարելի է իրագործել առանց խտրութեան, թափանցիկ, հաշուետու կերպով եւ ժողովուրդին դրամը ժողովուրդին համար գործածելով:
Ինքզինք երբեք քաղաքական կուսակցութիւններէն վեր չտեսնելը եւ այս պնդումը լրբութիւն նկատելը յայտնելով, Եավաշ նշեց թէ եթէ Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարական ճանապարհով իշխանափոխութիւն ըլլալու է, անոր ճամբան չ՚անցնիր ընդդիմութեան իրարմով մաշուելէն, այլ՝ ընդհանուր սկզբունքներով քով-քովի գալէն:
«Անկախ պիտի շարունակեմ»
«Նախապէս ըսած էի թէ եթէ կուսակցութեան ներսը իմ անձիս կամ հետեւած կեցուածքիս հանդէպ դժգոհութիւն մը կայ, պիտի ընեմ ինչ որ հարկ է: Եւ այսօր ըրած որոշ յայտարարութիւններու պատճառով, Ժողովրդահանրապետական Կուսակցութեան անդամակցութենէն կը հեռանամ, եւ քաղաքական ուղիս կը շարունակեմ անկախ կերպով»:



