ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
«Դուք երկուքդ ալ բեմի շնորհք ունիք: Ձեր ապագան բեմերու վրայ կ'ըլլայ» ըսած էր թատրոնի մեծանուն գործիչ Յակոբ Այվազ, իր թոռները խրախուսելով: Այդպէս ալ եղաւ, երբ Տէր Նաթան քահանայ հայ հոգեւոր ծիսակատարութեան բեմն է, այսինքն խորանի վրայ, իսկ իր քոյրը մեծ յաջողութեամբ կը պանծացնէ հայ երաժշտութիւնը համերգասրահներու բեմերէն:
Պոլսահայութեան վերջին տարիներուն մատնուած ճղճիմութեան ապացոյցներէն մէկն ալ հանիսատեսի ուշադրութեան անբաւարարութիւնն է սովորական համերգի մը իսկ ծախսերը հոգալու խնդրին մէջ: Այդ իսկ պատճառաւ հետզհետէ անհրաժեշտութիւն դարձած է համերգներ սարքել մեկենասի մը հովանաւորութեամբ: Մարալ Այվազ մերժեց այդ դիւրութիւնը եւ համարձակեցաւ իր ուժերով գլուխ հանել համերգ մը, որ իսկական երաժշտական վայելք մը դարձաւ Նարեկեան սրահը ամբողջովին զբաղեցուցած հանդիսատեսի համար:
Համերգը իր ներկայութեամբ պատուած էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Սահակ Բ, իր կողքին ունենալով Արամ Արքեպիսկոպոսը եւ հոգեւորականաց դասու կարգ նը անդամներ:
Աշուղական, ժողովրդական եւ ժամանակակից երգահաններու 15 երգերէ բաղկացող համերգային ծրագիրը ունէր նաեւ շատ հաճելի անակնկալ մը: Մեներգչուհին յիշելով մօտ անցեալին կայացած Լուսաւորիչ Մանկանց Երգչախումբի համերգը, բեմ հրաւիրեց թերատի կիթարահարուհի Գարուն Ուլուքը, որ հիանալի մեկնաբանութեամբ կատարեց գործ մը, խորապէս տպաւորելով բովանդակ դահլիճը:
Համերգային յայտագիրը գործադրուեցաւ ընկերակցութեամբ նուագախումբի, որուն անդամները համերգի աւարտին ծանօթացուեցան ունկնդրին, արժանանալով ջերմ ծափողջոյններու:
Այսպէս հնչեցին քանոնահար Սեւան Ինյաբանի, ջութակահար Մեթէհան Տատայի, դուդուկահար Չայան Եըլմազի, թմբկահար Սեւան Կարապետեանի, երկրորդ ձայնի կատարումով Սերենա Քոչաք Աւշարօղլուի եւ կիթարահար Արի Հերկելի անունները: Մարալ Այվազ յատկապէս ընդգծեց այս վերջին անունը, յիշեցնելով թէ ներկայացուած բոլոր երգերու գործիքաւորումը կատարուած է իր կողմէ:
Մարալ Այվազ յատուկ շնորհակալութեամբ յիշեց նաեւ Օնուր Շենսոյի եւ Սայաթ Կիւրիւնի անունները, որոնք ստանձնած էին ձայնի եւ լոյսի սարքաւորումը:
Աւարտին Պատրիարք Սրբազան իր խորիմաստ հուսկ բանքի մէջ շնորհաւորելով մեներգչուհին եւ նուագախումբի անդամները, յատուկ գոհունակութեամբ արտայայտուեցաւ Պէյօղլու թաղի ծխական խորհուրդին, որոնց ջանքերով համայնքը վերատիրացաւ նման դահլիճի, ուր յաճախակի կը հիւրընկալէ գեղարուեստական բազմաբնոյթ միջոցառումներ: Նախորդ նախադասութեան մէջ յատկապէս ընդգծուած է «վերատիրացաւ» բառը, քանի այդ դահլիճը նախորդ թաղականութեան շրջանին ալ կար, բայց անհասանելի էր համայնքի շահագործման: Սրբազան Պատրիարքը երախտիքով անդրադարձաւ նաեւ Լուսաւորիչ Երգչախումբի դերակատարութեան, որ իր կարգին երաժշտական դպրոցի մը նշանակութիւնը ունեցած է բազմաթիւ երիտասարդ արուեստագէտի համար: Սրբազանի իւրաքանչիւր մատնանշում կամ հաստատում իսկոյն արձագանգ կը գտներ ծափողջոյններով, իբր ապացոյց համաձայնութեան:
Երգը ի սկզբանէ ուրախ տրամադրութեան արտայայտութիւնն է: Անշուշտ որ կան ողբերգ, մահերգ, սգոյ արտայայտութիւն դրսեւորող երգեր, ինչպէս նաեւ աշխատանքային երգերը կամ օրօրներ, դարձեալ վերահաստատենք, երգի հիմնական արտայայտութիւնը ուրախութիւնն է: Մարալ Այվազ 8 Յունիսի իր մենահամերգով այդ ուրախութիւնը շռայլեց համերգի ներկայ գտնուողներուն, որոնք այդ ուրախ տրամադրութիւնը դէմքերնուն վրայ վերադարձան իրենց տուները:




