Միջազգային իրաւունքի մահը
Համաշխարհային Բ. պատերազմի աւարտին յաղթական դաշնակիցները ստեղծեցին Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը (Մ.Ա.Կ.) իբրեւ վայր մը, ուր պէտք է լուծուէին ազգամիջեան տագնապները, պատերազմները բացառուէին եւ տարակարծութիւնները վերանային խաղաղ բանակցութիւններու ճամբով: Մ.Ա.Կ.-ի 1945 Յունիսին ստորագրուած Ուխտագիրը դարձաւ հիմնաքարը միջազգային օրէնքին. անոր վրայ աւելցան բազմաթիւ այլ միջազգային օրէնքներ, հաստատուած Մ.Ա.Կ.-ի ընդհանուր համագումարին կողմէ: Ի՞նչ կը տեսնենք Մ.Ա.Կ.-ի հիմնադրութենէն ութսուն տարիներ ետք: Պատերազմները չեն դադրած, տարակարծութիւնները աւելցած են, խաղաղ բանակցութիւններով հարցեր լուծելու դէպքերը հազուագիւտ դարձած: Աւելի քան երբեք, աշխարհի բոլոր ցամաքամասերուն վրայ կը յայտնուին տագնապի բոյներ, որոնց մարումին համար Մ.Ա.Կ.-ը անկարողութեան կը մատնուի: Անկարողութեան պատճառը միայն Մ.Ա.Կ.-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ հինգ մնայուն անդամ երկիրներու (Միացեալ Նահանգներ, Ռուսիա, Չինաստան, Մեծն Բրիտանիա եւ Ֆրանսա) վեթոյի իրաւունքը չէ: Իսկական պատճառը համաշխարհային պատերազմէն ետք ազդեցութեան գօտիներու փոփոխութիւնն է, աշխարհի բազմաբեւեռ ղեկավարման մերժումը կարգ մը մեծ տէրութիւններու կողմէ: 51 պետութիւններով ստեղծուած Մ.Ա.Կ.-ը այժմ կը հաշուէ 193 անդամ պետութիւններ, որոնք սկզբունքով ինքնիշխան են եւ անկախ, Մ.Ա.Կ.-ի Ուխտագիրին համաձայն ունին հաւասար իրաւունքներ եւ պարտաւորութիւններ: Այս սկզբունքը կ՛ենթադրէ ազդեցութեան գօտիներու չգոյութիւնը եւ անխտիր բոլոր երկիրներուն, մեծ ու փոքր, գերիշխանութեան յարգումը: Գերիշխանութիւններու յարգումին մերժումը կ՛առաջնորդէ տագնապներու բռնկումին: Տնտեսապէս զօրացած երկիրներ, ոմանք կորսնցուցած իրենց երբեմնի գաղութները, ոչ միայն իրենց արտադրութիւններուն համար շուկաներ կը փնտռեն, այլեւ ազգային անվտանգութեան պաշտպանութեան անհրաժեշտութիւն կը յօրինեն, իրենց սահմաններէն հազարաւոր քիլոմեթրներով հեռաւոր երկիրներու մէջ: Նման արարքներու կը տրուին պատշաճ պատճառաբանութիւններ, ինչպէս` յարգում մարդկային իրաւունքներու, փոքրամասնութիւններու պաշտպանութիւն, ժողովրդավարութեան հաստատում, նոյնիսկ` համաշխարհային խաղաղութեան պահպանում: Միջազգային իրաւունքը դադրած է գործելէ: Այժմ կը գործէ զօրաւորին իրաւունքը: Մ.Ա.Կ.-ի անդամներուն իրաւահաւասարութենէն նշոյլ չէ մնացած: Ինչպէս Համաշխարհային Ա. պատերազմէն ետք ստեղծուած Ազգերու համադաշնակցութիւնը, նոյնպէս Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը վերածուած է անզօրութեան դատապարտուած խօսարանի մը: Լուծումներ կը գտնուին, համաձայնութիւններ կը հրապարակուին, դաշնագիրներ կը կնքուին Մ.Ա.Կ.-ի սկզբունքներու ոտնահարումով, այսինքն` ուժեղին կամքին բռնի կատարումով: Մ.Ա.Կ.-ը ստեղծուած էր համաշխարհային գետնի վրայ յառաջացնելու արդարութեան վրայ հիմնուած խաղաղութիւն: Համաշխարհային ահաւոր աղէտի մը ազդեցութեան տակ հռչակուած խաղաղարար ազնիւ նպատակներով սկզբունքները շուտով տեղի տուին տիրապետելու ախորժակներուն դիմաց: Նախկին ժամանակներու նման կայսրութիւններ չեն ստեղծուիր, հեռաւոր գաղութներ չեն նուաճուիր. այժմ ճնշումներու միջոցով ազդեցութեան գօտիներ կը յառաջանան, ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու նիւթական մատակարարմամբ ամբողջ հաւաքականութիւններ կը ստրկացուին, իշխանափոխութիւններ կը կատարուին: Եթէ «խաղաղ միջոցները ապարդիւն մնան, ի հարկին կը դիմուի բիրտ միջոցներու, աւերումի, պատերազմի: Ընթերցողը չծանրաբեռնելու համար տագնապներու, աղէտներու եւ պատե-րազմներու թւումով, խուսափեցայ օրինակներ տալէ: Ամէնօրեայ լրահոսը լեցուն է այդ օրինակներով: Քաղաքական հարցերու խորագէտ ըլլալու կարիք ալ չկայ տեսնելու համար, որ աշխարհը կ՛եռայ տագնապներով: Առաջարկուած լուծումները, երբեմն նոյնիսկ կայացած համաձայնութիւնները նոր տագնապներու սերմեր կը պարունակեն: Արդարութեան գաղափարը այլեւս քաղաքական հակամարտութիւններու լուծման սկզբունք չէ: Կացութիւն մը կը ստեղծուի այս կամ այն միջոցով, ապա կատարուած իրողութիւնը վաւերացնելու պարտադրանքը հրամայական կը դառնայ: Սկզբունքով հաւասարազօր պետութիւններու անտառին մէջ դժնդակ է փոքր պետութիւններու կացութիւնը: Իրենց անկախութիւնը պահպանելու համար անոնք պէտք է խուսանաւեն անարդար աշխարհի խութերուն միջեւ: Այս կամ այն մեծ տէրութեան հաւատարմութիւնը երաշխիք չի հանդիսանար, եթէ ատիկա մեծ տէրութեան այս ռոպէական շահերուն չի համապատասխաներ: Չէզոքութիւնն ալ լուծում չէ, եթէ չէ համեմուած ազգային շահերու գիտակցութեամբ եւ այդ շահերը պաշտպանելու անկոտրում կամքով:

