Նոյնիսկ լեզուական անհաղորդութեան պայմաններուն, մարդկանց հետ շփուելու արգելքները յաղթահարած տիկին Վեհանոյշ բնականաբար այստեղ ալ պիտի գտնէր նոր բարեկամութիւններ։
Յաճախ կը յիշէր Հոմլէսը։ Անոր հետ մատնուած լեզուական անհաղորդութիւնը նոյնիսկ դրական հետեւանք տուած, մարդու ինքնութեան մէջ, սեփական յիշողութեան մէջ բանտարկած բոլոր ապրումները համաձայնօրէն բառերու վերածուած, ձայն ստացած էին։ Այդ ձայնը, լռութեան դատապարտուած յուշերու, ուրիշներու հետ անբաժանելի միտքերու ազատութիւն գտնելը նոյնիսկ բուժիչ ազդեցութիւն տուած էին։ Հոմլէսը, որ կամաւոր որդեգրած էր լռութիւնը, շատ երկար ժամանակ ետք յաջողեցաւ լսել իր սեփական ձայնը։
Անցեալի վերաբերեալ նման խորհուրդներու մէջ էր, երբ երեկոյեան հանդիպեցաւ պարոն Վարուժանին։ Հագուածքէն յայտնի էր, որ դուսէն կու գար։ Օրուայ մէջ, երբ զբօսնելու համար պարտէզ կ՚իջնէ աւելի սովորական է իր տարազը։ Նոյնիսկ գաւազան ալ չի գործածեր։
«Բարի գալուստ» բարեւին փոխադարձեց զուսպ ժպիտով մը եւ արտօնութիւն ուզեց նոյն նստարանին նստելու համար։ Յետոյ դժգոհեցաւ ծերութեան պատճառած տկարութենէն։ «Դռնէն հոս գալը անգամ յոգնեցուցիչ է այլեւս»։
Վեհանոյշ չէր դժգոհեր ծերութենէն։ Ան ծերութիւնը Աստուծոյ ընծայած պարգեւ կը համարէր։ Այդ պարգեւէ զրկուողները ծերութեան առանց արժանանալուն այս կեանքէն հեռացողներն էին պարզապէս։ Մնացածը ծերութեան պարտադրած անճարակութիւններու համակերպիլն էր։ Եթէ համակերպիս, կը բացայայտես որ կեանքի բոլոր հանգրուանները իրենց յատուկ դիւրութիւններով եւ դժուարութիւններով լեցուն են։
«Ակօսէն կու գամ, պարոն Սարգիս Սերովբեանի քովէն։ Նոր յօդուած մը յանձնեցի։ Այս շաբաթուայ թիւին մէջ լոյս պիտի տեսնէ» վրայ բերաւ պարոն Վարուժան։
Վարուժան Քէօսէեանի յօդուածները հրատարակող «Քուլիս» հանդէսը յիսնամեայ հրատարակութեան շրջանը բոլորելէ ետք, իր հիմնադիրին, պարոն Յակոբ Այվազի որոշումով դադրեցուցած էր հրատարակութիւնը։ Բայց ո՛չ Յակոբ Այվազ, ոչ ալ Վարուժան Քէօսէեան չէին դադրած իրենց գրական արտադրութենէն։
Անոնց համար նոր բեմահարթակ մը դարձած էր Հրանդ Տինքի հիմնած «Ակօս»ին հայերէն էջերը։ Ամէն շաբաթ կ՚այցելէին խմբագրատուն, կը յանձնէին իրենց գրութիւնները եւ կը զրուցէին Սարգիս Սերովբեանի ու հայալեզու էջերու անձնակազմին հետ։
Ապա սկսաւ պատմել իր այսօր լսած տխուր լուրը։ «Գիտէինք թէ Հրանդի տնօրինութեամբ ձրի բաժանորդագրուած են բոլոր այն քաղբանտարկեալները, որոնք դիմում կատարած են թերթը ստանալու համար։ Բայց վերջերս կարգ մը» բանտերու մէջ կայացած որոշումով մը դադրեցուցած են թերթին բանտարկեալներու յանձնումը։ Իբրեւ թէ բանտի վարչութիւնը այդ արգելքը հիմնաւորած է հայերէն էջերը պատճառաբանելով։ «Հայերէն գրաքննիչ չունինք» ըսելով արգիլած են թերթի յանձնումը։
Վարուժան Քէօէեանի պատմուածքները նոր յայտնութիւն էր Վեհանոյշի համար։ Վարուժան նկատեց իր զրուցակիցին հետաքրքրութիւնը եւ շարունակեց։
«Բանտարկութեան առաջին տարին կանոնաւոր կերպով ստացայ «Ակօս»ը։ Իմ բարեկամներէն մէկը զիս բաժանորդագրեր է։ Չէի գիտեր թէ դուք այդ բաժանորդագրութիւնը անվճար կ՚ընէք։ Յաջորդ տարի յանկարծ դադրեցաւ թերթի առաքումը։ Խորհեցայ թէ բաժանորդագրումը չէ նորոգուած եւ դուք ալ դադրեցուցած էք թերթ ղրկելը։ Խնդրին էութիւնը պարզուեցաւ նախորդ ամիս, երբ տնօրինուած ազատազրկումը լրացնելով դուրս եկայ բանտէն։ Պաշտօնեաները ինծի պատկանող անձնական իրերը յանձնելու պահուն վերջին երեք տարիներու կուտակուած «Ակօս»ներն ալ գիրկս տուին։ Այդպէս իմացայ որ դուք ղրկած էք, բայց ես չեմ ստացած։ Հիմա եկած եմ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնելու ձեր այդ բարի կամեցութեան համար»։
«Ինչպէս հիմա դուք, ես ալ յանկարծակի եկայ այս բոլորին կենդանի վկայ ըլլալով։ Ներեցէք, ձեզ ալ ժամավաճառ ըրի, սենեակս երթամ ու ազատուիմ այս պաշտօնական տարազներէն»։
Երբ պարոն Վարուժան համր քայլերով կ՚ուղղէր դէպի այրերու բաժինը, Վեհանոյշ կրկին անգամ հմայուեցաւ երեկոյեան խաղաղութենէն։ Արեւի ճառագայթները ծառերու տերեւներէն թափանցելով կը շարունակէին լուսաւորելու շուրջբոլորը, բայց կիզիչ չէին քանի մը ժամեր առաջուայ նման։ Ճնճղուկներու ճռուողիւնը եկաւ ամբողջացնելու Սուրբ Փրկիչի պարտէզի համայնապատկերը։
Չհնազանդեցաւ պահի անդորրութեան թելադրանքի ու անզգալաբար փակեց աչքերը։ Իսկոյն մտքին խուժեցին բազում հարցումներ։ Ոչ հայը հետաքրքրական ի՞նչ կը գտնէ հայկական թերթի մը մէջ։ Ինչպիսի՞ն է քաղբանտարկեալներու առօրեան արգելանոցի մէջ։ Ստեփան արդեօք զինք կը տանի «Ակօս»ի խմբագրատուն։ Եթէ նոյնիսկ յօժարի տանիլ, ինչպէ՞ս կ՚արդարացնէ այդ այցելութիւնը։ Վերջապէս խմբագրատունը թանգարան չէ որ մարդիկ պարզապէս հետաքրքրութեան բերմամբ այցելեն։
Այս խորհած պահուն չէր կրնար պատկերացնել թէ յատկապէս խմբագրապետի դաժան սպանութենէն ետք խմբագրատունը ինչպիսի ուխտավայրի մը վերածուած էր, ուր ամէն օր բազմաթիւ մարդիկ, հեռաւոր երկիրներէ եւ երկրի տարբեր քաղաքներէ կու գային Հրանդի աշխատասենեակը տեսնելու, անձնակազմի հետ զրուցելու եւ զօրակցութիւն յայտնելու։
Յանկարծ ուշքի եկաւ ուսին դպչող ձեռքով մը։ «Զգուշացէք եղանակը ցրտեց, չըլլայ որ մրսիք ու հիւանդանաք»։ Խնամատար հիւանդապահուհիներէն մէկն էր, որ մթնշաղի անուրջէն դուրս բերաւ Վեհանոյշը։ Ժպիտով մը շնորհակալութիւն յայտնեց եւ Վեհանոյշն ալ ուղղուեցաւ դէպի իր սենեակը, ամայութեան թողելով Ազգին Տան պարտէզը։
(Շարունակելի)




